ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԸ ՄԻՇՏ ՈՒՇԱԴԻՐ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շաբաթավերջին եզրափակուեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, անցեալ շաբթուայ գրեթէ ողջ տեւողութեան տեղի ունեցաւ ԳՀԽ-ի աշխատանքը, որու ծիրէն ներս օրակարգի վրայ եկած է նաեւ «Տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի փոփոխութեան վերաբերեալ նախագիծը։ Ինչպէս ծանօթ է, այս ծիրէն ներս Հայաստանի Ազգային ժողովի երդիքին տակ ծաւալուած են  քննարկումներ եւ կը նախատեսուի յունուարի 5-ը եւ յունուարի 7-ը՝ այսինքն Ս. Ծնունդի Ճրագալոյցն ու Մեռելոցը դարձնել աշխատանքային օր։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը նախապէս հանդէս եկած էր պաշտօնական առաջարկով, որպէսզի այդ օրերը պահուին ոչ-աշխատանքային։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ այս խնդիրը շօշափուած է նաեւ ԳՀԽ-ի նստաշրջանի ընթացքին։ Խորհուրդի ժողովականներուն առընթեր, համապատասխան քննարկումներուն մասնակցած են նաեւ Հայաստանի թեմակալ առաջնորդները։ Արձանագրուեցաւ, որ օրէնսդրական փոփոխութիւններու յիշեալ նախագծին մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի առաջարկը տեղ չէ գտած եւ Հայ Եկեղեցւոյ հետ որեւէ բովանդակային քննարկում տեղի չէ ունեցած։

Այս բոլորի լոյսին տակ ԳՀԽ շեշտած է, որ ազգային, հոգեւոր, պետական շահերու համատեսքին մէջ խելամիտ որեւէ բացատրութիւն չէ ներկայացուած Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի առաջարկը մերժելու եւ յիշեալ թուականները ոչ-աշխատանքային օրերու ցանկէն դուրս բերելու նախաձեռնութեան առընչութեամբ։

Ժողովականները յոյս յայտնեցին, թէ սոյն առաջարկը դրական անդրադարձ կ՚ունենայ խորհրդարանէն ներս եւ հաւատացեալ ժողովուրդը կը կարողանայ ճրագալոյցին եւ մեռելոց յիշատակին, օրուայ խորհուրդի վերապրումով, անարգել իր քայլերը ուղղել դէպի եկեղեցիներ, խունկ եւ աղօթք մատուցել սիրելիներու անմար յիշատակին։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2021