ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՍՐԲԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՕԾՈՒՄ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն։

Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներ, կիսասարկաւագներ եւ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Սեւան Ակօշեանի:

Յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան կարգով յիշատակուեցաւ Մայր Հռիփսիմէ Սրկ. Սասունեան։

Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց եկեղեցւոյ նորոգուած Խաչելութեան սրբանկարը, ինչպէս նաեւ նոր գծագրուած խաչելութեան եւ թաղման սրբանկարները։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թափօրով առաջնորդուեցաւ խորհրդարան, ուր սարքուեցաւ թէյասեղան եւ կարկանդակով նշուեցաւ Նորին Ամենապատուութեան գահակալութեան չորրորդ տարեդարձը։

Երեքշաբթի, Յունուար 16, 2024