ՊԱՀՔԸ ՀՈԳԻԻՆ ՅԱԳԱՑՈՒՄ Է

Մեծ պահոց 17-րդ օրն է:

Այս օրուան խորհրդածութեան համար ընտրած եմ Ղպտի եկեղեցւոյ նախկին Հայրապետին՝ Շնուտա Գ.-ին մէկ նախադասութիւնը, ուր կ՚ըսէ. «Պահեցողութիւնը մարմինին անօթութիւն չէ, այլ՝ հոգիին յագեցում»: Իւրաքանչիւր պահեցող պէտք է գիտակ ըլլայ այս ճշմարտութեան եւ իր ճանապարհորդութեան ընթացքին առ այդ վարուի:

Արդարեւ, եթէ ամբողջ պահեցողութեան ընթացքին յաջողինք մեր մարմինը անօթի պահել, սակայն նոյն ընթացքին չյաջողինք մեր ներքին աշխարհին, այլ խօսքով՝ հոգիին մէջ բան փոխել, կը նշանակէ, թէ մեր պահեցողութիւնը արդիւնք չէ տուած, ընդհակառակը վնաս պատճառած է մեզի: Որովհետեւ մարմինին որոշ սննդակարգ պարտադրելով կամայ թէ ակամայ ինչ որ տեղ, ինչ որ թերութիւն պիտի արձանագրուի ի հաշիւ մարմինի առողջութեան, իսկ այդ բանը հաստատ հաճելի չէ ո՛չ պահեցողին համար, ո՛չ ալ առաւել կերպով Աստուծոյ համար:

Ճշմարիտ պահեցողը մնայուն կերպով Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ կ՚ըլլայ, իսկ երբ Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ է, բնականաբար այնտեղ ո՛չ ցաւ կայ եւ ոչ ալ նեղութիւն: Ֆիզիքական դժուարութիւններ անպայման պիտի ըլլան, որով ատոնք գրաւականն են ներքին խաղաղութեան եւ հանգստութեան: Պայմանաւ որ արտաքին պահեցողութիւնը իրեն ընկերակից ունենայ ներքին՝ հոգիի պահեցողութիւնը, որով կարելի է հասնիլ խաղաղ նաւահանգիստ:

Հետեւաբար, պահեցողութիւնը մարմինի անօթութեան կողքին նաեւ պէտք է ըլլայ հոգիին համար յագեցման միջոց: Այսինքն՝ մարդու հոգին պէտք է այս ընթացքին յաջողի վերականգնել իր անդորրը, պէտք է յաջողի ձերբազատուիլ ամէն տեսակի մեղքերէ, պէտք է աշխատի ձերբազտուելէ ետք մեքերէն անոնց տեղը լեցնէ առաքինութիւններով, որովհետեւ եթէ ձերբազատուած մեղքերը այս ու այն կողմ թափառին ու տեղ չգտնեն օթեւանելու, կրկին անգամ կը վերադառնան իրենց նախկին օթեւանը, եւ եթէ առաքինութիւնները այնտեղ չըլլան՝ դարձեալ կը մտնեն ու այս անգամ այդ անձին վիճակը քառապատիկ աւելի վատ կ՚ըլլայ քան նախկին վիճակը (հմմտ. Մտ 12.43-45): Եթէ յաջողինք առաքինութիւններով լեցնել մեր հոգին, այդ պարագային մեր հոգին յագեցած կ՚ըլլայ, որովհետեւ այդտեղ թագաւորողը Աստուած ի՛նքն է:

Տասնեօթներորդ օրուան մարտահրաւէր. ամէն կերպ աշխատիլ մեր հոգին յագեցնել առաքինութիւններով, որպէսզի մեղքը առիթ չունենայ սողոսկելու մեր հոգիներէն ներս:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Մարտ 16, 2022