ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն՝ Սուրբ Վլա­տի­միր Ուղ­ղա­փառ ճե­մա­րա­նի տե­սուչ Տքթ. Ճոն Քհնյ. Պե­ռին, ո­րուն կ՚ու­ղեկ­ցէր Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մեր­ի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի Ս. Ներ­սէս ըն­ծա­յա­րա­նի տե­սուչ Տ. Մար­տի­րոս Ա. Քհնյ. Չե­ւեան։

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը գո­հու­նա­կու­թեամբ անդ­րա­դար­ձաւ Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի եւ Ս. Վլա­տի­միր ուղ­ղա­փառ ճե­մա­րա­նի մի­ջեւ ձե­ւա­ւո­րուած կա­պե­րուն։ Ան հա­մո­զուած է, թէ սա եր­կու կող­մե­րուն ալ նպաստ պի­տի բե­րէ կրթա­կան գոր­ծըն­թա­ցի ար­դիւ­նա­ւէտ կազ­մա­կերպ­ման եւ փոր­ձա­ռու­թեան փո­խա­նակ­ման տե­սան­կիւ­նէն։

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ Հայ Ե­կե­ղե­ցիէն ներս հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան եւ ի­րա­կա­նա­ցուե­լիք զա­նա­զան հո­գե­ւոր-կրթա­կան ծրագ­րե­րուն։

Ուրբաթ, Յունիս 17, 2016