ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԱՅԻՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական գրադարանային ընկերակցութեան անդամները։ Ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչութեան բաժնի եւ «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեան։

Հանդիպման սկիզբին Տէր Հայրը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց հիւրերը՝ ընդգծելով, որ անոնք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելած են Գիրք նուիրելու օրուան ընդառաջ՝ ստանալու համար Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժնի եւ Հայկական գրադարանային ընկերակցութեան միջեւ ձեւաւորուած համագործակցութեան։

Վեհափառ Հայրապետը հիւրերուն փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը, նաեւ մաղթեց արդիւնաւոր առաքելութիւն՝ ընթերցասիրութիւնը զօրացնելու եւ հայորդիները գրական ժառանգութեան հաղորդ դարձնելու ճանապարհին։ Նորին Սրբութիւնը բարձրօրէն գնահատեց գրադարաններու գործունէութիւնը՝ ի նպաստ հայորդիներու կրթութեան եւ հոգեկերտուածքի ձեւաւորման՝ հաստատելով նաեւ, որ գիրքը մարդու կեանքի լաւագոյն ուղեկիցն է։ Նորին Սրբութիւնը այս առումով արձանագրեց, որ Եկեղեցին մշտապէս կանգնած է գրականութեան ստեղծման, սերունդներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան ակունքներուն։

Իր կարգին, ընկերակցութեան նախագահը՝ Երեւանի «Խնկոյ ապոր» ազգային մանկական գրադարանի տնօրէնուհի Ռուզան Տօնոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին ընդունելութեան համար, տեղեկութիւններ փոխանցեց ընկերակցութեան հիմնադրման, գործունէութեան եւ ծրագիրներուն շուրջ։

Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան գրադարաններու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, անոնց յաղթահարման, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ համագործակցութեան ընդլայնման հաւանական ուղիները։

Երկուշաբթի, Փետրուար 19, 2024