ՆԷՕՇԱԹԵԼԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ

Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ թեմէն ներս այս շրջանին կը նկատուի աշխուժութիւն։ Այսպէս, շաբաթավերջին Նէօշաթելի եւ շրջանի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի 7 անդամներուն ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ, ինչ որ մանաւանդ՝ համավարակով պայմանաւորուած ընդհանուր լռութեան շրջանէ մը վերջ ծիսական գործունէութեան վերաշխուժացման կարեւոր նախադրեալ մըն է։ Նորաստեղծ ծուխի խորհուրդը ունի եօթ անդամ։

Զուիցերահայոց Առաջնորդական տեղապահ Տ. Գուսան Վրդ. Ալճանեանի նախագահութեամբ, անցեալ կիրակի Նէօշաթելի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ խաղաղական եւ հանգստեան ժամերգութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Յաջորդած անդամական ընդհանուր ժողովին ժամանակ օրակարգի վրայ եկան նոր ծուխի կանոնադրութեան վերջնականացման վերաբերեալ հարցեր։ Ապա ծխական խորհուրդի անդամները ընտրուեցան՝ պատշաճ ընթացակարգով։ Զուիցերիոյ Առաջնորդարանի դիւանի հաղորդումներով, Տ. Գուսան Վրդ. Ալճանեան այս առթիւ շնորհաւորեց ծխական նորընտիր վարիչները եւ «Պահպանիչ» աղօթքով անոնց փոխանցեց իր օրհնութիւնը։

Նորընտիր ծխական խորհուրդի ատենապետի պաշտօնը վստահուած է Խաչիկ Սրկ. Գարայակոբեանի։ Ատենադպրուհին է՝ Թալին Մենէճեան։

Տ. Գուսան Վրդ. Ալճանեան ժողովի ընթացքին ընթերցեց ծուխի կանոնադրութիւնը, որ անդամական ընդհանուր ժողովի միաձայն հաւանութեան արժանացաւ։

Մօտաւոր անցեալին Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի կազմն ալ վերանորոգուած էր։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2021