ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական բարձր տնօրինութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարձր պաշտօնատարներու շարքին երէկ կատարուեցան կարգ մը փոփոխութիւններ։ Այսպէս, Տ. Մուշեղ Եպիսկոպոս Պապայեան Վեհափառ Հայրապետին կարգադրութեամբ ազատուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետի եւ Մայրավանքի տեսուչի պարտականութիւններէն։ Նորին սրբազնութիւնը նշանակուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն։ Հարկ է յիշեցնել, որ ան լուսարարապետ նշանակուելէ առաջ ալ կը գլխաւորէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վարչատնտեսական բաժինը։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը որեւէ մանրամասնութիւն չհաղորդեց, թէ լուսարարապետի պաշտօնին մէջ ո՞վ պիտի յաջորդէ Տ. Մուշեղ Եպիսկոպոս Պապայեանին, որ վերջին տարիներուն այդ պաշտօնը կը կատարէր ձեռնհասօրէն։

Բաց աստի, Վեհափառ Հայրապետը Տ. Ղուկաս Աբեղայ Հոխանեանը ծառայութեան կոչեց Եգիպտոսի հայոց թեմ, իսկ Տ. Արտակ Քահանայ Միրզոյեանն ու Տ. Սեպուհ Քահանայ Պաղտասարեանը՝ Իրաքի հայոց թեմ։ Նորին Սրբութիւնը Տ. Ղեւոնդ Աբեղայ Սաղաթելեանը ազատեց Իրաքի հայոց թեմի պարտականութիւններէն եւ զայն ծառայութեան կոչելու համար ետ կանչեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2024