Չորեքշաբթի 27, Նոյեմբեր 2024
ԱՄՍԱՎԵՐՋԻՆ՝ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ
Գումգաբուի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասէն Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան յառաջիկային մասնաւոր վարդապետական աստիճան պիտի ստանայ։ Ան «Կրօնական հանդէսներ եւ «Հայ խօսնակ» ամսաթերթը իր նիւթերով» խորագրեալ աւարտաճառ մը յանձնած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին։ Նորին Ամենապատուութեան տնօրինութեամբ, հայր սուրբը վերջին օրերուն աւարտաճառը ներկայացուցած է Կրօնական ժողովի նիստին։
Կը նախատեսուի, որ ներկայ ամսավերջին Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանի վարդապետի աստիճանի տուչութիւնը տեղի ունենայ Ս. Աստուածածին Մայր եկեղեցւոյ մէջ։
Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2024
Եկեղեցական
- 11/27/2024