ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱԹՈՌԻ ԳԱՀԱԿԱԼԸ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Իգնատիոս-Եփրեմ Բ. Պատրիարքին հետ։ Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով՝ տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Աթշանէի վանքին մէջ։

Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ միջեկեղեցական համագործակցութեան հրամայականին՝ յատկապէս Միջին Արեւելքի դիմագրաւած առկայ մարտահրաւէրներու լոյսին տակ։ Անոնք կանգ առին նաեւ Նիկիոյ Տիեզերական առաջին սուրբ ժողովի 1700-ամեակը նշելու նպատակով ձեռնարկուած աշխատանքներուն վրայ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2024