«ՅԻՍՈՒՍ ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԱՀՔ ՊԱՀԵՑ, ԵՐԲ ԻՆՔ ՊԷՏՔ ՉՈՒՆԷՐ ՊԱՀՔ ՊԱՀԵԼՈՒ»

Մեծ պահքի երեսունիններոդ օրն է:

Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Սուրբ Կիւրող Աղեքսանդրացի Հայրապետին՝ Յիսուս ինչո՞ւ պահք պահեց, երբ Ինք պէտք չունէր պահք պահելու խորագիրը կրող կարճ գրութիւնը: Այսպէս.

Ան, անապատին մէջ հոգիով բնակեցաւ, այսինքն՝ հոգեպէս, որովհետեւ պահք պահեց առանց արտօնելու Ինքնիրեն որեւէ ուտելիք, որքան ալ անհարժեշտ ըլլար մարմինին։ Այստեղ, կրնայ ձեզմէ ոեւէ մէկը հակառակիլ, ըսելով.

«Ի՞նչ վնաս կ՚ըլլար Յիսուսի եթէ մարդաշատ շրջանի մէջ ապրէր (այդ շրջանը)։ Եւ ի՞նչ օգտու կու գար Անոր՝ անապատային շրջան ընտրելով։ Տակաւին, ինչո՞ւ պահք պահեց։ Ի՞նչ էր անհրաժեշտութիւնը որ ստիպեց Ինքզինքին յոգնութիւն, երբ Ան յոռի ոչ մէկ զգացում կամ ցանկութիւն չի՛ գիտեր»։

Իմաստը այս բոլորին, որպէսզի մեր աչքերը յառէ Իր գործերու օրինակին, եւ հիմնէ կեանքի աւելի լաւ եւ աւելի համակրելի ձեւ մը։

Այս ձեւը տակաւին մեր մէջ կը գործածուի, նկատի ունիմ վանականներու կեանքը, որովհետեւ մարդիկը ինչպէ՞ս կրնան գիտնալ, թէ անապատային կեանքը իրենց համար օգուտ կ՚ըլլայ եւ առաւելութիւն է փրկութեան համար. որովհետեւ իրենք իրենց հետ կ՚ըլլան, զգուշանալով -եթէ կարելի է ըսել- ալեկոծումներէ, փոթորիկներէ ու ամէն տեսակի իրարանցումներէ ու դատարկ խառնաշփոթութիւններէ, որ այս աշխարհին կը պատկանին, այդպիսով անոնք կը նմանին Յովսէփին, ամէն ինչէ կը մերկանան եւ աշխարհին կը վերադարձնեն ամէն ինչ, որ աշխարհին կը պատկանի։

Անոնք որոնք կ՚ուզեն այդպէս ապրիլ, իմաստուն Պօղոսը կ՚ըսէ. «Եւ անոնք որոնք Քրիստոսի կը պատկանին՝ իրենց մարդկային կիրքերն ու ցանկութիւնները խաչին վրայ մահացուցին» (Գղ 5.24)։ Ան ցոյց կու տայ անոնց, որոնք կեանքի այս ձեւը ընտրեցին, թէ ամէն ինչէ հրաժարիլը կարեւոր է, եւ ատոր պտուղը պահքն է եւ ուժը՝ տոկալու եւ անձը զսպելու. այսպիսով սատանան կը յաղթուի երբ պատերազմի այդպիսիներուն դէմ։

Այստեղ սակայն պէտք է զգուշութեամբ նայինք, թէ ի՛նչ ըրաւ Յիսուս։ Նախ՝ մկրտուեցաւ եւ Սուրբ Հոգիով լեցուեցաւ, յետոյ առանձնացաւ անապատին մէջ, ապա սկսաւ ճգնութեան, այսինքն՝ պահքի, որպէս զէնք։ Այսպիսով Ան պատրաստ էր երբ սատանան մօտեցաւ Իրեն, եւ վերադարձուց զայն ուրկէ որ եկած էր։ Այդպիսով մեզի հետեւելի օրինակ մը ձգելով: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 21, 2024