ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՐԵՒԱԳԱԼ

Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի արարողութիւն՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Լեւոն Սրկ. Գույումճեան։ Քաղաքիս զանազան թաղերէն ուխտաւորներ լեցուցած էին գողտրիկ եկեղեցին, ուր հետեւեցան հոգեզմայլ շարականներու երգեցողութիւններուն։ Արեւագալի արարողութեան աւարտին կատարուեցաւ նաեւ Խաչահանգիստ։

Ատենապետ Լեւոն Շատեանի կողմէ գլխաւորուած Կղզեաց թաղային խորհուրդն ալ ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուաւ բոլոր ուխտաւորներուն, որոնց բարեմաղթանքներ յղեց մօտալուտ Ս. Զատկի առթիւ։

Հինգշաբթի, Մարտ 21, 2024