ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի կրթական հիմնախնդիրներուն վերաբերեալ քննարկում մը։ Բացի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կրթական յանձնախումբի հոգեւոր ու աշխարհական անդամներէն, այս քննարկման մասնակցեցան երկրի կրթական հաստատութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներ, յայտնի մտաւորականներ ու մասնագէտներ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ քննարկուեցան հանրակրթութեան բնագաւառէն ներս Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան կողմէ նախաձեռնուած փոփոխութիւններուն վերաբերեալ հարցեր։

Մասնակիցները վերահաստատեցին հանրակրթութեան պետական եւ առարկայական չափորոշիչներու եւ ծրագրերու վերաբերեալ արտայայտուած վերապահումները՝ մասնաւորապէս անդրադարձան «Հայոց պատմութիւն» առարկայի 7֊րդ դասարանի նոր դասագրքին։ Արձանագրուեցաւ, որ դպրոցական յիշեալ ձեռնարկին մէջ տեղ գտած են հայեցակարգային, մեթոտաբանական, գիտական՝ ներառեալ եկեղեցագիտական ու կարեւորագոյն այլ բնոյթի կոպտագոյն սխալներ ու բացթողումներ։ Խոր մտահոգութեամբ արձանագրուեցաւ, որ դասագրքին մէջ առարկայականութեամբ ու պատշաճ ծաւալով ներկայացուած չեն ազգային, պետական ու հոգեւոր կեանքի պատմական կարեւոր իրադարձութիւնները, կերպարներն ու խորհրդանիշները։

Ելնելով արտայայտուած վերապահութիւններէն՝ քննարկման մասնակիցները ընդգծեցին, որ աղճատուած եւ սխալաշատ այս դասագրքի ուսուցմամբ պիտի խաթարուի սերունդներու ազգային դաստիարակութեան ու կրթութեան կարեւորագոյն առաքելութիւնը։

Անհրաժեշտ համարուեցաւ, որպէսզի Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնը դուրս բերէ վերոյիշեալ դասագիրքը դպրոցներու մէջ գործածութենէ եւ ձեռնամուխ ըլլայ նոր դասագրքի մը ստեղծման՝ այս գործընթացին ներգրաւելով պատմաբաններ, եկեղեցականներ եւ գիտակրթական հաստատութիւններու ու մասնագիտական հանրոյթի պատասխանատու ներկայացուցիչներ։

Կարեւոր նկատուեցաւ, որ կրթական ոլորտի՝ մասնաւորաբար հայագիտութեան խնդիրներու վերաբերեալ պարբերաբար կազմակերպուին նմանօրինակ քննարկումներ՝ ներդրում ապահովելու համար յիշեալ բնագաւառի հիմնախնդիրներու կարգաւորման եւ որակեալ կրթութեան ապահովման։

Քննարկումը աւարտին հասաւ Վեհափառ Հայրապետի՝ մասնակիցներուն ուղղեալ գնահատանքի եւ օրհնութեան խօսքով։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2023