ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առթիւ, շաբաթավերջին, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տօնական արարողութիւններ տեղի ունեցան։ Նկատելով որ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը չէր տօնախմբուած, Ս. Պատարագի մատուցմամբ թէ՛ կղզիի փոքրաթիւ ժողովուրդը եւ թէ ուխտաւորներ առիթն ունեցան ապրելու հոգեւոր ուրախութեան։
Արարողութեանց հանդիսապետեց եւ Ս. Պատարագը մատուցանեց՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուի առաջնորութեամբ ուխտաւոր հաւատացեալներու կողմէ։ Եկեղեցի փութացած հաւատացեալ ժողովուրդի միատեղ երգեցողութիւնը ա՛լ աւելի ոգեւորեց տօնական մթնոլորտը։ Արարողութեան ներկայ եղաւ նաեւ Կղզեաց քաղաքապետ Աթիլլա Այթաչ։
Տէրունական աղօթքէն առաջ պատարագիչ Հայր Սուրբը քարոզեց եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ այս տարի Ս. Ծննդեան աւետիսը կ՚արձագանգէր նաեւ Գնալը կղզիի Ս. Եկեղեցւոյ մէջ։ Շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ ուխտաւորներուն եւ ապա շարունակեց իր խօսքերը. «Աստուած բնութեան մէջ երբ ստեղծեց կեանքը, աստուածային պատկերի նմանութեամբ գոյութիւն ունեցաւ մարդը, որպէս լաւագոյնը՝ ստեղծուածներուն։ Կենդանիներ իրենց բնազդով գործեցին եւ միշտ հնազանդեցան Աստուծոյ սահմանած բնութեան կանոններուն։ Մինչ մարդուն տրուեցաւ հնազանդելու եւ կամ չհնազանդելու կարողութիւնը, քանի որ մարդը ստեղծուած էր ազատ կամքով եւ օժտուած էր որոշելու կարողութեամբ։ Ան, երբ ազատ կամքը Աստուծոյ կամքին հակառակ գործածեց, արտաքսուեցաւ «բարի» եւ «կեանք լեցուն» բնութենէն։ Բայց, Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեամբ եւ Աստուածայայտնութեամբ յայտնուեցաւ Աստուծոյ ներողամտութիւնը։ Բեթղեհէմի մէջ ծնած մանուկը՝ անգամ մը եւս յիշեցուց, թէ մարդը արժէքաւոր է այս բնութեան մէջ եւ եթէ Աստուծոյ կանոններուն հնազանդի՝ կրկին պիտի դառնայ ստեղծուածներուն ամենէն արժէքաւորը։ Փրկութիւնը ծնունդ կ՚առնէ ներողամտութենէն, իսկ ներողամտութիւնը՝ սէրէն»։ Իր խօսքերու աւարտին ան մաղթեց որ, Յայտեալ Փրկչի օրհնութիւնն ու խաղաղութինը ներկայ ըլլայ իւրաքանչիւր հաւատացեալի ընտանեկան յարկէն ներս։
Արարողութեան աւարտին կատարուեցաւ նաեւ ջրօրհնէքի արարողութիւն։
Ս. Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ դարաւանդին վրայ ներկաներ հիւրասիրուեցան տեղւոյն թաղային խորհուրդին կողմէ։ Այս առթիւ արտայայտուեցաւ քաղաքապետ Այթաչ եւ շնորհաւորեց կղզեցի հաւատացեալներուն Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը։ Մաղթեց, որ իւրաքանչիւր աղօթք նպաստէ երկրի խաղաղութեան համար։ Իր կարգին, Թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան եւս արտայայտուեցաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետին, որ բարի եղած էր միանալու հաւատացեալներու ներկայութեան եւ բաժնեկից դառնալու տօնական մթնոլորտին։
Խանդավառ մթնոլորտէ յետոյ թաղային խորհուրդի սենեակին մէջ կատարուեցաւ Ս. Ծննդեան տնօրհնէքի արարողութիւն, որով օրհնուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի, Ս. Ներսէսեան Դպրաց Դասու եւ Կազդուրման կայանի անդամներն ու սպասաւորները։ Արարողութեան աւարտին ներկաներ այցելեցին նաեւ Գնալը կղզիի գերեզմանատունը, ուր կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ եկեղեցւոյ վախճանեալ հոգեւոր սպասաւորներուն եւ Իշխանաց կղզիներու հանգուցեալ հաւատացեալներուն հոգւոցն ի հանգիստ։