ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, Ծաղկազարդի առթիւ երէկ տեղի ունեցան փայլուն տօնակատարութիւններ՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ մատոյց Ս. Պատարագը եւ տուաւ օրուան քարոզը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ դպրաց դասու անդամներուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։ Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ մանուկներու օրհնութեան կարգ։ Փոքրիկ հաւատացեալները տօնակատարութիւններու այս փուլին մասնակցեցան՝ ձիթենիի ճիւղերն ի ձեռին։ Հանդիսադիր հայր սուրբը ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուաւ անոնց նկատմամբ եւ բոլորին փոխանցեց իր օրհնութիւնները։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ բակին մէջ խումբ մը երիտասարդներ ներկայացուցին նաեւ հայկական աւանդական պարեր։

Երկուշաբթի, Մարտ 25, 2024