ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԹԷՇԵԱՆԻ ՔԱՐՈԶԸ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ Ապ­րի­լի 24-ին առ­թիւ Ա­թո­ռա­նիստ Մայր Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցուած Ս. Պա­տա­րա­գին առ­թիւ խօ­սե­ցաւ հե­տե­ւեալ քա­րո­զը։ Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք Պատ­րիար­քա­րա­նի կող­մէ թո­ղար­կուած պաշ­տօ­նա­կան բնա­գի­րը։

ՔՐԻՍ­ՏՈՍ ՅԱ­ՐԵԱՒ Ի ՄԵ­ՌԵ­ԼՈՑ

Գո­հու­թիւն եւ փառք Ա­մե­նա­կա­լին Աս­տու­ծոյ, որ կը շա­րու­նա­կենք վա­յե­լել մեր Տի­րոջ եւ Փրկչի Յի­սու­սի Քրիս­տո­սի Սուրբ Յա­րու­թեան տա­ղա­ւա­րի ցնծու­թիւ­նը։ Կը շա­րու­նա­կենք ձայ­նակ­ցիլ հրեշ­տակ­նե­րուն, ո­րոնք վի­մա­փոր գե­րեզ­մա­նի դրան քա­րը գլո­րե­ցին եւ յայ­տա­րա­րե­ցին, թէ «Քրիս­տոս, խա­չուած Նա­զով­րե­ցին չէ աստ, այլ՝ յա­րեաւ»։ Հ­րեշ­տա­կա­ւանդ ա­ւե­տի­սով կը շա­րու­նա­կենք խան­դա­վա­ռուիլ եւ լիա­հա­գագ գո­չել. «Քրիս­տոս յա­րեաւ ի մե­ռե­լոց. մա­հուամբ զմահ կո­խեաց եւ յա­րու­թեամբն իւ­րով, մեզ զկեանս պար­գե­ւեաց»։ Փա՜ռք Քրիս­տո­սի ա­մե­նա­զօր յա­րու­թեան։ Փա՜ռք Աս­տու­ծոյ, որ ա­ռի­թը ու­նինք տիե­զեր­քի պատ­մու­թեան մե­ծա­գոյն յաղ­թա­նա­կը տօ­նե­լու։ Ա­մե­նաս­տեղծ Աս­տու­ծոյ Խօս­քին մարմ­նա­նա­լը, մար­դա­նա­լը, կա­տա­րե­լա­պէս ծնի­լը, մկրտու­թիւ­նը, սա­տա­նա­յէ փոր­ձուի­լը եւ այդ փոր­ձու­թե­նէն յաղ­թա­կան դուրս գա­լը, փրկու­թեան ա­ւե­տի­սը մար­դոց ոտ­քը տա­նի­լը, հրաշք­ները, ի վեր­ջոյ չար­չա­րուի­լը, խա­չուի­լը, թա­ղուի­լը եւ եր­րորդ օ­րը յա­րու­թիւն առ­նե­լը, փա­ռա­ւո­րեալ մարմ­նով ե­րե­ւում­նե­րը, համ­բար­ձու­մը դրուագ­ներ են, ո­րոնց ե­թէ կը մօ­տե­նանք եւ բո­լո­րով սրտիւ կ­­՚իւ­րաց­նենք կա­տա­րեալ հա­ւատ­քով, կը վա­յե­լենք Աս­տուա­ծա­յին տնօ­րի­նու­թեանց օրհ­նու­թիւն­նե­րը իրենց ամ­բողջ լիու­թեամբ եւ բաժ­նե­կից կը դառ­նանք Քրիս­տո­սի յաղ­թա­նա­կին, որ առ­հա­ւատ­չեան է  բո­լո­րիս խոս­տա­ցուած յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի եր­ջան­կու­թեան։

Այ­սօր Սուրբ Խա­չի Ե­րեւ­ման Տօն է։ Պատ­մա­կան դէպք մը յի­շա­տա­կե­լու օր է։ Կիւ­րեղ Ե­րու­սա­ղէ­մա­ցի սուրբ հայրա­պե­տի շրջա­նին, 351-ի Մա­յիս ամ­սուան մէջ, Ե­րու­սա­ղէ­մի երկ­նա­կա­մա­րին վրայ Սուրբ Խա­չի նշա­նը կ­­՚ե­րե­ւի, տա­րա­ծուե­լով Գող­գո­թա­յէն մին­չեւ Ձի­թե­նեաց լե­ռը: Այս սքան­չե­լի ե­րեւ­ման ա­կա­նա­տես­նե­րը ե­ղան Ե­րու­սա­ղէմ բնա­կող քրիս­տո­նեայ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ։ Խա­չին լոյ­սին քով տկա­րա­ցան ա­րե­ւու ճա­ռա­գայթ­նե­րը։ Հա­ւա­տա­ցեալ­ներ ե­կե­ղե­ցի­ներ փու­թա­ցին եւ ի­րենց վա­յե­լած այս սքան­չե­լի  տե­սա­րա­նին հա­մար գո­հու­թիւն եւ փառք տուին Երկ­նա­ւոր Հօր։ 

Ո­մանք կրնան մտա­ծել, թէ Յա­րու­թեան սքան­չե­լի խոր­հուր­դին նուի­րուած քա­ռաս­նօ­րեայ շրջա­նին, ե­կե­ղե­ցին ին­չո՞ւ պահ մը կը յի­շեց­նէ Խա­չի խոր­հուր­դը։ Պէտք է ի մտի ու­նե­նալ, որ Խա­չի խոր­հուր­դը ան­բա­ժան է յա­րու­թեան խոր­հուր­դէն։ Ա­ռանց Գող­գո­թա­յի, ա­ռանց Խա­չի չկայ յա­րու­թիւն։ Ե­թէ կը հա­ւա­տանք, թէ Քրիս­տո­սի Սուրբ Յա­րու­թեամբ մե­զի նոր կեանք պար­գե­ւուած է, այդ կը պար­տինք Քրիս­տո­սի կա­մա­ւոր Սուրբ Պա­տա­րա­գին, ո­րով Խա­չի վրայ թա­փուած Սուրբ Ա­րեամբ ո­ռոգուե­ցաւ մա­հուան ա­նէծ­քին են­թար­կը-ւած եր­կի­րը, հա­լե­ցաւ մեղ­քը, հա­լա­ծուե­ցան չար ո­գի­նե­րը, ջնջուե­ցան յան­ցանք­նե­րը, խզուե­ցան կա­պե­րը, խոր­տա­կուե­ցան շղթա­նե­րը։ Եւ մար­դուն հա­մար բա­ցուե­ցաւ լու­սա­ւոր եւ բա­րիք­նե­րով ու յոյ­սով լե­ցուն կեան­քի մը ճա­նա­պար­հը։ 

Սուրբ Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ, Թե­սա­ղո­նի­կէի ժո­ղո­վա­րա­նին մէջ երբ կը քա­րո­զէր, Սուրբ Գիր­քէն վկա­յու­թիւն­ներ կը բե­րէր, եւ այդ վկա­յու­թիւն­նե­րով ցոյց կու տար, թէ նա­խա­տե­սուած էր Քրիս­տո­սի չար­չա­րանք կրե­լը եւ մե­ռել­նե­րէն յա­րու­թիւն առ­նե­լը։  Այդ բո­լո­րէն յե­տոյ հա­մար­ձա­կօ­րէն կը յայ­տա­րա­րէր ըսե­լով. «Այն Յի­սու­սը զոր ես ձե­զի կը քա­րո­զեմ, ան է Քրիս­տո­սը, խոս­տա­ցուած Փրկի­չը»։ Այս քա­րո­զու­թիւ­նը ա­ռիթ ըն­ծա­յեց, որ շա­տեր հա­ւա­տան եւ յա­րին Պօ­ղո­սի եւ Շի­ղա­յի։ Սա­կայն այդ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու ա­ռըն­թեր մէջ­տեղ ե­լան հա­կա­ռա­կորդ­ներ եւ ջա­նա­ցին մրո­տել Ա­ւե­տա­րա­նի քա­րո­զութեան նուի­րուած ան­ձե­րը։ Սա­կայն Քրիս­տոս հրա­հան­գած էր իր ա­ռա­քեալ­նե­րուն՝ ը­սե­լով. «Գա­ցէք, ա­շա­կերտ դար­ձու­ցէք բո­լոր ազ­գե­րը, մկրտե­ցէք զա­նոնք Հօր, Որ­դիին եւ Սուրբ Հո­գիին ա­նու­նով, սոր­վե­ցու­ցէք ա­նոնց պա­հել այն ա­մէ­նը, ինչ որ պա­տուի­րե­ցի ձե­զի…»։

Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ, Ս. Խա­չի Ե­րեւ­ման սքան­չե­լի տե­սա­րա­նը վա­յե­լող­նե­րու բազ­մու­թիւ­նը, ինք­նին ցու­ցիչն է, թէ Քրիս­տո­սի Ա­ւե­տա­րա­նին քա­րո­զու­թիւ­նը հա­կա­ռակ ա­մէն հա­կա­ռա­կու­թեան տեղ գտած էր մար­դոց սրտե­րուն մէջ։ Եւ ա­ռա­քե­լու­թեան այս յա­ջո­ղու­թեան մէջ ստոյգ էր Քրիս­տո­սի տուած հա­ւաս­տի­քին զօ­րու­թիւ­նը. «Ես ձե­զի հետ եմ բո­լոր օ­րե­րը՝ մին­չեւ աշ­խար­հի վախ­ճա­նը»։

Փա՜ռք Աս­տու­ծոյ, մեր ժո­ղո­վուր­դը գիտ­ցած է Խա­չին եւ Խա­չեալ Աս­տուա­ծորդ­ւոյն մե­ռել­նե­րէն յա­րու­թեամ­բը դա­տար­կա­ցած գե­րեզ­մա­նին նա­յիլ հա­ւատ­քով։ Խա­չին մէջ տե­սաւ իր կեան­քի ա­պա­ւէ­նը, իսկ պա­րապ գե­րեզ­մա­նին մէջ տե­սաւ կեան­քի անս­պառ ա­ւի­շը։ Խա­ւա­րէն դէ­պի լոյս անց­նե­լու միակ մի­ջոցն է Քրիս­տոս։ Ա­նո­րո­շու­թեան, մի­գա­մած մի­ջա­վայ­րէն կա­րե­լի է դուրս գալ Քրիս­տո­սի Կեան­քի Խօս­քը, որ­պէս կեան­քի կողմ­նա­ցոյց ըն­կա­լե­լով։ Կ­­՚ու­զե՞նք ա­պա­հով ուղ­ղու­թեամբ ըն­թա­նալ։ Նա­յինք Խա­չին, հոն պի­տի տես­նենք մեզ գրկա­բաց ըն­դու­նե­լու պատ­րաստ Քրիս­տո­սը, Աս­տու­ծոյ մե­ղա­ւոր մար­դուն նկատ­մամբ սնու­ցած սի­րոյն խո­րու­թիւ­նը, Աս­տու­ծոյ փրկա­գոր­ծու­թեան ծրագ­րին բարձ­րու­թիւ­նը։ Կ­­՚ու­զե՞նք լու­սա­ւոր կեանք ու­նե­նալ, նա­յինք պա­րապ գե­րեզ­մա­նին, հոն պի­տի լսենք յա­րու­թեան ա­ւե­տի­սը։ Հոն պի­տի սոր­վինք, թէ Քրիս­տոս մե­զի հետ պի­տի ըլ­լայ երբ մենք զԱյն ապ­րեց­նող, Ա­նոր ներ­կա­յու­թիւ­նը յայտ­նա­բե­րող գոր­ծե­րով կը պա­րա­պինք։ Քրիս­տոս մեզ կը հրա­ւի­րէ, որ «աշ­խար­հի աղ եւ լոյս ըլ­լանք, մեր լոյ­սը փայ­լի մար­դոց առ­ջեւ, որ­պէս­զի մեր բա­րի գոր­ծե­րը տես­նեն եւ փա­ռա­ւո­րեն մեր Հայ­րը, որ եր­կինքն է» (Մատ­թէոս, 5.13-16)։ Մեր նոր կեան­քը կը պար­տինք Քրիս­տո­սի։ Աստուա­ծոր­դին մե­ռաւ, որ­պէս­զի մենք ապ­րինք։ Ե­թէ մենք կ­­՚ապ­րինք, պէտք է դուրս գանք մեր ան­հա­տա­կան ե­սին մէջ ապ­րե­լէ եւ ապ­րինք Ա­նոր հա­մար, որ մե­զի կեանք տա­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ մե­ռաւ եւ յա­րու­թիւն ա­ռաւ։ Աս­տուած մեզ հաշ­տե­ցուց ի­րեն հետ Քրիս­տո­սի մի­ջո­ցաւ։ Մենք կը հրա­ւի­րուինք Քրիս­տո­սի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը ըլ­լա­լու եւ այդ պատ­գա­մա­ւո­րու­թեամբ կոչ ուղ­ղե­լու ու­րիշ­նե­րուն, որ­պէս­զի Աս­տու­ծոյ հետ հաշ­տուին (Բ. Կորն­թա­ցիս, 5.15-21)։­

Այ­սօր ա­ռա­ջի ան­մահ Գա­ռինն Աս­տու­ծոյ ա­ղօ­թենք ը­սե­լով. Տէրն մեր Քրիս­տոս, սա­տա­նա­յին լա­րած ո­րո­գայթ­նե­րը չգաց­նե­լու հա­մար Քու զօ­րու­թեանդ կա­րիքն ու­նինք։ Կը հա­ւա­տանք որ Փրկչա­կան Քու Սուրբ Խա­չիդ ա­մե­նա­յաղթ զօ­րու­թիւ­նը իբ­րեւ օգ­նու­թիւն ցոյց տրուե­ցաւ մե­զի։ Դար­ձեալ կը հաւա­տանք, թէ մեր միակ ա­պա­ւէ­նը Դուն ես։ Սուրբ Խա­չիդ զօ­րու­թիւ­նը ան­պա­կաս ըլ­լայ մեր բո­լո­րին վրա­յէն։

Սի­րե­լի հա­ւա­տա­ցեալ­ներ,

Մենք այ­սօր կը յի­շա­տա­կենք Ա. Հա­մաշ­խար­հա­յին Պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն զո­հուած մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը, ո­րոնք ցա­ւա­ռիթ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մը հե­տե­ւան­քով տա­րագ­րու­թեան ճա­նա­պարհ­նե­րու վրայ եւ կամ այ­լուր կորսն­ցու­ցին ի­րենց Աս­տուա­ծա­պար­գեւ կեան­քե­րը։ Առ­յա­ւէտ ան­ցան այս աշ­խար­հէն, ի­րենց ե­տին թող­լով տամ­կա­ցած աչ­քեր, սգա­ւոր սրտեր, ցա­ւա­լից հո­գի­ներ։ Վստահ ենք, թէ մեր այդ օ­րե­րու հո­գե­ւոր սպա­սա­ւոր­նե­րը, ո­րոնք եւս ցմրուր քա­մած էին ի­րենց վի­ճա­կած դառ­նու­թեան բա­ժա­կը, դժուա­րա­ցած էին մխի­թա­րել ցա­ւա­տանջ հո­գի­նե­րը։ Ծա­նօթ է, թէ Մայր Ա­թոռ Ս. Էջ­միած­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ ան­ցեալ տա­րի սրբա­դա­սուե­ցան Ա. Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի դառ­նակս­կիծ օ­րե­րուն վասն հա­ւա­տոյ զոհուած­նե­րը։ Ցարդ, ի­րենց հոգ­ւոցն ի հան­գիստ ա­ղօթք կ­՚ա­ռա­քուէր առ Աս­տուած։ Այ­լեւս ըստ Ե­կե­ղեց­ւոյ ու­սուց­ման՝ մենք չենք կրնար հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նով նշել ա­նոնց յի­շա­տա­կը, այլ կը դի­մենք ի­րենց բա­րե­խօ­սու­թեան։ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ նուի­րա­պե­տու­թեան մէջ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը, Մայր Ա­թո­ռի նկատ­մամբ ու­նե­ցած հա­ւա­տա­րիմ կե­ցուած­քով կը կա­տա­րէ յի­շա­տա­կու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ, միշտ նկա­տի ու­նե­նա­լով իր քա­ղա­քա­ցիա­կան պատ­կա­նե­լիու­թիւ­նը։ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի այս մեր­ձե­ցու­մը կրնայ այ­լոց ան­հա­ճոյ թուիլ։ Յար­գե­լով հան­դերձ ի­րենց գա­ղա­փա­րի ա­զա­տու­թիւ­նը, կը շա­րու­նա­կենք մնալ հա­ւա­տա­րիմ մեր Ա­թո­ռի ա­ւան­դա­կան գծին եւ մեր գոր­ծու­նէու­թեան մէջ պա­հել հա­ւա­սա­րակշ­ռեալ դիր­քաւո­րում։

Խո­նար­հա­բար կը յի­շեց­նենք, թէ սուր­բե­րու յի­շա­տա­կու­թիւն­նե­րը կը կա­տա­րուին մեր ա­ղօթ­քի տու­նե­րուն մէջ Ս. Պա­տա­րա­գի մա­տուց­մամբ։ Հա­ւա­տա­ցեալ­ներ, մա­տու­ցուած Ս. Պա­տա­րա­գի մի­ջո­ցաւ կը կապուին յաղ­թա­կան ե­կե­ղե­ցիին, որ սուր­բե­րու դասն է։ Հա­ղորդ կը դառ­նան սուր­բե­րու վար­քին եւ այդ վար­քին ընդ­մէ­ջէն կը ստա­նան ի­րենց հա­մար շի­նիչ պատ­գամ­ներ։ Մեր ա­ռա­ջին լու­սա­ւո­րիչ­նե­րը՝ Ս. Թա­դէոս եւ Ս. Բար­թո­ղո­մէոս Ա­ռա­քեալ­նե­րը, մեր հա­ւատ­քի հայր՝ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չը, Ս. Սա­հակ եւ Ս. Մես­րո­պի գլխա­ւո­րու­թեամբ մեր Թարգ­մա­նիչ Վար­դա­պետ­նե­րը, Սրբոց Վար­դա­նանց Զօ­րա­վար­նե­րը եւ 1036 վկա­նե­րը, Ս. Գրի­գոր նա­րե­կա­ցին, Ս. Ներ­սէս Շնոր­հա­լին եւ ա­նոնց նման բազմա­թիւ սուր­բեր կը յի­շա­տա­կուին պատ­շաճ շու­քով։ Ա. Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի նո­րոգ սրբա­դա­սեալ վասն հա­ւա­տոյ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կու­թեան ու­ղիղ վայրն է ե­կե­ղե­ցին։ Ա­նոնց հա­մար ար­տա­քոյ ե­կե­ղեց­ւոյ կա­տա­րե­լի ոչ-հո­գե­ւոր եւ աշ­խար­հիկ յու­շա­հան­դէս­ներ վստահ ենք, թէ պի­տի վի­րա­ւո­րեն զի­րենք։ Ե­կե­ղե­ցին յար­գե­լով զի­րենք եւ ի­րենց ան­մո­ռա­նա­լի մնա­լու ի­րա­ւուն­քը, զա­նոնք սրբա­դա­սած է։ Ա­նոնց կեան­քէն ստա­նա­լիք մեր դասն է, ար­ժէք ըն­ծա­յել այն ար­ժէք­նե­րուն, ո­րոնց հա­ւա­տա­րիմ մնա­լու սի­րոյն ի­րենց կեան­քը զո­հա­բե­րե­ցին։ Ե­թէ մեր ժո­ղո­վուր­դը կը ճանչ­ցուի իր Քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քով, իր լե­զուով եւ գրա­կա­նու­թեամբ, շի­նա­րա­րու­թեամբ, գե­ղա­րուես­տա­կան կա­ռոյց­նե­րով եւ այլ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով, ե­րաժշ­տու­թեամբ, մշա­կոյ­թի եւ կրթու­թեան ըն­ծա­յած ար­ժէ­քով, հա­ւա­տար­մու­թեամբ, այդ բո­լո­րը եւ ա­ւե­լին ա­ռանց այ­լե­ւայ­լի պէտք է պահ­պա­նուին իբ­րեւ նուի­րա­կան ա­ւանդ­ներ։ Ի­րաւ է, թէ Ա, Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մին մարդ­կա­յին կո­րուս­տի ա­ռըն­թեր առ­յա­ւէտ ա­մա­յա­ցան վան­քեր, ե­կե­ղե­ցի­ներ, վար­ժա­րան­ներ, ըն­տա­նե­կան օ­ճախ­ներ։ Ի­րաւ է, թէ կոր­սուած ա­մէն ին­չը կա­րե­լի չէ ետ բե­րել։ Սա­կայն կա­րե­լի է վե­րա­կանգ­նել այ­ն ինչ, որ կա­րե­լի է։ Հո­գե­ւոր ու­րա­խու­թիւն է մե­զի հա­մար տես­նել այդ վե­րա­կանգն­ման ի­րա­կա­նա­ցու­մը, մե­րազն ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն մօտ։ Այս վե­րա­կանգն­ման գոր­ծըն­թա­ցը Աս­տուա­ծա­հա­ճոյ կ՚ըլ­լայ այն ա­տեն, երբ մէկ կողմ կը թո­ղունք քի­նախնդ­րու­թիւ­նը, ա­տե­լա­վառ կե­ցուած­քը, թշնա­մու­թիւ­նը։ Ս. Գիր­քի ու­սու­ցումն է, թէ «Աս­տուած սէր է, եւ ան որ կը մնայ սի­րոյ մէջ՝ կը բնա­կի Աս­տու­ծոյ մէջ եւ Աս­տուած ալ կը բնա­կի ա­նոր մէջ։ Սի­րոյ մէջ եր­կիւղ չկայ, եւ կա­տա­րեալ սէ­րը հե­ռու կը վա­նէ երկիւ­ղը, եւ ով որ եր­կիւ­ղի մէջ է, կա­տա­րեալ չէ սի­րոյ մէջ» (Ա. Յով­հան­նէս, 4.16,18)։

­Յի­շա­տա­կու­թեան այս ա­ռի­թով, երբ կ՚անդ­րա­դառ­նանք ցա­ւա­ռիթ դէպ­քե­րու հե­տե­ւան­քով մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն կրած նիւ­թա­կան եւ բա­րո­յա­կան կո­րուստ­նե­րուն մա­սին, մե­զի հա­մար քաղցր պար­տա­կա­նու­թիւն կը նկա­տենք յի­շել բա­րի, ազ­նիւ եւ աս­տուա­ծա­վախ այն բո­լոր մար­դի­կը, որոնք ի սէր մարդ­կու­թեան տէր կանգ­նե­ցան մեր ժո­ղո­վուր­դի ա­նոք եւ ծով կա­րիք­նե­րով տուայ­տող զա­ւակ­նե­րուն, որ­քան որ կը նե­րէին ի­րենց պայ­ման­նե­րը։

Քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ ի­րենց գա­ղա­փար­նե­րը յայտ­նե­լու ա­զա­տու­թիւ­նը ու­նին։ Կրնան ի­րենց հասկ­ցած ձե­ւով ար­տա­յայտուիլ մեր ժո­ղո­վուր­դի կրած դառ­նակս­կիծ ցա­ւին նկատ­մամբ, յա­ճախ ա­ռաջ­նոր­դուե­լով ի­րենց քա­ղա­քա­կան հա­շիւ­նե­րու ուղ­ղու­թեամբ։ Որ­պէս Պատ­րիար­քա­կան Ա­թոռ պի­տի շա­րու­նա­կենք  յայ­տա­րա­րել, թէ մենք որ­պէս այս երկ­րի ան­բա­ժան եւ հա­ւա­տա­րիմ տար­րե­րէն մին, կը շա­րու­նա­կենք մնալ ա­ղօ­թող Թուր­քիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի բա­րե­կա­մու­թեան եւ բա­րի դրաց­նու­թեան հաս­տատ­ման հա­մար եւ այդ կ՚ը­նենք մեր հայ­րե­նակ­ցա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թեանց գի­տակ­ցու­թեամբ, քաջ գիտ­նա­լով հան­դերձ, թէ ո­մանց դիր­քա­ւո­րու­մը պի­տի ըլ­լայ ժխտա­կան ի տես մեր կե­ցուած­քին։

Դար­ձեալ պի­տի շա­րու­նա­կենք ա­ղօ­թել, որ Աս­տուած գոր­ծէ եր­կու եր­կիր­նե­րու հայ­րե­նա­կից­նե­րու սրտե­րէն ներս, որ­պէս­զի Աս­տուա­ծա­յին ներ­գոր­ծու­թեամբ կա­րե­լի ըլ­լայ միաս­նա­բար ի­րա­կա­նաց­նել բա­րիին եւ գե­ղե­ցի­կին կեր­տու­մը։ Եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ կայ կէ­սը ջուր լե­ցուն սա­փոր մը։ Ո­մանք կը պնդեն սա­փո­րը պա­րապ տես­նել, իսկ ո­մանք՝ լե­ցուն։ Այ­լեւս ժա­մա­նա­կը հա­սած է միաս­նա­բար տես­նե­լու այն ճշմար­տու­թիւ­նը եւ ը­սե­լու, այս սա­փո­րը մին­չեւ կէ­սը ջու­րով լե­ցուն է։ Պէտք է մտա­ծել սա­փո­րի պա­րու­նա­կու­թիւ­նը լրաց­նե­լու մա­սին։ Այդ կի­սով լե­ցուն ջու­րը, ըստ մե­զ, կը ներ­կա­յաց­նէ դա­րե­րու ըն­թաց­քին մեր ու­նե­ցած դրա­ցիա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ընդ­մէ­ջէն ցո­լա­ցող բա­զում բա­րե­կա­մա­կան յի­շա­տակ­նե­րը, եւ ա­նոնց նկատ­մամբ ան­վե­րա­պահ գնա­հա­տան­քով ու ե­րա­նու­թեամբ ար­տա­յայ­տուող­նե­րը։ Աս­տուած մի ա­րաս­ցէ, յա­մառ ու ան­հան­դուր­ժող կե­ցուած­քի պատ­ճա­ռաւ սա­փոր­րը կրնայ կոտ­րիլ եւ մէ­ջի ջու­րը յում­պէտս վատ­նուիլ։ Կոտ­րած սա­փո­րը ոչ մէ­կուն օ­գուտ ու­նի։ Կա­րե­լի չէ ջու­րով լեց­նել։ Սա­փո­րը ջու­րով լեց­նե­լու հա­մար պէտք ու­նինք պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան։ Պէտք ու­նինք վստա­հիլ Աս­տու­ծոյ։ Պէտք ու­նինք Ա­նոր շի­նա­րար մի­ջամ­տու­թեան։ Պէտք ու­նինք հա­ւա­տալ Աս­տու­ծոյ ար­դա­րու­թեան։ Եւ այդ բո­լո­րը կեան­քի կո­չե­լու հա­մար պար­տինք «ա­մէն ժա­մա­նակ ա­ղօ­թել եւ չձանձ­րա­նալ»։

Քրիս­տո­սով յայտ­նուած հա­մա­մարդ­կա­յին սի­րոյն նկատ­մամբ մեր ու­նե­ցած կա­տա­րեալ հա­ւատ­քով եւ այդ հա­ւատ­քին ուղ­ղու­թեամբ կ­՚ա­ղօ­թենք նաեւ մեր հա­րե­ւան­նե­րուն հա­մար, միան­գա­մայն կը թե­լադ­րենք մեր հա­րե­ւան­նե­րուն, որ ա­ղօթք ա­ռա­քեն առ Աս­տուած, որ­պէս­զի Հայ եւ Թուրք ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ հաս­տա­տուի բա­րե­կա­մա­կան կա­մուրջ մը, ի սէր եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու կեան­քէն ներս գո­յու­թիւն ու­նե­ցող դրա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րու։

Պէտք է համ­բե­րու­թեամբ եւ ա­ղօ­թա­նուէր կե­ցուած­քով սպա­սել Աս­տու­ծոյ Ս. Հո­գիին ներ­գոր­ծու­թեան։ Համ­բե­րու­թիւ­նը Քրիս­տո­նէա­կան ա­ռա­քի­նու­թիւն մըն է, որ պտղա­բե­րուած է սուր­բե­րու կեան­քէն ներս։ Այս ա­ռու­մով սուր­բե­րը օ­րի­նակ են մե­զի։

 Մենք կը հա­ւա­տանք, որ օր մը պի­տի ող­ջու­նենք Հայ եւ Թուրք յա­րա­բե­րու­թեանց մէջ եղ­բայ­րու­թեան եւ սի­րոյ ե­րա­նե­լի պա­հը։ Այն ինչ որ մար­դիկ կը ջա­նան ի­րենց կա­րե­լիու­թիւն­նե­րուն վստա­հե­լով գոր­ծել, կը հա­ւա­տանք, որ Աս­տուած մե­զի հա­մար ան­ծա­նօթ ժա­մա­նա­կին պի­տի բո­ցա­վա­ռէ ի­րերհաս­կա­ցո­ղու­թեան ջա­հը, որ պի­տի մնայ ան­մար։ Բաւ է, որ ու­նե­նանք բա­րի կա­մե­ցո­ղու­թիւն եւ ա­ղօթ­քի տրա­մադ­րու­թիւն։

Քրիս­տո­սի հրա­շա­փառ Սուրբ Յա­րու­թեան ա­ւե­տի­սին առ­թած հո­գե­ւոր ու­րա­խու­թեամբ, կ՚ա­ղօ­թենք առ Բարձ­րեալն Աս­տուած, որ Սուրբ Կոյս Մա­րիամ Աս­տուա­ծած­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, ե­կե­ղեց­ւոյ հին եւ նոր, ծա­նօթ եւ ան­ծա­նօթ բո­լոր սուր­բե­րը բա­րե­խօս ըլ­լան մե­զի։ Ի բո­լոր սրտէ կը մաղ­թենք, որ  այ­լեւս վերջ գտնեն աշ­խար­հա­ւեր պա­տե­րազմ­նե­րը, մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու սպառ­նա­ցող կռիւ­նե­րը։ Աս­տու­ծոյ սէ­րը, ո­ղոր­մու­թիւ­նը եւ շնորհ­նե­րը յա­ւի­տեան թա­գա­ւո­րէ ի շի­նու­թիւն եւ ի բա­րօ­րու­թիւն հա­մայն աշ­խար­հի մարդ­կու­թեան, ա­ռանց ցե­ղի, ազ­գի եւ կրօն­քի խտրու­թեան. Ա­մէն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2016