ԵՒ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ…

Երէկ, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նորընտիր Կաթողիկոս-պատրիարք Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ.-ի գահակալութեան արարողութիւնը։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին ընթերցուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կողմէ ուղարկուած շնորհաւորական պատգամը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի շնորհաւորականն ալ ընթերցուեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի կողմէ։ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապն ալ ուղարկած էր շնորհաւորական մը։

Պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւս մասնակցեցան արարողութեան՝ ներառեալ Պէյրութի մօտ Հայաստանի դես պան Վահագն Աթաբէկեանի։ Գահակալութեան արարողութեան հանդիսապետեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Պետրոս Արք. Միրիաթեան Գերապայծառը, որ մինչեւ ընտրութիւնը կը վարէր ժամանակաւոր կառավարիչի պաշտօնը։ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սինոդի անդամներն ալ ներկայ գտնուեցան, քոյր եկեղեցիներէ ներկայացուցիչներու կողքին։

Նորընտիրը յետ այսու պաշտօնապէս կը կոչուի Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-պատրիարք։ Ան 2021 թուականէն ի վեր առաջնորդն էր Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի, Ուքրայնայի եւ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց, նաեւ կը գլխաւորէր «Հայկական քարիթաս» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութիւնը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2021