Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ ԵՒՍ ՇՕՇԱՓԵՑ ԳԱՂԹԱԿԱՆԱՑ ՀԱՐՑԸ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան կը շա­րու­նա­կէ իր այ­ցե­լու­թիւ­նը դէ­պի Լոս Ան­ճե­լըս։ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմ­տեան Թե­մէն ներս ան կը հիւ­րըն­կա­լուի ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ Լոս Ան­ճե­լըս մեկ­նած Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը կը գոր­ծադ­րէ յա­գե­ցեալ ծրա­գիր մը, ո­րու իւ­րա­քան­չիւր քայ­լա­փո­խին ան­մի­ջա­կան վե­րա­բեր­մուն­քի կ՚ար­ժա­նա­նայ մաս­նա­ւո­րա­պէս շրջա­նի պոլ­սա­հա­յե­րուն կող­մէ։

Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ Լոս Ան­ճե­լը­սի Պոլ­սա­հայ միու­թեան եր­դի­քին տակ մե­ծա­րան­քի ընթ­րիք մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ի պա­տիւ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դին։

Իր ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­թաց­քին Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան տեղ­ւոյն պոլ­սա­հայ շրջա­նակ­նե­րուն կը փո­խան­ցէ իր պատ­գա­մը՝ մեր հա­մայն­քի զա­նա­զան հրա­տապ նիւ­թե­րուն շուրջ։ Այս շրջագ­ծով Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը կա­րե­ւո­րու­թեամբ կանգ ա­ռած է Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քէն խոյս տա­լով Թուր­քիոյ մէջ ա­պաս­տան գտած հայ գաղ­թա­կան­նե­րու խնդիր­նե­րուն վրայ։ Ծա­նօթ է, որ մեր հա­մայն­քը ներ­կա­յիս ա­նոնց զօ­րա­վիգ կանգ­նե­լու ուղ­ղեալ աշ­խա­տանք­ներ կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ։

Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան պար­գե­ւատ­րած է նաեւ նախ­կին պոլ­սա­հայ յայտ­նի ազ­գա­յին գոր­ծիչ Սա­րօ Մա­րու­քեա­նը, որ Պատ­րիար­քա­րա­նի շէն­քի վեր­ջին նո­րո­գու­թեան ըն­թաց­քին բե­րած էր իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։

Միւս կող­մէ, ե­րէկ, տեղ­ւոյն ժա­մով յետ­մի­ջօ­րէին Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը քա­ղա­քա­վա­րա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Լոս Ան­ճե­լը­սի մօտ Թուր­քիոյ ա­ւագ հիւ­պա­տոս Ռաի­ֆէ Կիւլ­րու Կե­զէ­րին, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ քա­նի մը ազ­գա­յին­նե­րու։  

Երեքշաբթի, Յունուար 26, 2016