ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՔԱՐՎԱՃԱՌԻ ՅԱՐԱԿԻՑ ԳԻՒՂԵՐԷՆ ԴՊՐՈՑԱԿԱՆՆԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արցախի Քարվաճառի շրջանի հինգ գիւղերէն քսանչորս դպրոցականներ։ Հարկ է նշել, որ դէպի Արցախ այցելութեան ժամանակ՝ Սեպտեմբերի 9-ին, Դադիվանքի մէջ Վեհափառ Հայրապետը զանոնք հրաւիրած էր այցելել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Դադիվանքի վանահայր Տ. Յովհաննէս Քհնյ. Յովհաննիսեան եւ շրջանի վարչակազմի ղեկավար Կարէն Եղիշեան շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Սրբութեան կողմէ պատանիներուն ուղղուած անձնական հրաւէրին եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար։ Անոնք վստահութիւն յայտնեցին, թէ այդ սերմերը անպայման բարի պտուղներ կու տան։
Իր խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Շատ ոգեւորուած էինք, երբ ձեզի հանդիպեցանք Դադիվանքի մէջ ու տեսանք ձեր ջերմ վերաբերմունքը, սէրն ու նուիրումը ձեր վանքի եւ ազգային սրբութիւններու հանդէպ։ Տեսանք, որ ձեր ծնողներու քաջ զաւակներն էք եւ նոյն նախանձախնդրութեամբ պիտի պաշտպանէք այդ բոլորը՝ ձեր հայրենիքը»։ Նորին Սրբութիւնը ուրախութիւն յայտնեց մանուկներու Մայր Աթոռ այցելութեան առթիւ, նաեւ արտայայտեց իր վստահութիւնը՝ թէ սոյն այցը լաւ առիթ մը պիտի դառնայ երիտասարդներուն համար՝ ճանչնալու տեսակէտէ իրենց հայրանիքը՝ զօրանալով իրենց հայրենասիրական զգացումներուն մէջ եւ գօտեպնդուելու հաւատքով։
Նորին Սրբութիւնը մանուկներուն հետ զրուցեց նաեւ անոնց տպաւորութիւններուն եւ առօրեային շուրջ, իւրաքանչիւրին յանձնելով նուէրներ։
Եռօրեայ այցելութեան շրջագծով պատանիները մնալով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ՝ Մայր Տաճարէն ներս մասնակցեցան Ս. Պատարագի արարողութեան, հոգեւորականներու ուղեկցութեամբ այցելեցին թանգարաններ եւ այլ յարակից կառոյցներ, Էջմիածին քաղաքի վանքերը եւ եկեղեցիները շրջեցան, այցելեցին Երեւանի Մատենադարանը, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանը, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը եւ Ծիծեռնակաբերդ։ Տաղանդաշատ մանուկները երգի եւ պարի կատարումներով համերգի մըն ալ մասնակցեցան՝ Էջմիածնի «Հրաչ եւ Սիւզան Թուֆայեան» Հայորդեաց տան երդիքին տակ։