ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՖԷՆԷՐԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԸ

Քրիստոնեայ աշխարհը արդէն սկսաւ տօնախմբել Ս. Ծնունդը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս շրջանակին մէջ արդէն շնորհաւորական այցելութիւններու փութաց քաղաքիս քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս ամբողջին մէջ այցելեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը, ուր հիւրընկալուեցաւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարքին կողմէ։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Յունաց Պատրիարքն ու Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ողջագուրուեցան ջերմօրէն եւ փոխանակեցին բարեմաղթանքներ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2023