ՆԻՒ ԵՈՐՔԷՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՅՑ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Աբրահամ Քհնյ. Մալխասեանի կողմէ գլխաւորուած ուխ-տաւորները ստացան Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը։ Թիւով շուրջ երեսուն ուխտաւորները Վեհափառ Հայրապետին կողմէ ընդունուեցան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Տէր հայրը երախտագիտութեան խօսքեր ուղղեց Նորին Սրբութեան այս ընդունելութեան համար ու նշեց, որ ուխտաւորներու մեծ մասը առաջին անգամ կ՚այցելեն Հայաստան։ Ան ներկայացուց նաեւ համայնքային կեանքը, անդրադարձաւ ամէնօրեայ, շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ դպրոցներու գործունէութեան։ Այդ դպրոցներուն շնորհիւ հայորդիները հաղորդ կը դառնան մայրենի լեզուին եւ հայ մշակոյթին։

Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնը բաշխեց հաւատացեալ ուխտաւորներուն՝ կարեւորելով անոնց այցելութիւնը Հայաստան։ Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ իւրաքանչիւր հայորդիի կեանքէն ներս Սուրբ Էջմիածնի դերակատարութեան եւ կարեւորութեան մասին։ Վեհափառ Հայրապետը ապա անդրադարձաւ ազգին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, որոնք հայ ազգը կը դիմագրաւէ իր հոգեւոր ներուժի եւ հաւատքի միջոցաւ։

Հանդիպման տեւողութեան հաւատացեալները հնարաւորութիւն ունեցան զանազան հարցումներ ուղղելու Վեհափառ Հայրապետին։ Այդ հարցումները կը վերաբերէին միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն, Հայաստանի ներքին զարգացումներուն։ Անդրադառնալով Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն՝ Վեհափառ Հայրապետը ուխտաւորներուն ներկայացուց իր դիտարկումները, ապա լուսաւոր Հայաստան մը կերտման ուղղութեամբ կարեւորեց Հայաստանի իշխանութիւններու, եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի միասնական ջանքերն ու յանձնառութեան ոգին։ Հանդիպման վերջաւորութեան Տ. Աբրահամ Քհնյ. Մալխասեան Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Կարապետեան ընտանիքին նուէրը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին՝ Մխիթար Սեբաստացիի աշխատասիրութեամբ 1733 թուականին տպագրուած Աստուածաշունչը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 27, 2018