«ԿԸ ՄԱՂԹԵՆՔ, ՈՐ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՄԻՇՏ ԼՍԵԼԻ ԸԼԼԱՅ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԸԼԼԱԼՈՒ ՊԱՏԳԱՄԸ»

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Արցախի երկրորդ պատերազմի սկիզբի առաջին տարելիցին առթիւ հանդէս եկաւ պատգամով մը։ Մինչ այդ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս առաւօտ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ 44-օրեայ պատերազմի նահատակներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։

*

Սիրելի հաւատաւոր ժողովուրդ,

Այսօր, ցաւը մեր հոգիին, մենք կը յիշենք 44-օրեայ աղէտաբեր պատերազմի տագնապալի օրերը, մեր բանակի քաջարի դիմադրութիւնը՝ թշնամիի դաւադիր յարձակման։ Կը յիշենք սխրանքները զինուոր ու սպայ մեր զաւակներուն, որոնք չընկրկեցան (…) գերակշռող ուժերու առջեւ։

Պատերազմը մեծ փորձութիւն էր, որու պատճառած աւերները եւ մեր ժողովուրդի առջեւ ծառացած լուրջ մարտահրաւէրները չեն կրնար վճռուիլ հասարակական ներքին լարուածութեան ու պառակտումի պայմաններուն ներքեւ։ Վերելքի մեր ուղին իւրաքանչիւրէս կը պահանջէ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութիւն եւ հայրենանուիրումի ոգի, համախմբում եւ միասնական ջանքեր՝ պաշտպանելու Արցախի մեր ժողովուրդի ազատ ապրելու իրաւունքը, Հայաստանի սահմանները, յաղթահարելու պատերազմով առաւել սրուած ընկերային խնդիրները։ Այս տեսլականով ջանքեր ներդնենք ազգի համախմբման, անհանդուրժողականութեան եւ անհամերաշխութեան յաղթահարման։ Քրիստոնէական մեր արժէքներուն նկատմամբ հաւատարմութեամբ զօրանանք եւ զօրացնենք մեր պետականութիւնը, ազգային-հասարակական մեր կեանքը՝ ամուր պահելով յոյսի, հաւատի, սիրոյ եւ արդարութեան ուղիներուն մէջ։ Կը մաղթենք, թէ մեր ժողովուրդին միշտ լսելի ըլլայ հայրենիքը պաշտպանելու, միասնական ըլլալու պատգամը, որ մեզի կը թողեն՝ յանուն Արցախի անկախ կեանքի եւ յանուն մեր լուսաւոր ապագայի նահատակուած մեր քաջորդիները։

Ի խորոց սրտի կ՚աղօթենք հայրենեաց պաշտպան մեր զոհուած զինուորներուն համար, մխիթարութիւն կը հայցենք անոնց հարազատներուն, ապաքինում կը մաղթենք վիրաւորներուն եւ վերադարձ՝ գերեալներուն եւ անյայտ կորսուածներուն։ Առ Աստուած մեր հայցն է, որ Տիրոջ հանապազ օրհնութիւնը խաղաղութեան, ապահով ու անվտանգ կեանքի մէջ պահէ մեր ժողովուրդի զաւակները ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս, այսօր եւ միշտ. ամէն։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2021