ՀԲԸՄ-Ի ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Պուէնոս Այրէսի վարժարանի աւարտական լսարանի սաները։ Խումբը գլխաւորեց ՀԲԸՄ-ի Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներէն Խուան Պալեան։

Վեհափառ Հայրապետը այս առթիւ իր հայրական օրհնութիւնը բաշխեց պատանիներուն եւ ուրախութեամբ արձանագրեց, որ տարիներ առաջ ձեւաւորուած է այս վարժարանի աւարտական դասարանի սաներու Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելութեան աւանդութիւնը, որ այժմ վերականգնուած է։ Ան շրջանաւարտներուն պատգամեց՝ ուսումը շարունակել գիտելիքներ եւ հմտութիւններ ձեռք բերելու համար։

Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց նաեւ երիտասարդներու հարցումներուն։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2021