ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ ԵՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐ

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով նշեց Ծաղկազարդի տօնը։ Տէր Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակը տօնախմբուեցաւ աւանդական արարողութիւններով։ Տէրունական այս տօնը տարիներ առաջ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ հռչակուած էր Մանուկներու օրհնութեան օր։

Երէկ առաւօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Ծաղկազարդի տօնին առթիւ մատուցուած Ս. Պատարագին նախագահեց Վեհափառ Հայրապետը։ Ս. Գայիանէի վանքին մէջ պատարագեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վանորէից տեսուչ Տ. Արտակ Եպսկ. Տիգրանեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Ս. Պատարագէն վերջ Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ Անդաստանի արարողութիւն եւ Մանուկներու օրհնութեան կարգ։ Այնուհետեւ Նորին Սրբութիւնը օրհնութիւնը բաշխեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ համախմբուած բազում մանուկներուն։ Հուսկ, հաւատացեալներուն բաժնուեցան Անդաստանի ընթացքին օրհնուած ուռենիի ճիւղերը։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի այս արարողութիւններուն առընթեր, օրուան տեւողութեան Հայաստանի բոլոր քաղաքներուն, նաեւ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, փողոցներուն կամ հրապարակներուն, պողոտաներուն վրայ ուշագրաւ էին համապատասխան յարդարանքով մանուկներ։

Երկուշաբթի, Մարտ 29, 2021