ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԱՅՐԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Էօրնէքեան» վարժարանի 8-րդ եւ 10-րդ դասարաններէն հինգ աշակերտ։ Այս դպրոցը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան տակ կը գործէ։ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ երէկ հիւրընկալուած աշակերտները վերջերս մաս կազմած էին՝ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան առարկայի ողիմպիականներու դափնեկիրներու շարքին։ Դպրոցի սաներուն ուղեկցեցան տնօրէնուհի Սուսաննա Վարդանեան եւ հոգեւոր տեսուչ Տ. Արսէն Քհնյ. Միրզոյեան։

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը հայրական վերաբերմունք ցոյց տուաւ երիտասարդներուն նկատմամբ՝ յորդորելով եռանդով շարունակել իրենց ուսումը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 29, 2022