ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍՈՒՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ նշուեցաւ տեղւոյն Ներսէսեան դպրաց դասու հիմնադրութեան տարեդարձը։ Տարեկան տօնախմբութեան առթիւ պատարագեց Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ ալ հատուեցաւ տարեդարձի կարկանդակը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 29, 2022