ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ ՄԱՍՈՒՆՔՆԵՐ

Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ յուզումնախառն արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Արցախի երկրորդ պատերազմին ժամանակ նահատակուած 9 զինուորի յուղարկաւորութեան կարգը կատարուեցաւ՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ։ 44-օրեայ պատերազմէն աւելի քան տարի մը վերջ Հայաստան վերադարձուած էին նահատակներու մարմինները, ուստի երէկուանը անոնց յապաղած հրաժեշտն էր։ Եկեղեցւոյ ատեանին մէջ զետեղուած 9 դագաղին շուրջ համախմբուած հոծ թիւով յուղարկաւորները, որոնց շարքին էին սգակիր ընտանիքները, յաւերժութեան ճամբեցին նահատակները։

Վեհափառ Հայրապետը արարողութեան ընթացքին ըսաւ. «Այսօր հաւաքուած ենք Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ խնկաբոյր կամարներուն ներքեւ՝ դէպի յաւերժութիւն ճանապարհելու հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած մեր քաջազուն որդիները։ Մեր խիզախ զինուորներու նուիրական մասունքներուն առջեւ խոնարհում կը բերենք անոնց լուսաւոր յիշատակին, կը յիշենք անոնց արիութիւնն ու սխրանքները։ Հրաժեշտի այս պահուն կը վերյիշենք Արցախի պատերազմի ողբերգական իրադարձութիւնները, մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին մեզ պատուհասած աղէտներն ու արհաւիրքները, կը գօտեպնդուինք փորձութիւններուն դիմակայելու մեր ժողովուրդի զաւակներու զօրեղ կամքով, աննկուն տոկունութեամբ ու վճռակամութեամբ։ Պատերազմէն աւելի քան մէկ տարի անց, չսպիացած վէրքերը մեր սրտերուն մէջ, խոնարհում կը բերենք մեր ազգին արժանաւոր որդիներ պարգեւած, սնած ու դաստիարակած ծնողներուն։ Սուրբ Հոգւոյ մխիթարութիւնը կը խնդրենք պատերազմին ծնող, ամուսին, զաւակ կամ հարազատ կորսնցուցած սգացեալ ընտանիքներուն, որոնք անասելի ցաւ կրեցին. ցաւ ու կորուստ, որ ամէնքինս է։ Հայրենիքին իր կեանքը նուիրաբերած անձը միշտ անմահ է, միշտ յաղթանակող»։

Ապա Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ ամբողջ ազգը պարտք ունի նահատակ հերոսներուն նկատմամբ՝ մէջբերելով հայոց պատմահայր Մովսէս Խորենացիի խօսքերը, թէ «մահկանացու ծնելով անմահ յիշատակ թողեցին»։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 3, 2021