ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԲԱՆԱԿԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Հայաստանի Բանակի օրուան առթիւ, Վաղարշապատ քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք։ Սրբազան արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան, բանակի բարձրագոյն սպայական կազմի ներկայացուցիչներ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններ եւ Հայաստանի զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդութեան գնդերէցներ։

Նախքան արարողութիւնը, Հայաստանի զինեալ ուժերու նախկին հոգեւոր առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Բանակի տօնին առթիւ։ Ան վերջերս կոչուեցաւ Արցախի թեմի առաջնորդի պաշտօնին։ «Իւրաքանչիւր իրավիճակ մարտահրաւէր մըն է անդրադառնալու եւ ճշգրտելու համար մեր կեցուածքը Արարչի առջեւ։ Յուսալքութեան ու յուսահատութեան պահերուն կարեւոր է զէնքերը վայր չդնելը համոզուելու համար, թէ Աստուած մշտապէս մեզի հետ է, մեր կողքին։ Քրիստոս յոյսը կը դնէ ոչ միայն սնոտի բաներու, այլ միայն Աստուծոյ վրայ՝ անոր ողորմութեամբ գործելով առանց ծուլանալու եւ առանց աջ ու ձախ շեղուելու։ Մեր յոյսն ու յոյսի աղբիւրը յարուցեալ մեր Տէրն է, որ անընդհատ իրեն ապաւինողի կողքին է՝ իր օրինակով զօրացնելու, նաեւ քաջալերելու համար ուղիղ նայելու մահուան աչքերուն ու չերկնչելու, որովհետեւ ինքն արդէն յաղթած է աշխարհին ու մահուան։ Այս համոզումն էր նաեւ մեր զինուորներու եւ սպաներու սրտին մէջ՝ անկախ պատերազմի սպասուող ու հաշուարկուած ելքէն անոնք յաղթողի կարգավիճակ ունին եւ մարտի դաշտին վրայ չեն պարտուած, որովհետեւ անոնք ըրած են հնարաւորն ու անհնարը։ Պատերազմի օրերու ժամանակագրութիւնը լի է բազում սխրանքներու արձանագրումով՝ բնորոշ յաղթողին ու հերոսին, անշեղօրէն դէպի «մահ իմացեալ» քալողին եւ այսպիսի արարքներու ընդունակ են միայն յարութեան, կեանքը վերստին Տիրոջ ձեռքէն ետ ստանալու հաւատացող քաջորդիք», ըսաւ Նորին Սրբազնութիւնը։

Արարողութեան ընթացքին առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի խաղաղութեան, անսասանութեան ու յառաջընթացի, նաեւ հայոց բանակի յաղթական ընթացքի համար։ Վեհափառ  Հայրապետը մասնաւոր աղօթք վերառաքեց Երկնաւորին՝ Արցախի պատերազմին հերոսաբար նահատակուած քաջարի զինուորականներու հոգւոյ խաղաղութեան եւ հանգստութեան համար։

Հանրապետական մաղթանքէն վերջ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ պարգեւաբաշխում։ Հանդիսութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը օրհնութեան խօսք մը արտասանեց։ Ան նշեց, որ կը հաւատայ՝ Աստուծոյ օրհնութեան ներքեւ հայկական բանակը պիտի շարունակէ վերակազմաւորուիլ եւ նոյն քաջարի ոգիով պիտի շարունակէ երաշխաւորը ըլլալ Հայաստանի պետութեան եւ ժողովուրդի անվտանգութեան։ Նորին Սրբութիւնը հայցեց, որ Տիրոջ Աջը միշտ հովանի ըլլայ արիասիրտ մարտիկներուն, օգնական ու պահապան՝ զինուորներուն եւ հրամանատարներուն։ Ան մաղթեց, որ Երկնաւոր Տէրը յաւերժ հովանի դարձնէ իր օրհնութիւնը աշխարհասփիւռ հայոց ազգին համար։ 

Շաբաթ, Յունուար 30, 2021