ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՏՕՆԸ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին շա­բա­թա­վեր­ջին նշեց Կա­թո­ղի­կէ Սուրբ Էջ­միած­նի բերկ­րա­ռատ տօ­նը։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ մե­ծա­հան­դէս ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը։ Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րին մէջ մա­տու­ցուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր Ս. Պա­տա­րագ, ձե­ռամբ՝ Տա­ւու­շի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Բագ­րատ Եպսկ. Գալս­տա­նեա­նի։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էին Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեան, «Փիւ­նիկ» հիմ­նադ­րա­մի հիմ­նա­դիր-նա­խա­գահ Գաբ­րիէլ Չէմ­պէր­ճեան, Տա­ւու­շի մարզ­պետ Յո­վիկ Ա­բո­վեան եւ բազ­մա­թիւ հիւ­րեր։

Պա­տա­րա­գիչ Տ. Բագ­րատ Եպսկ. Գալս­տա­նեան քա­րո­զին մէջ ը­սաւ. «Այ­սօր Կա­թո­ղի­կէ Ս. Էջ­միած­նի տօնն է եւ մենք աշ­խար­հի զա­նա­զան ծայ­րե­րէն, հա­յոց աշ­խար­հի զա­նա­զան բնա­կա­վայ­րե­րէն, սահ­ման­նե­րէն, հո­գե­ւոր եւ աշ­խար­հիկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րով հա­մա­խումբ կը փա­ռա­բա­նենք մեր Տէ­րը եւ ա­նոր շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նենք՝ մե­զի ըն­ծա­յուած այս մեծ շնոր­հին հա­մար։ Մեծ խոր­հուրդ ու­նի Սուրբ Էջ­միած­նի հաս­տա­տու­մը՝ որ­պէս Կա­թո­ղի­կէ Մայր Ե­կե­ղեց­ւոյ բա­բա­խող սիրտ, ճա­ռա­գող ա­րեւ, որ կը լեց­նէ հա­յոց հո­գե­ւոր կեան­քի ան­դաս­տան­նե­րը, կը զար­գաց­նէ մեր հո­գե­ւոր մշա­կոյ­թը, կ՚ո­ռո­գէ եւ կը լեց­նէ մեր հայ­րե­նի­քի սահ­ման­նե­րու դաշ­տերն ու ան­դաս­տան­նե­րը խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման հա­մար»։

­Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին նա­խա­գա­հու­թեամբ կա­տա­րուե­ցաւ Սուրբ Էջ­միած­նի մաղ­թանք։ Ներ­կա­նե­րը ա­ղօ­թե­ցին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի ան­սա­սա­նու­թեան եւ ա­նոր յա­ւի­տե­նա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան ան­խա­փան ար­դիւ­նա­ւոր­ման հա­մար։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016