ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր կը մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Երեկոյեան ժամերուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով կը ճամբորդէ դէպի Հայաստան, ուր իր կեցութիւնը կը տեւէ շուրջ շաբաթ մը։ Նորին Ամենապատուութեան՝ որպէս գաւազանակիր կ՚ընկերանայ Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կը մասնակցի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին, որ նախատեսուած է Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ։ Մինչ այդ, այս ժողովի օրերուն կը համընկնի Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 25-ամեայ յոբելեանը։ Այս շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատեսուած է նաեւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն՝ վերաօծեալ Մայր Տաճարի մէջ։
Այսպէսով, անցեալ սեպտեմբերի այցելութենէ կարճ ժամանակ անց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դարձեալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին կ՚այցելէ՝ քանի եկեղեցական կեանքի իրադարձութիւնները այս շրջանին բաւական բեղուն են։
Եկեղեցական
- 11/27/2024