ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՌԹԻՒ ԽՆԴՐԵԼ՝ ՇՆՈՐՀԱՏՈՒ ՏԻՐՈՋՄԷ

Գոհութիւն եւ փառք կը վերառաքենք առ բարձրեալն Աստուած, որ արժանի դարձուց անգամ մը եւս հոգեկան ցնծութեամբ եւ յուսադրումներով դիմաւորելու Ամանոր մը։ Կրկին մեր հարազատներով ի մի համախմբուելով բաժնեկից կը դառնանք ամանորեան սիրոյ զօրութեան, քանզի Աստուած ինքզինք յայտնեց սիրոյ գաղափարի ճամբով համայն մարդկութեան. «Գոհութիւն կը յայտնեմ քեզի՝ քու սիրոյդ եւ հաւատարմութեանդ համար, որովհետեւ ամէն ինչէ գերազանց են անունդ եւ խոստումներդ» (Սղմ. 139.2)։ Այս նշանաբանով է, որ նախ մեր ձեռքերը բացած գոհութիւն կը մատուցանենք Աստուծոյ մեզի շնորհած անցեալի օրերուն ու խոստացած ապագային համար եւ յաջորդաբար մեր հարազատներուն կը ներկայացնենք մեր շնորհաւորութիւններն ու սիրալիր մաղթանքները։

Հետեւաբար, Ամանորը նախ Աստուծոյ հայելիով մենք զմեզ դիտելու, անցեալի եւ ապագայի մասին դրական եւ կամ ժխտական արժեւորումներ կատարելու, յաջորդաբար նոյն հայելիէն ճառագայթող սիրազեղ լոյսի ջերմութիւնը մեր հարազատներուն փոխանցելու հիասքանչ առիթն է։ Ս. Ներսէս Շնորհալիի տողերով, առիթ ստեղծենք, որպէսզի Աստուածային լոյսը թող փայլի արծաթափայլ անշէջ ճրագի նման եւ սարսափելի տագնապներով խառնաշփոթ մեր ապագային մասին խորհուրդ մը դնէ մեր սրտերուն մէջ. «Սիրոյ քո հուր արկեալ յերկիր բորբոքեսցի ի հոգիս մեր, զխորհուրդ սրտից մեր մաքրեսցէ զլոյս գիտութեան քո փայլեսցէ, ի քնոյ մահու զմեզ զարթուսցէ զմիտս բոցով քո վառեսցէ. Զի ի տուընջեան եւ գիշերի տացուք քեզ փառս անլռելի» (Խաղաղական Ժամերգութեան Երգ)։ «Երկիր նետուած քու սիրոյն կրակը թող բորբոքի մեր հոգիներուն մէջ, թող մեր սրտերուն խորհուրդները մաքրէ, քու գիտութեան լոյսը փայլեցնէ, մեզ մահուան քունէն արթնցնէ եւ մեր միտքերը ու բոցով վառէ, որպէսզի ցերեկ ու գիշեր քեզի փառք տանք անլռելի» (Աշխարհաբար)։

Յատկապէս երբ մեր ետին կը թողունք՝ իր նիւթական եւ բարոյական պէսպէս տագնապներով մարդկութիւնը խորապէս ցնցող տարի մը, ստիպուած ենք յուսադրելու՝ Տիրոջ, խնդրել՝ Տիրոջմէ, քանզի անցեալ անսովոր օրերը համայն մարդկութեան ցոյց տուին, թէ չկայ մարդ արարած մը, որ առանձինն կարողանայ պայքարիլ խաւարի կործանարար զօրութեան դէմ։ Ամանորը յիշելու առիթ է, թէ յուսահատական խաւարը կը կործանէ մենակեացները եւ իր այնքան զօրաւոր ազդեցութեամբ կը սկսի սատանայական սրինգը նուագել եւ յուսահատներէ կազմուած հսկայ երգչախումբով իր սարսափելի երաժշտութիւնը մատուցել։ Յատկապէս անցեալ տարի որքա՜ն շատ լսուեցաւ հրեայ ժողովուրդին պանդխտութեան օրերուն երգուած ողբաձայն երգը. «Ամէն անգամ որ կը նստէինք Բաբելոնի գետափին, կու լայինք՝ Սիոնը մտաբերելով, մեր քնարները կախած հոն՝ գետափի ուռիներուն։ Մեզ գերութեան տանողները մեզմէ երգ կը պահանջէին, մեզ խոշտանգողները կը ստիպէին, որ ուրախացնենք զիրենք» (Սղմ. 137.1-3)։

Երբ Նաբուգոդոնոսոր թագաւոր գրաւեց Ս. Երուսաղէմը եւ քաղաքի բնակիչները ստիպուեցան հեռանալ իրենց ծննդավայրէն, այդ ահռելի տեսարանը մեծ վիշտ յառաջացուց իրենց մօտ։ Ժողովուրդ մը, մեծով պզտիկով, կ՚ողբար՝ յիշելով իր անցեալի փառքի օրերը եւ ապագային մէջ կը տեսնէր միայն ու միայն յուսախաբութիւն։ Մանուկներ մեռած էին կալանաւորման ժամանակ եւ ընտանիքներ կ՚ողբային իրենց զաւակներուն վաղահաս մահուան վրայ։ Մարդկային ոչնչացումին կը հետեւէր նաեւ հոգեկան եւ բարոյական անկումը, երբ կը բնաջնջուէր Սողոմոնեան տաճարը՝ հաւատքի սիրտը հրեայ ժողովուրդին։ Տեսարանը ժխտական էր եւ չկար յոյսի նոյնիսկ փոքրիկ նշոյլ մը։ Առ այդ, Աստուածային ներշնչմամբ գրի առնուած Սաղմոսերգուին տողերը կու գային միանալ այս յուսախաբ տեսարանին՝ առաւել կերպով մեծ նկարագրելով ժողովուրդին հիասթափուած հոգեվիճակը եւ կը շեշտէր, թէ քանդիչը յատուկ ձեւով կը մօտենար հրեայ ժողովուրդին, կը քրքրէր եւ կը ստիպէր, որ ան ողբար։ Ողբերգական եղանակի հնչիւնը մէկ կողմէ յուզումը կը ցոլացնէր ժողովրդեան, իսկ միւս կողմէ գոհունակ մեղեդի կը դառնար յաչս Բաբելացւոց։ Սակայն, որքան յատկանշական է, որ Քրիստոսէ հարիւրաւոր տարիներ առաջ տեղի ունեցած տեսարանը՝ Քրիստոսէ աւելի քան երկուհազար տարիներ յետոյ վերստին կը խօսի տարբեր նշանակութեամբ՝ տարբեր ազգութեան մը միջոցով։   

Ըստ մեր հաւատքին, գերիներն ենք այս աշխարհին եւ մեր ձեռքերուն վրայ տեւաբար զգալի կը դառնայ կապանքը չարին, որ կը ճնշէ մեր հոգւոյն խաղաղութեան վրայ։ Երբեմն կամայ, իսկ երբեմն ալ ակամայ քայլելով կը մօտենանք չարի փորձութիւններուն. բան մը, որ տակաւ առ տակաւ խաւարի գերիներուն կը վերածէ լոյսի որդիներս։ Աստուծոյ սիրով ստեղծուած եւ մեղաւոր ըլլալով հանդերձ, Աստուծոյ սիրոյն արժանացած զաւակներս, կամայ եւ ակամայ, կը մերժենք մեր Արարչին սիրալիր վերաբերմունքը եւ կը վերածուինք ինկածներու։ Հետեւաբար, ներկայիս մեր հաւաքական եւ անհատական կեանքերէն ներս պէտք է հարց տանք, թէ ո՞վ է այն փորձիչը, որ մեր հաւատքը խլել կը փորձէ, մեր կեանքի նշանակութիւնը դատարկացնել կը միտի եւ ա՛լ աւելին՝ յուսախաբութեան ովկիանոսին մէջ կ՚ուզէ խեղդել բոլորս առ հասարակ։ Նաեւ պէտք է հարց տանք, թէ ո՞վ է այս տեսարանին մէջ միակ մխիթարիչը, եթէ ոչ՝ Յիսուս Քրիստոս. «Արդ, եթէ կայ մխիթարութիւն Քրիստոսով, եթէ կայ սիրոյ սփոփանք, եթէ կայ Հոգիի հաղորդութիւն, եթէ կայ գթութիւն եւ ողորմութիւն, ուրեմն կատարեալ դարձուցէք իմ ուրախութիւնս. նոյն բանը խորհեցէ՛ք, նո՛յն սէրն ունեցէք ձեր մէջ, եղէ՛ք միաշունչ, միախորհուրդ» (Փիլիպ. 2.1-2)։

Հետեւաբար, 2022-ի սեմին եկէ՛ք հաւատքով թօթափենք ախտը յուսախաբութեան եւ քիչ մը կեդրոնանալով Արարչին հրաշագործ ներկայութեան վրայ՝ աղօթելով ըսենք. «Ո՜վ բարիք շնորհող եւ բոլոր պարգեւներովդ առատաձեռն ու անմահ Տէր, կ՚աղաչենք Քեզի, փարատէ մեր անձերէն մութ ու խաւար խորհուրդները։ Բանսարկու սատանային խաբէութենէն պահէ մեզ եւ շնորհէ՝ հաւատով ապաւինիլ Ամենասուրբ Երրորդութեանդ»։ Համավարակի բարոյական, առողջապահական, տնտեսական եւ բազմապիսի աղէտներուն յանդիման՝ թէկուզ ակամայ ինկած ըլլանք, գոնէ կամաւորապէս փաթթուինք բարիք շնորհող Փրկչին։ Եթէ նոյնիսկ խաւարի զօրութիւնը մեր վրայ ազդէ եւ մեր էութիւնը պրկելով ստիպէ, որ ըմբոստանանք Աստուծոյ՝ գոնէ ապաշխարութեան սուրբ զօրութեամբ մաքրենք մենք զմեզ եւ երգենք Աստուածահաճոյ մեղեդիներ։ Թո՛ղ որ Աստուած ամանորեան նոր էջերուն մէջ արձանագրելու արժանացնէ մեր ժողովուրդին բարւոք պահերը։ Թո՛ղ որ Աստուած նոր տարիին նոր յոյսերու իրականացում շնորհէ բարեաց կեանքերէն ներս ու մենք դառնանք յոյս ներշնչողներ անկեալներու մօտ, խանդ բաժնողներ տրտումներու մօտ եւ ի վերջոյ մեր ապագան Տիրոջ յանձնելով ըսենք. Տէր շնորհէ մեզի Քու սիրովդ օծուած շնորհաւոր նոր տարի։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, դեկտ. 2021

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021