ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Նոր տարուան առթիւ փոխանակուած շնորհաւորական մաղթանքներու, նուէրներու, կազմակերպուած խնջոյքներու եւ տօնախմբութիւններու կողքին, կարեւոր է ստեղծել պահ մը՝ խորհրդածութեան, ինքնահայեցողութեան ու ինքնաքննութեան համար։ Մեծ բանաստեղծի խօսքերով ստեղծենք առիթ «հաշուեյարդարի»1, արժեւորելու համար անցեալ տարուան ընթացքին մեր ապրածը եւ տեսնելու համար, թէ որքանով կրցած ենք արդարացնել մեր կեանքը։ Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած ամենէն թանկագին պարգեւն է կեանքը։ Եւ այդ թանկագին պարգեւին հետ Ան մեզի կը բաշխէ նաեւ շնորհներ, ակնկալելով՝ որ մենք զանոնք օգտագործենք արժեւորելու, իմաստաւորելու եւ յաւերժացնելու համար մեր կեանքը։ Առանց նպատակի կեանքը, Դաւիթ մարգարէի խօսքերով, կը նմանի խոտի։ «Մարդու համար իր կեանքի օրերը խոտի կը նմանին։ Ծաղիկի նման կը ծլի, հովը կու գայ, կը փչէ, ան կ՚անհետանայ. նոյնիսկ իր տեղը յայտնի չ՚ըլլար» (Սաղմոս 102.11):

Մեր առօրեայ զբաղումներու հեւքին մէջ չենք մտածեր, թէ մեր կեանքը ծնունդէն մինչեւ գերեզման եւ աւելի եւս անդին՝ աստուածատուր շնորհներու շարան մըն է, որ մեզ կ՚առաջնորդէ երկրէն դէպի երկինք եւ անցաւորէն դէպի յաւերժութիւն։

Ահաւասիկ Նոր տարին առիթը կ՚ընծայէ մեզի խորհրդածելու այս ճշմարտութեան մասին եւ մանաւանդ անդրադառնալու, որ մօտաւորապէս քսան դարեր առաջ, Բեթղեհէմի խոնարհ մէկ մսուրին մէջ, Յիսուս մանուկին ծնունդով Աստուած մարդացաւ՝ վերականգնելու համար աստուածադրոշմ պատկերը մարդոց մէջ։

Մեզի՝ հայ քրիստոնեաներուս համար Նոր տարին իմաստ եւ արժէք կը ստանայ յունուարի 6-ի Աստուածայայտնութեան տօնախմբութեամբ, որ բացուող Նոր տարուան առաջին կարեւորագոյն տաղաւարն է։ 

Աստուածայայտնութեան խորհուրդով սկսող Նոր տարին մեզի կը յուշէ, որ Աստուած մեզ հետ է, ինչպէս վկայած էր ժամանակին  Եսայի մարգարէն. «Ահա կոյսը պիտի յղանայ եւ որդի մը պիտի ծնի, եւ զայն պիտի կ՚ոչեն Էմմանուէլ, որ կը թարգմանուի՝ Աստուած մեզի հետ է» (Եսայ. 7.14):

Աստուծոյ մեզի հետ ըլլալու գիտակցութիւնը՝ կարելիութիւնը կու տայ մեզի ջանալ Աստուծոյ հետ ըլլալու եւ քալելու Իր ցոյց տուած ճանապարհէն՝ մեր կեանքը բարի եւ ազնիւ գործերով հարստացնելու համար։

Այս խորհրդածութիւններով դիմաւորենք 2022 թուականի Նոր տարին՝  աղօթելով, որ այս եւ յաջորդ տարիներու ընթացքին Աստուծոյ ներկայութեամբ զօրացած եւ խանդավառուած՝ կարենանք լաւագոյն կերպով արժեւորել մեր կեանքը իբրեւ անհատ եւ իբրեւ ազգ։

ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ

Դեկտեմբեր 2021, Հռոմ


(1) Բանաստեղծութեան իշխան Վահան Թէքէեանի խօսքերով՝ հաշուեյարդարի նստինք մենք մեզի հետ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021