ԳԻՏԱԿՑԻԼ ԱՍՏՈՒԱԾԱՊԱՐԳԵՒ ՇՆՈՐՀՆԵՐՈՒ ԱՐԺԷՔԻՆ

«Զոր մենք քարոզեմք, եւ խրատեմք զամենայն մարդ
ամենայն հոգեւոր իմաստութեամբ,
զի կացուսցուք զամենայն մարդ
կատարեալ ի Քրիստոս Յիսուս»

(Կողոսացիս, 1.28)

Ամանոր է։

Իւրաքանչիւր դեկտեմբերի 31-ին ականատեսները կ՚ըլլանք ժամադրութեան մը։ Ժամադրուողներն են անշունչ իրեր, ժամացոյցի սլաքները։ Ժամադրավայրն է ժամացոյցի 12 թիւը։ Բոլորիս ծանօթ է, թէ այս ժամադրութիւնը կը յարգուի նաեւ տարւոյն բոլոր օրերուն, սակայն այս մէկը կը տարբերի՝ այն առումով, որ ո՛չ միայն նախադուռն է օրուան փոփոխութեան, այլ նաեւ՝ տարեթիւին։

Եւ մենք այս ժամադրութեան ընդմէջէն կը նկատենք, թէ տարի մը եւս թողած ենք մեր ետին եւ կը պատրաստուինք նոր տարիի մը ճանապարհներուն մէջ ընթանալու։ Թէ ի՞նչպիսի ճանապարհ մը կը սպասէ մեզի, այդ ճանապարհը խոչընդոտներո՞վ լի պիտի ըլլայ եւ կամ՝ հեզասահ. այդ մասին ոչ ոք գիտէ. այդ ծանօթ է միայն Աստուծոյ։ Մեզի կը մնայ հաւատալ Տիրոջ նախախնամութեան, հաւատալ թէ՝ Ան մեր Հայրն է երկնաւոր, վստահիլ՝ Իր անսահման բարութեան եւ ողորմութեան ու ծառայական կեցուածքով մաղթել ու խնդրել, թէ բոլորիս կեանքերը ըլլան լի բարութեամբ, միշտ ի մտի ունենալով մեր մկրտութեան ուխտը։

Մեր անվերադարձ անցած ու գացած օրերու մասին երբ կը մտածենք, պէտք չէ մոռնանք, որ Աստուած անժամանակ է եւ յաւիտենական, իսկ մենք՝ ժամանակաւոր։ Աստուած ի սկզբանէ գոյութիւն ունի, յաւիտենական ինքնագոյ Էակն է, միակ պատճառը եւ արարիչը՝ երեւելի եւ աներեւոյթ բոլոր ստեղծուածներուն։ Երբ ի մտի կ՚ունենանք Աստուծոյ գոյութեան գաղափարը, անմիջապէս կ՚անդրադառնանք, թէ յաչս Աստուծոյ խնդրոյ առարկայ չէ ժամանակի ըմբռնումը, այսինքն ժամ, օր, տարի եւ կամ դար բառերը կ՚իմաստազրկուին։ Աստուած, տիեզերքի պատմութեան մէջ միայն մէկ անգամ ժամանակի սահմաններուն մէջ մտաւ, երբ Իր Խօսքը, Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ մարմնանալով Սուրբ Կոյս Մարիամէն, յայտնուեցաւ որպէս Փրկիչ համայն մարդկութեան՝ Յիսուս Քրիստոս։ Անժամանակ եւ կատարեալ Աստուած ժամանակի մէջ մտաւ, որպէսզի մարդը իր անկատարութեան մէջ հաղորդ դառնայ Աստուծոյ կատարելութեան։

Ամանորին, սլաքներով իրականացած ժամադրութեան պահը ոմանց համար առիթ է ուրախանալու, ոմանց համար՝ տխրելու։ Ոմանց համար ամանորի պահը կ՚ընկալուի՝ որպէս սովորական դէպք մը, որ ամէն տարի կը պատահի եւ կը կրկնուի եւ վերջապէս ոմանց համար՝ առիթ է մտածելու։ Մտածելու, թէ ի՞նչ բանի վրայ։ Քրիստոնէական մեր հաւատքի հասկացողութեամբ ու հիմնական սկզբունքով մտածել անցնող գացող տարիի մը վրայ՝ մանաւանդ ինքնաքննարկման ենթարկելով անվերադարձ անցած ու գացած մեր կեանքի օրերը։ Եկեղեցւոյ Սուրբ Աւազանէն վերածնանելով Քրիստոսի Մարմնին՝ Սուրբ Եկեղեցւոյ անդամակցութեան արժանացածներուս համար լաւ առիթ է մտածելու, թէ «հաւատք, յոյս եւ սէր» (Ա. Կորնթացիս, 13.13) բառերը ո՞րքան արժէք ստացած են մեր առօրեային մէջ։ Լաւ առիթ է մտածելու եւ վերյիշելու, թէ «Աստուծոյ ծառայելու» (հմմտ.Ա. Թեսաղոնիկեցիս, 1.9) խնդրանքով ներկայացուած ենք Եկեղեցիին մեր կնքահայրերուն միջոցաւ։ Լաւ առիթ է մտածելու եւ վերյիշելու նաեւ, թէ «Քրիստոսի Արեամբ գնուած ենք մեղքի ծառայութենէն» (հմմտ. Գաղատացիս, 3.13)։ Լաւ առիթ է մտածելու եւ վերյիշելու, թէ «Երկնաւոր Հօր որդեգրութեան պատիւին արժանացած ենք» (հմմտ. Գաղատացիս, 4.5)։ Լաւ առիթ է մտածելու եւ վերյիշելու, թէ «Քրիստոսի ժառանգակից եղած ենք» (Հռովմայեցիս, 8.17)։ Վերջապէս լաւ առիթ մըն է մտածելու եւ վերյիշելու, թէ «Աստուծոյ Սուրբ Հոգիին տաճար ենք» (Ա. Կորնթացիս, 6.19)։ Այդ բոլորը շնորհներ են տրուած՝ մեր Երկնաւոր Հօր տնօրինութեամբ, որպէս ցայտուն նշանը Իր անսահման սիրոյն ու ողորմութեան։ Մեղքով մեռած մարդը կեանք ստացաւ Քրիստոսով եւ պարգեւուած շնորհին նկատմամբ ունեցած հաւատքով։ Սուրբ Գիրքը կ՚ուսուցանէ, թէ «փրկութիւնը մարդոց գործերէն չէ, որպէսզի ոչ ոք պարծենայ, այլ պարգեւն է Աստուծոյ» (հմմտ. Եփեսացիս, 2.8-9)։

Աստուած կատարեալ է եւ Աստուծոյ էութեանը մէջ թերութիւն կամ սխալ գոյութիւն չունի։ Աստուծոյ կատարելութիւնը կ՚արտացոլայ նաեւ Իր խօսքերուն մէջ։ Դաւիթ մարգարէ կ՚անդրադառնայ, թէ «Տիրոջ օրէնքը կատարեալ է, հոգին կը նորոգէ. Տիրոջ վկայութիւնը ճշմարիտ է, տգէտը իմաստուն կ՚ընէ։ Տիրոջ կանոնները շիտակ են, սիրտը կ՚ուրախացնեն։ Տիրոջ պատուիրանքները պայծառ են, աչքերուն լոյս կու տան» (Սաղմոսք, 19.7-8)։ Պօղոս առաքեալ, համոզուած ըլլալով այս ճշմարտութեան, կը հռչակէ իր առաքելութեան կիզակէտը, որ է «բոլոր մարդոց ուղղեալ քարոզութիւն, խրատատուութիւն, ուսուցչութիւն հոգեւոր իմաստութեամբ» որոնց կէտ նպատակն է «մարդը կատարեալ դարձնել Յիսուս Քրիստոսով» (հմմտ. Կողոսացիս, 1.28)։

Սուրբ Գիրքը կը մատնանշէ կատարելութեան գաղափարը. անոր առընթեր կը յիշեցնէ, թէ «Աստուած մեզ հրաւիրած է սրբութեամբ ապրելու» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս, 4.7)։ Պօղոս առաքեալն է, որ ազդու կերպով կը ներկայանայ, ընդգծելով, թէ «սորվեցուցած էր Աստուծոյ հաճելի կեանք վարելու ճամբան» ու նաեւ Տէր Յիսուսի անունով կը թելադրէ. «շարունակել յառաջանալ նոյն ընթացքին մէջ» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս, 4.1)։

Ամանորին երբ կ՚անդրադառնանք ու կը մտածենք անցնող գացող ժամանակներու մասին, կը յիշենք Սուրբ Գիրքէն ազդարարութիւն մը, որ կը թելադրէ «զգուշութեամբ քալել ո՛չ թէ անմիտներու պէս, հապա իմաստուններու պէս, ժամանակը ծախու առնել, … անմիտ չըլլալ, եւ իմանալ թէ ի՞նչ է Տիրոջ կամքը» (Եփեսացիս, 5.15-17)։

Վաղանցուկ կեանքի օրերը իմաստ կը ստանան, երբ կը լիցքաւորուին ու լիցքաւորուած կը մնան Աստուածապարգեւ շնորհքով։ Այդ կ՚ունենայ իր անդրադարձը մեր անձնական, ընտանեկան եւ համայնքային կեանքին վրայ։ Մանաւանդ երբ աշխարհ տակնուվրայ եղած է համավարակի պատճառած ընկերային ու տնտեսական ազդակներով, կը հրաւիրուինք առաւել եւս յիշել զԱստուած ու պահել կենարար կապը Աստուծոյ հետ։ Առանց այդ կապին կը վերածուինք «անպտուղ թզենիի» եւ կամ «որթատունկի չորցած ճիւղերուն»։ Այս պատճառաւ լաւ կ՚ըլլայ, որ «Փորձենք եւ քննենք մեր անձերը, թէ նոյն հաւատքին մէ՞ջ ենք» (Բ. Կորնթացիս, 13.5)։ Կատարեալ Աստուծոյ Եկեղեցին, իր պատմութեան ընթացքին ցոյց տուած է, թէ ունեցած է «Բարի պատերազմը պատերազմած, ընթացքը կատարած, հաւատքը պահած» (Բ. Տիմոթէոս, 4.7) սուրբեր։ Անոնք կը բարեխօսեն մեզի համար։ Եկեղեցին ունի կարիքներ։ Ոմանք զանոնք կ՚ընկալեն՝ որպէս նիւթական կարիքներ։ Սակայն եւ այնպէս նիւթականի առընթեր եկեղեցին կարիքը ունի ամէն կարգի վրայ ծառայողներու։ Այդ ծառայողները կրնան ըլլալ դպիրներ, սարկաւագներ, հոգեւորականներ եւ կամ վարչական դէմքեր։ Այդ բոլորը յառաջ կու գան մեր ընտանիքներէն։ Աւելին. ընտանիքներ պիտի մտահոգուին իրենց եկեղեցւոյ այս կարիքներուն մասին եւ անոնք պիտի ապահովեն՝ ականջ տալով եկեղեցւոյ կոչերուն։ Եւ որպէսզի այդ կարիքներու դիմագրաւումը յաջողութեամբ պսակուի՝ կարեւոր է սրտերը բաց պահել Աստուածային շնորհներուն։ Այդ շնորհներուն հաւատքով փարած ծնողներ միայն կրնան այդ շնորհներուն հաղորդ դարձնել իրենց զաւակները, որպէսզի անոնք մնան Աստուածային շնորհներու մէջ ու առատանան անոնցմով։ Քրիստոս կատարեալ է եւ կատարեալ Քրիստոսի Մարմինը՝ Եկեղեցին, որպէսզի հեռու մնայ մարդուժի պակասի պատճառաւ յառաջանալի տկարութենէն, ընտանիքներ ինչպէս որ հոգ կը տանին իրենց հոգեհատորներու մտային զարգացման ու կ՚առաջնորդեն դէպի վարժարաններ, այնպէս ալ տեղին կ՚ըլլայ, որ զանոնք առաջնորդեն դէպի Աստուծոյ Տունը։ Եթէ նոյնիսկ անոնք գործօն մասնակցութիւն չբերեն, գոնէ Աստուծոյ Տան գոյութեան գիտակ կը դառնան եւ առ Աստուած աղօթելու վարժութիւնը ձեռք կը ձգեն, նաեւ ո՞վ գիտէ, յետագային ալ Աստուծոյ օրհնութեամբ կը տեղեկանան, թէ եկեղեցին ինչպիսի հրաշքներ գործած է իրենց ժողովուրդի առօրեայ կեանքէն ներս։ Առաքեալը բոլորիս կը թելադրէ «Հոգիո՛վ լեցուիլ, սաղմոսներով ու օրհնութիւններով եւ հոգեւոր երգերով մեր մէջ խօսակցելով՝ երգել ու սաղմոս ըսել Տիրոջ մեր սրտերուն մէջ։ Ամէն ատեն ամէն բանի համար գոհութիւն տալ Աստուծոյ ու Հօրը՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունով» (Եփեսացիս, 5.18-20)։ Երանի առաքելական թելադրանքներուն հետեւող ընտանիքներուն, քանի որ անոնց մօտ հաւատքը կը մնայ արծարծ եւ շնորհքը՝ պտղաբեր։ Անոնց մօտ կ՚ապրին մեր ժողովուրդի սրբութիւնները, որուն մէջ կը կայանայ եկեղեցւոյ առողջ գոյատեւումը։

Ամանորը թող առիթ մը ըլլայ բոլորիս համար վերադառնալու դէպի Աստուծոյ Եկեղեցիին, եթէ հեռացած ենք։ Երբ Ամանորին շնորհաւոր տարի կը մաղթենք, այդ մաղթանքներուն մէջ իրենց բաժինը ունենան նաեւ մեր եկեղեցին ու անոր հովանիին ներքեւ գործող հաստատութիւնները։

Աստուած բոլորիս պարգեւէ ուժ եւ կարողութիւն «մղելու բարի պատերազմը, պահելու հաւատքը» Աստուծոյ փառքին, եկեղեցւոյ շինութեան եւ բոլորիս հոգեւոր մխիթարութեան համար։ Շնորհաւոր Նոր տարի բոլորիս։ Ամէն։

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Դեկտեմբեր 2021, Գատըգիւղ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021