ՅՈ՞ ԵՐԹԱՆՔ՝ ԱԶԳ ՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Տօնական օրերու ու յատկապէս Ամանորի առիթով, մարդիկ սովորաբար զիրար կը շնորհաւորեն, բարեմաղթութիւններ կը փոխանակեն առաւելաբար իրենց կարիքները բաւարարելու՝ չունեցածը ձեռք բերելու եւ պակասները համալրելու ցանկութիւններ յայտնելով։ Այս վարքագիծը ընդհանրացած է ո՛չ միայն անհատական, այլ նաեւ հասարակական յարաբերութեանց հարթութեան վրայ։

Նոր տարուան նախօրեակին, կը շնորհաւորենք նահապետ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մեծ ընտանիքը, սիրելի եւ հաւատարիմ ընթերցողները, ի սրտէ մաղթելով, որ յառաջիկայ 2022 թուականը բարեբեր, օրհնաբեր եւ նուաճումներով հարուստ տարի մը ըլլայ հանուր հայութեան, Հայաստանին ու Հայ Արցախին համար։ Թող բարօրութիւնն ու զարգացումը, սէրն ու համերաշխութիւնը համակեն մեր ողջ ժողովուրդի կեանքը, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի։ Թող արդարութիւնն ու արդարադատութինը տիրեն մեր երկրէն ներս։ Մաղթենք, որ հայրենաբնակ մեր քոյրերն ու եղբայրները արժանապատիւ աշխատանք եւ արժանավայել վարձատրութիւն ունենան՝ մանաւանդ անոնք, որոնք կը ցանկան անմնացորդ նուիրումով գործել եւ արդիւնաբերել։ Մաղթենք, որ մեր սրբազնասուրբ հայրենիքը մնայ անվտանգ, անխոցելի, անսասան ու անյա՛ղթ։

Մաղթենք, որ յառաջիկայ տարուան 365 օրերը կարեկցանքով պարուրեն մարդոց սրտերը, վերազարթնեցնեն բոլորին խիղճերը, մեր ժողովուրդը զրահեն յոյսով ու վճռակամութեամբ, վերանորոգեն մեր հաւատքն ու վստահութիւնը սեփական կարողութեանց եւ Հայաստան աշխարհի պայծառ ապագայի նկատմամբ։ Հուսկ, կը մաղթենք ողջախոհութիւն, սէր եւ միութիւն մեր բազմաչարչար փոքր ածուին։

Թէեւ մաղթանքներու մեր թուարկումը կարելի է դեռ շատ երկարել, այդուհանդերձ, յստակ է, որ վերոթուարկեալները արդէն բաւարար են ապացուցանելու, թէ որքան կարիքներ ու անբաւարարութիւններ ունին մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը։

Նախատօնական այս օրերուն, պահ մը թօթափենք ամանորեայ առեւտրավազքի առթած լարուածութիւնը, ջղաձգութիւնը կամ նման մրցավազքի համար անհրաժեշտ նիւթական հնարաւորութիւն չունենալու կաշկանդող զայրոյթը եւ փորձենք խորասոյզ թափանցումով պարզել, թէ հայրենի մեր հասարակութեան գլխաւորաբար ինչ կը պակսի։

Մեզի այնքան պակսածներէն եթէ առանձնացնենք առաւել էականները, պիտի նկատենք, թէ մեր հասարակութիւնը առաջին հերթին կարօտ է բարութեան, հանդուրժողութեան, մերձաւորի նկատմամբ Աստուծոյ պատգամած սիրոյն։ Այս առաքինութիւնները ընդհանրապէս բացակայ են հաւաքական մեր կեանքէն՝ մանաւանդ անցնող երեք տարիներու ընթացքին։ Այնպէս կ՚երեւի, որ առաւելաբար բարեմտութիւնն ու բարեկրթութիւնը անծանօթ եւ խոտոր երեւոյթներ են Հայաստանի այժմու իշխանութեան ներկայացուցիչներուն, գործարարներուն, ոստիկաններուն ու դատաւորներուն, գերգնահատող միջակութիւններուն, իմաստակներուն եւ ապաշնորհներուն մօտ։

Մեր ժողովուրդը չար չէ, բայց մեզմէ որոշ հատուած մը սկսած է չարանալ։ Չմոռնանք, որ չարացած բարի մարդիկ շատ աւելի վտանգաւոր են եւ կործանարար, որովհետեւ անոնց չարութիւնը յանդուգն է, անհակակշռելի եւ մոլեգին։ Իսկ ծայրայեղ վատութիւնները առաջին առիթով կը կուրցնեն մարդոց հոգիները, կը կարծրացնեն սրտերը՝ զանոնք դարձնելով անողոք եւ անգութ։

Մեր ազգային-պետական գործունէութեան մէջ ազնուութիւնը դժբախտաբար հետեւողականօրէն կը նահանջէ։ Պարզենք։ Շատեր անցնող տարուան ողջ տեւողութեան պայքարի դրօշ պարզած էին եւ այսօր դարձած են ազնուութեան եւ վեհանձնութեան երդուեալ ու ջերմեռանդ հակառակորդներ։ 2021 թուականը մեր քաղաքական դաշտի մարտիկներուն համար հանդիսացաւ ճշմարտութիւնը մենաշնորհի վերածելու եւ անսխալականութիւն դաւանելու տարի։ Անոնք վճռական էին այլակարծութիւնը մերժելու, յաւակնոտութեամբ ուրիշներ լռութեան մատնելու եւ մեծամտութեամբ զրուցակիցը արհամարհելու իրենց վարքագիծին մէջ։

Պատասխանատուութիւնն ու խղճամտութիւնը օտարացուած են մեզմէ։ Ամենաբարին եւ Ամենակալ Աստուծոյ գոյութեան միակ, նիւթապէս շօշափելի ապացոյց հանդիսացող խիղճը պատանդուած՝ մոռացութեան տրուած է։ Իսկ արդարամտութիւնն ու պարկեշտութիւնը հազիւ յիշատակուող եզրեր են, մինչ անոնց բովանդակային ներկայութիւնը ցանկութեանց շրջագիծէն դուրս անհնար է պատկերացնել։

Անորոշութիւնը գերիշխող է մեր իրականութենէն ներս, ձեւով մը մոլորած ենք։ Թերահաւատ ենք մեր ուժերուն ու կարողականութեան նկատմամբ։ Միակ կողմնորոշիչ ու նպատակ դաւանած ենք դրամը, բարեկեցութիւնը։ Մեր ժողովուրդի գերակշիռ եւ զանգուածային մէկ հատուածը աչքածակ նիւթապաշտութեան անձնատուր է եղած, բնականաբար՝ տարբեր համեմատութիւններով։

Անարդարութեան մասին յստակ պատկերացում եւ կողնորոշում չունինք։ Անարդարութիւն կիրառողներէն շատեր անտեղեակ են, թէ ինչ կ՚ընեն։ Ողբերգականօրէն, այդպիսիսներ համոզուած են, թէ իրենք «արդարութեամբ» կը գործեն եւ չեն վարանիր իրենց ընկալած «անարդարութեան» դէմ ըմբոստանալու, պայքար շղթայազերծելու։

Սիրելի՛ երիտասարդ, այո՛, պատմական նոր ժամանակաշրջանի մը սկիզբն ենք կարծես, թէ՛ որպէս մարդկութիւն եւ թէ որպէս հայութիւն՝ ազգ ու հայրենիք։ Սա աներկբայ իրողութիւն է։ Յարափոփոխ այս երկնակամարին տակ դեգերող հայութիւնը նոյնպէս անմասն չի՛ կրնար մնալ այս իրավիճակէն, իր դէմ ծառացած բոլոր հարցերէն։

Այսօր, հայաստանեան թէ սփիւռքեան հանրային-հասարակական կեա՛նքն է, որ կը քայքայուի մեր աչքերուն առջեւ, իսկ մենք անտարբերութեամբ կը դիտենք համազգային նուիրականութեանց խախտումն ու փլուզումը։ Եթէ ժողովուրդի մը կեանքին մէջ օրէնք, հանրային կարծիք ու հաւաքական հակակշիռ կը պակսին եւ մարդիկ ուս թօթուելով կ՚անցնին, կասկածէ դուրս է, որ կամապաշտ օրինական խախտումները կը բազմանան ու կը դառնան հանապազօրեայ հաւաքական կեանքի այլանդակութիւն։ Ժողովուրդը պէտք չէ լռէ ի տես ապաբարոյ այս ընթացքին։ Լռութիւնը ոսկի չէ այս պարագային, այլ՝ մեղսակցութիւն։ Երբ դիրքի, աթոռի չարաշահում կայ, անհրաժեշտ է խօսիլ այդ մասին եւ հանգամանօրէն հաշիւ պահանջել, եթէ անշուշտ կը փափաքինք ազգաշէն գործ մը կատարել։ Առօրեայ մեր կեանքէն բխող հրատապ հարցերուն անյապաղ լուծումներ ապահովենք, որպէսզի քանի մը կեղեքիչներու պատճառաւ այդ հարցերը չմնան անլոյծ եւ մեր ազգը չտկարացնեն ու չսպառեն թէ՛ հոգեպէս եւ թէ ֆիզիքապէս։ Ականջ ունեցողը թող լսէ...։

Պահ մը նայիր Հայոց Պատմութեան՝ քու նախահայրերուդ պատմութեան եւ պիտի տեսնես, որ անոնց եւ իրենց բնաշխարհ-հայրենիքին միջեւ անտեսանելի, հայատրոփ հոգեխառնութամբ միահիւսուած նարօտ մը կայ։ Նարօտ, զոր այնքան մարդիկ եւ այնքան պետութիւններ ուզեցին քակել, խորհելով, որ այդ քակտումը պիտի ըլլար երկուքին ապահարզանը, երկուքին ալ մահը։ Նարօտ, զոր միշտ հայ պապիկը փոխանցեց հայ թոռնիկին, Խրիմեանական օրհնութեամբ։ Նարօտ, որուն պատմութիւնը հազար ու մի դրուագներով պատմեցին Թլկատինցիներ, Զարդարեաններ, Համաստեղներ, Թումանեաններ, Օշականներ՝ իրենք հող դառնալէն առաջ հայ ժողովուրդի արգաւանդ հողը անմահեցնելով հայ գիրին հրաշակերպող զօրութեամբը։ Ահա այդ նարօտը այսօր անգամ մը եւս կը կանչէ զիս, քեզ եւ մեզ՝ անո՛ր փարելու, անոր ակունքէն սնանելու, լիանալու եւ թրծուելու համար։

Սիրելի՛ ընթերցող, 19-րդ դարու յայտնի մտաւորականներէն Գրիգոր Օտեան միաբանութեան մասին հետեւեալը կ՚ըսէ. «Անմիաբանութեամբ մեծերը կը փոքրանան. իսկ միաբանութեամբ փոքրերը կը մեծնան»։ Մեր ժողովուրդի պատմական փորձառութենէն եկող անժխտելի ճշմարտութեան մը հաստատումն է սա։ Մենք «փոքր ածու» մըն ենք, չունինք ոսկիի ու քարիւղի հանքեր։ Մեր մեծութիւնը հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն մէջ է, իսկ մեր զօրութիւնը՝ մեր միասնականութեան մէջ։ Միասնականութեան առաջնորդող ապահով ճամբան փոխադարձ հասկացողութեան, փոխադարձ վստահութեան ու համագործակցութեան ճանապարհն է։

Միասնականութեան ոգիով զսպանակուած, կը մաղթենք, որ Ամանորը վերջ տայ մեր ժողովուրդի ցաւերուն, ամրակայէ մեր հայրենի պետութիւնը, չարը ընդմիշտ հեռացնէ մեզմէ եւ բարութեան սերմերով բեղմնաւորէ Հայաստան-Արցախ աշխարհը։

2021 տարին իր վերջալոյսը կ՚ապրի, շուտով կը մեկնի։ Աշխարհ ամբողջ կը վերափոխուի, ափսոս նոր քարտէսներ կը գծուին։ Իսկ մենք յո՞ երթանք՝ ազգ ու հայրենիք...

ԱԼԷՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021