ԲԺԻՇԿՆԵՐՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Բժիշկներու օրհնութեան կարգ։ Սուրբ Գայիանէի վանքի երդիքին տակ, Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ օրհնուեցան բժիշկներ եւ բուժաշխատողներ։ Օրհնութեան կարգը կատարուեցաւ Սուրբ Ղուկաս աւետարանիչի մասունքներու Աջով, որ կը պահուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Այդ մասունքները այս առթիւ դուրս բերուած էին, որովհետեւ Ս. Առաքեալը կը համարուի բժիշկներու հովանաւորը եւ բարեխօսը։

Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորութեամբ, Մայր Աթոռի միաբանները Ս. Ղուկաս աւետարանիչի բարեխօսութեան հայցով աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած՝ համավարակի դժուարին պայմաններուն ներքեւ իրենց աստուածահաճոյ ծառայութիւնը մատուցող բժիշկներու եւ բուժաշխատողներու պահպանութեան, անվտանգութեան եւ անձնուէր գործունէութեան արդիւնաւորման համար։ Արարողութիւններուն ներկայ էին շարք մը բժշկական հաստատութիւններու ղեկավարներ, բժշկական կեդրոններու քորոնաժահրի դարմանատուներու պատասխանատուներ եւ բժիշկներ։

Օրհնութեան կարգի աւարտին Նորին Սրբութիւնը խօսք ուղղեց համայն հայ ժողովուրդին եւ ի մասնաւորի բժիշկներուն ու առողջապահութեան ոլորտի բոլոր աշխատակիցներուն։ Ան ըսաւ. «Սիրելիներ, աստուածաշնորհ է մարդու կեանքն ու առողջութիւնը։ Դուք էք նաեւ պահապաններն ու հոգատարները այդ մեծագոյն պարգեւի եւ ներկայ բարդ հանգամանքներուն մէջ ամենայն ջանադրութեամբ կը պայքարիք համավարակէ տուժածներու կեանքի պահպանման, առողջութեան վերականգնման եւ ապաքինման համար։ Հիւանդի նկատմամբ բժիշկի պատասխանատուութեան ու հոգատարութեան կարեւորութիւնը կը շեշտէ մեր մեծ բժշկապետ Մխիթար Հերացին՝ հայոց Գրիգոր Տղայ Կաթողիկոսի յորդորով գրուած «Ջերմանց մխիթարութիւն» յայտնի աշխատութեան մէջ։ Մարդուն տրուած բազում շնորհներ. ինչպէս՝ հոգատարութիւն, նուիրում, սէր ու կարեկցանք, կը դրսեւորուին ձեր շնորհակալ գործունէութեամբ, որուն ականատես ենք յատկապէս համավարակի այս խռովայոյզ օրերուն։ Մեծ նուիրումով հոգ տանելով հիւանդներուն՝ դուք կ՚արտայայտէք ձեր սէրը Աստուծոյ եւ Աստուծոյ կողմէ արարուած մարդու հանդէպ։ Արդարեւ, ամէն տկար մարդու նկատմամբ մարդու խնամքի մէջ կը դրսեւորուի խոնարհումն ու սէրը առ Տէրը»։

Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ յիրաւի, մեծ պատուի, յարգանքի եւ խոնարհումի արժանի է բժիշկներու ծառայութիւնը, որ բոլոր ժամանակներուն գնահատուած է։ «Աղօթական ոգիով Սուրբ Ղուկաս աւետարանիչի մասունքով օրհնութեան արարողութիւն կատարեցինք՝ հայցելով Տիրոջ զօրակցութիւնը համավարակի տագնապալի փորձութեան դիմադրող աշխարհին եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Առանձնաբար Բարձրեալի օրհնութիւնը եւ պահապանութիւնը խնդրեցինք բժիշկներուն ու բուժաշխատողներուն, որոնք դժուարին այս օրերուն ծանրագոյն պատասխանատուութեան ներքեւ կ՚աշխատին։ Մեր սրտի փափաքն է այս մասնաւոր արարողութեամբ հայրապետական մեր սէրն ու օրհնութիւնը եւ բարձր գնահատանքը վերստին բերել առողջապահութեան ոլորտի բոլոր աշխատակիցներուն՝ ի դէմս այստեղ ներկայ մեր սիրելի բժիշկներու եւ աղօթելու ձեր առողջութեան, անվտանգութեան եւ անձնուէր ծառայութեան արդիւնաւորման համար», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։ 

Իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը նշեց նաեւ հետեւեալը.

«Մենք վերստին մեր օրհնութիւնն ու շուտափոյթ կազդուրման մաղթանքը կը բերենք վարակէն տուժած մեր սիրելի զաւակներուն, մեկուսացման մէջ ապաքինող մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն։ Աննկուն մնացէք ոգիով ու հաւատով, առ Աստուած ապաւինութեամբ դիմագրաւելով դժուարին փորձութիւնը, որպէսզի ապաքինած շարունակէք ստեղծարար ձեր կեանքը՝ ի սէր հարազատներու ու մերձաւորներու եւ մեր հայրենիքի։ Խորապէս անհանգստացած ենք, որ տագնապալի այս օրերուն համավարակը կ՚ահագնանայ եւ նոր ծաւալ կը ստանայ՝ թանկագին կեանքեր խլելով։ Բոլորս մեր պատասխանատուութեամբ եւ առողջապահական կանոններու լրջութեամբ հետեւելով ի վիճակի ենք կանխելու վարակի ապագայ տարածումը եւ դուրս գալու այս մտահոգիչ իրավիճակէն։ Մեր յորդորն է բոլորիդ, որ ամենայն խստութեամբ հետեւիք բոլոր հրահանգներուն՝ առողջ մնալու, վարակի տարածման պատճառ չդառնալու եւ այս փորձութիւնը միասնաբար յաղթահարելու համար»։

ՎԻՃԱԿԱԳՐԱԿԱՆ ՏՈՒԱԼՆԵՐ

Միւս կողմէ, երէկուան դրութեամբ, Հայաստանի մէջ քորոնաժահրի 515 նոր պարագայ ի յայտ եկաւ եւ 12 վարակեալ մահացաւ։ Երէկուան դրութեամբ առողջացած հիւանդներու թիւն է 27։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2020