ՎԱՐԴԱՎԱՌԸ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Երէկ Հայոց Եկեղեցին մեծ հանդիսութեամբ եւ մեծ շուքով տօնեց ծիսական հինգ գլխաւոր տօներուն կամ տաղաւարներուն երրորդը՝ այսինքն Այլակերպութեան, Պայծառակերպութեան կամ Վարդավառի տօնը:
Այսպէս, Վարդավառի տօնին նուիրուած բազմաթիւ միջոցառումներ կազմակերպուած են Երեւանի բոլոր վարչական շրջաններուն մէջ։
«Երեւանեան ամառ 2016» եռամսեայ միջոցառումներու ծրագրին մէջ ներառուած ազգային սիրուած տօներէն Վարդավառի համաքաղաքային միջոցառումները մայրաքաղաքին մէջ վաղ առաւօտեան սկսած են «Սանիթեք» ընկերութեան տօնական զարդարուած ջրցան ինքնաշարժներու շքերթով:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, ինքնաշարժներու շարասիւնը լուացած եւ մաքրած է Երեւանի շարք մը կեդրոնական փողոցներն ու Հանրապետութեան հրապարակի տարածքը։ Ի դէպ, ամբողջ օրուան ընթացքին «Սանիթեք»ի ջրցան ինքնաշարժները շրջած են նաեւ վարչական շրջաններու բակերուն, փողոցներուն մէջ՝ անհրաժեշտ ծաւալի ջուր ապահովելով Վարդավառի ջրախաղերու մասնակիցներուն։
Վարդավառի տօնին նուիրուած համաքաղաքային միջոցառումները Երեւանի մէջ սկսած են վաղ առաւօտեան։
Ջրցան ինքնաշարժներու տօնական շքերթէն եւ փողոցներն ու հրապարակները լուալէ յետոյ Երեւանի բոլոր ծառայութիւններու աշխատակիցները, միանալով Վար-դավառի միջոցառումներուն, իրենց ինքնատիպ մասնակցութիւնը բերած են տօնին՝ տարբեր վարչական շրջաններու մէջ լուալով ու մաքրելով շարք մը յուշարձաններ:
Բաց աստի, Արարատեան Հայրապետական Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյանի օրհնութեամբ թեմի երիտասարդաց միութիւնները «Վերականգնենք մեր ազգային տօները» խորագրի ներքոյ կազմակերպած են Վարդավառի տօնախմբութիւն, որուն մասնակցած են «Ոստան», «Վարք հայոց», «Տաւրոս» ազգագրական երգի-պարի խումբերը:
Մասնակիցները ազգային երգ ու պարով, տօնական մեծ թափօրով Արարատեան Հայրապետական Թեմի առաջնորդանիստ Ս. Սարգիս եկեղեցիէն քայլած են դէպի Մանկական զբօսայգի: Թափօրը առաջնորդած է թեմի երիտասարդական կառոյցներու համակարգող Տ. Պետրոս Ա. Քհնյ. Մալեան: Տօնախմբութեան միացած են նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի Մշակոյթի վարչութեան պետ Ռուբէն Յովհաննիսեան, վարչական շրջաններու երգի-պարի խումբերը, բազմաթիւ երեւանցիներ ու զբօսաշրջիկներ: Մասնակիցներու ուշադրութիւնը գրաւած են աւանակն ու անոր բազմած «տատիկը»։
Իսկ այգիին մէջ տօնը վերջ գտած է ազգային երգ ու պարով: Ներկայացուած են տօնի ժողովրդական սովորոյթները. կրակի մէջ խնձոր խորոված են եւ բաժանած ներկաներուն, ցորենի հասկերէն խաչբուռ պատրաստած են, բեմադրած են խնդումի եւ պուռմատիկինի ծիսական դրուագները: Բեմականացուած է Նոյ նահապետի ու անոր ընտանիքի իջնելը Մասիսէն: Միջոցառումը աւարտած է ջրախաղով եւ աղաւնիներ երկինք արձակելով:
Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեանի օրհնութեամբ եւ աջակցութեամբ թեմի երիտասարդները ամէն տարի նոր շունչ կը հաղորդեն ազգային տօներուն՝ աւելի ու աւելի մեծ ժողովրդականութիւն հաղորդելով անոնց: Սուրբ Ծնունդի, Բարեկենդանի, Միջինքի, Ս. Յարութեան, Համբարձման տօներու շարքին Վարդավառը արդէն երկրորդ տարին ըլլալով իր ուրոյն տեղը գրաւած է։
Միւս կողմէ, Գառնիի եւ Գեղարդի մէջ Երիտասարդական ակումբներու դաշնութեան նախաձեռնութեամբ արդէն երրորդ տարին ըլլալով տեղի կ՚ունենայ Վարդավառին նուիրուած միջազգային փառատօնը: Այս տարի եւս փառատօնը իրականացուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ: Փառատօնը շատ հարուստ էր կրօնական, ժողովրդական, մշակույթային եւ ժամանցային միջոցառումներով, որոնց ներկայ եղան թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ՛ արտասահմանէն մասնակիցներ։
Փառատօնի բացման արարողութիւնը վաղ առաւօտեան կատարեցին Հայաստանի Կոտայքի մարզի փոխ-մարզպետ Կարէն Մարգարեան եւ Երիտասարդական ակումբներու դաշնութեան նախագահ Ատոմ Մխիթարեան: Փառատօնի բացման ներկայացուած էին Վարդավառին նուիրուած տաղաւարներ: Իւրաքանչիւր տաղաւար կը ներկայացնէր Վարդավառի տօնի տարր մը: Տաղաւարներուն մէջ Հայաստանի տարբեր մարզեր կը ներկայացնէին Վարդավառ տօնի իրենց բնորոշ աւանդոյթները, ուտեստները, ձեռագործ աշխատանքները: Մարզերէն եկած մշակութային համոյթները, պարային խումբերը իրենց ելոյթներով տօնական մթնոլորտ հաղորդեցին:
Քանի որ Վարդավառը կը համարուի թէ՛ հեթանոսական եւ թէ՛ քրիստոնէական տօն, զուգահեռ միջոցառումներ ընթացան նաեւ Գեղարդի վանքին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ Տիրոջ Պայծառակերպութեան նուիրուած Ս. Պատարագ, որուն յաջորդեց մատաղի օրհնութեան արարողութիւնը: Ապա զայն բաժանուեցաւ ժողովուրդին: Պահպանելով տօնի ազգային շունչն ու ոգին՝ վանքի բակին մէջ «Վան», «Ակունք» ազգագրական երգի-պարի համոյթներու եւ «Վահագն» տհոլահարներու անսամպլի մասնակցութեամբ հնչեց ազգային երգ-երաժշտութիւն: Իսկ միջոցառման մասնակիցները իրենց հերթին միասնական շուրջպար բռնեցին: Ներկաներուն բաժանուեցան խորհրդանշական վարդի փունջեր:
Միջոցառումը իր շարունակութիւնը ունեցաւ Գառնիի տաճարի տարածքէն ներս, ուր բացուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 125 մեթրնոց եռագոյն դրօշը, որ փառատօնի մասնակիցները իրենց գլխավերեւին պահած պտըտեցան տաճարին շուրջը: Այնուհետեւ «Վան», «Ակունք», «Վերադարձ» եւ «Մասունք» ազգագրական երգի-պարի համոյթներու դերասաններուն մասնակցութեամբ ցուցադրուեցաւ իրենց բեմականացուցած ծիսակատարութիւնը, որու նպատակն էր պատմել՝ Վարդավառի աւանդական պատմութիւնը: Ներկայացուեցան Վարդավառի տօնի հայ ժողովրդական մի քանի դրուագներ: Ծիսակատարութեան աւարտէն յետոյ ներկայացուեցան Վարդավառի տօնին նուիրուած՝ ազգային պարեր եւ շուրջպար: Այնուհետև ներկաներու ուշադրութիւնը գրաւեցին ազգային աւանդական խաղերը, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ փառատօնի մասնակիցները: Շատերու համար ազգային խաղերը բացայայտումներ եղան:
Փառատօնի ամբողջ ընթացքին մասնակիցները պահպանեցին աւանդական այն միտքը, որ Վարդավառի տօնին վարդաջուրով ցօղուելը յաջողութիւն կը բերէ եւ մէկզմէկու վրայ ջուր ցօղուելով օծեցին զիրար։