Ս. ՄԻՆԱՍԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նշեց Սրբոցն Մինասայ, Երմոգինեայ, Գրաբոսի եւ կամաւոր աղքատացն Յովհաննու եւ Ալէքսիանոսի յիշատակութեան տօնը։ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ յարակից Ս. Մինաս մատրան մէջ արարողութիւններուն հանդիսապետեց, պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, եկեղեցականաց թափօրը, որուն միացաւ նաեւ Տ. Շնորհք Վրդ. Տօնիկեան, ուղղուեցաւ դէպի երանաշնորհ Գէորգ Ջուղայեցի Հայրապետի դամբարանը։ Սրբավայրի համազօր այս գերեզմանին շուրջ հոգեհանգստեան աղօթք կատարուեցաւ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2024