ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցան Ս. Մինասի տօնակատարութիւններ, որոնց նախագահեց Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, որ տուաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Մինասի, Երմոգինեսի, Գրաբոսի եւ կամաւոր աղքատներ Յովհաննէսի եւ Ալէքսիանոսի յիշատակութեան տօնին առթիւ պատարագեց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։ Զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ լեցուցած էին եկեղեցին։ Ուխտաւորները ունկնդրեցին Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի քարոզին, որու ընթացքին ան բոլորին համար հայցեց Ս. Մինասի եւ միւս յիշատակեալներու բարեխօսութիւնը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որով ոգեկոչուեցան՝ մանաւանդ եկեղեցւոյ հոգելոյս սպասաւորներէն Մինաս Պոյաճեանը, Մինաս Մխիկեանը եւ Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեանը։ Հանդիսադիր հայր սուրբի արձակման աղօթքով ու վերջին օրհնութեամբ արարողութիւնները հասան իրենց աւարտին։

Հուսկ, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ, ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլուի գլխաւորած Գուրուչէշմէի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը սիրոյ սեղան մը սարքեց՝ հոգեւոր հայրերուն եւ հաւատացեալներուն համար։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2024