ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՎԱՆՔԸ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ հիւրընկալեց Իսրայէլի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արման Յակոբեանը։ Նորանշանակ դեսպանը հայոց վանքէն ներս զրուցեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ։ Ներկայ էր նաեւ Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան։ Պատրիարքարանի աղբիւրները զրոյցի բովանդակութեան շուրջ որեւէ մանրամասնութիւն չեն հաղորդած։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2024