ՄԱԼԱԿԱՅԻ ՄԷՋ ՋՐՕՐՀՆԷՔ

Սպանահայութիւնը վերջին օրերուն հիւրընկալեց Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը, որ այցելեց Մալակա։ Տեղւոյն Ս. Մարիամ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ մէջ, կիրակնօրեայ Ս. Պատարագէն վերջ կատարուեցաւ ջրօրհնէք։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Արամ Աւ. Քհնյ. Յունանեան։ Ներկայ էր նաեւ Մալակայի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Թորոս Քհնյ. Եսայեան։

Ս. Պատարագին յաջորդած ջրօրհնէքին համար, Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան Մալակա տարած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ օծուած նոր Սրբալոյս Միւռոնը։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։

Նորին Սրբազնութիւնը Մալակայի մէջ խորհրդակցութիւն մըն ալ ունեցաւ՝ ծխական խորհուրդի եւ տեղւոյն «Հայրենիք» միութեան վարչութեան անդամներուն հետ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2024