ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկուան տաղաւարի Հայրապետական Ս. Պատարագի ընթացքին տուաւ իր պատգամը, որ ուղղած էր համայն աշխարհի հայութեան։ Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։ 

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն։ 

«Էր Լոյսն ճշմարիտ, որ լուսաւոր առնէ զամենայն մարդ, որ գալոց է յաշխարհ» (Յովհ. 1.9)։

Սիրելի հաւատաւոր զաւակներ Մեր ի հայրենիս եւ ի սփիւռս,

Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին, աղօթական ոգիով համախմբուած մեր սուրբ եկեղեցիներուն մէջ, կ՚օրհնաբանենք նորածին Փրկիչը։ Սուրբ Ծնունդի օրհնեալ այս օրը Բեթղեհէմի մսուրէն ծագեցաւ ճշմարիտ Լոյսը՝ լուսաւորելու համար մարդոց հոգիները։ «Այդ ճշմարիտ Լոյսն էր, որ կը լուսաւորէ ամէն մարդ, որ աշխարհ կու գայ», կը գրէ Աւետարանիչը։

Աշխարհի փրկութեան համար մարդեղացած Աստուածորդիի Սուրբ Ծնունդը Աւետարանիչի նման՝ սրբազան շարականագիրը կը համեմատէ արեգակի ծագման հետ՝ ըսելով. «Ծագեցար Հօրից՝ լուսաւորելու արարածները, Արդարութեան Արեգակ, Տէ՛ր, փա՛ռք Քեզ» (Շարական Սուրբ Ծննդեան)։ Աստուածորդին եկաւ փարատելու մեղքի ու մահուան խաւարը եւ մարդկութիւնը առաջնորդելու դէպի իր Արարիչը: Փրկչի Ծննդեան համեստ քարայրէն ճառագեց հոգեւոր նորոգութեան, հոգեւոր զօրութեան արշալոյսը:

Ծննդեան օրէն Յիսուս մանկան վիճակեցան հալածանքներ։ Փրկիչը Իր ընտանիքի հետ փախստական դարձաւ Իր ծննդավայրէն, երբ Իր մահը փափաքող Հերովդէսը կազմակերպեց մանուկներու կոտորածը՝ կարծելով, թէ սպաննեց նորածին Աստուածորդին եւ յաղթեց Անոր։ Սակայն իրական յաղթութիւնը Քրիստոսինն էր, որ փրկչական Իր առաքելութեամբ չարչարանաց ճանապարհը պսակեց յարութեան փառաւոր յաղթանակով։ Բոլոր դժուարութիւններու միջով անցնելով՝ Տէրը յոյս բերաւ անկեալ մարդուն, փրկութիւն՝ մարդկութեան, որ ընկղմած էր անօրէնութիւններու եւ կռապաշտութեան խաւարի մէջ: Պատմութեան բոլոր ժամանակներուն հերովդէսները աղէտ, աւեր ու թշուառութիւն պատճառած են մարդկութեան, չարի ներգործութեամբ գլուխ բարձրացուցած են հակառակութիւնն ու թշնամութիւնը, առաջադէմ ձեռքբերումներու կողքին եղած են աղքատութիւն, կեղեքում ու անիրաւութիւն։ Եւ այսօր ալ մարդիկ՝ մեղքերով ծանրաբեռն, կը հեռանան Աստուծմէ, աշխարհը կ՚ալեբախուի քաղաքական խարդաւանքներէ, հասարակութիւններուն տիրած է բեւեռացումներու յանգեցնող նիւթապաշտութիւնը եւ արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը դարձած են յարաբերական արժէքներ։ Հակասական ու անհանգիստ այս աշխարհին մէջ Յիսուս Քրիստոս կը ծագի որպէս Արդարութեան Արեգակ, Լոյս ճշմարիտ՝ լուսաւորելու մարդկութեան կեանքի ուղին։

Սիրելիներ, Քրիստոսի հրաշափառ Ծնունդը յոյսի եւ մխիթարութեան աղբիւր է մեր սրտաբեկ ժողովուրդի համար յատկապէս վշտատանջ այս օրերուն, երբ կ՚անդրադառնանք, որ մեր կեանքը եւս զերծ չեղաւ կործանարար սխալներէ եւ մեղանչումներէ։ Անկայուն խաղաղութեան եւ պատերազմի սպառնալիքներու յանդիման չդրսեւորուեցաւ անհրաժեշտ զգօնութիւն, հայրենիքի ու ժողովուրդի շահը ստորադասուեցաւ նեղ ձգտումներու ու նկրտումներու։ Աստուածամերժ ոգին եւ օտարածին գաղափարներն ու բարքերը ներթափանցեցին մեր հասարակութենէն ներս։ Մեր կեանքը հեռու չեղաւ կեղծիքէ, զազրախօսութենէ, անհանդուրժողութենէ, ատելութենէ ու թշնամանքէ, ինչ որ կը սփռուէր եւ կը շարունակուի սփռուիլ ամենատարբեր միջոցներով՝ մասնատելով մեզ եւ ցամքեցնելով Քրիստոսի սէրը մեր մէջ։ Իսկ Աւետարանը կը վկայէ. «Ինքն իր մէջ բաժանուած ամէն թագաւորութիւն կ՚աւերուի եւ ինքն իր մէջ բաժանուած ամէն քաղաք կամ տուն կանգուն չի մնար» (Մատթ. ԺԲ 25)։ Արցախեան պատերազմի աղիտալի հետեւանքները տագնապի եւ անորոշութեան զգացումներով պաշարած են մեր ժողովուրդի զաւակներու հոգիները։ Արցախ աշխարհի զգալի մասի կորուստը, մեր հերոս զաւակներու նահատակութիւնը, անօթեւան ու նիւթական կարիքի մէջ գտնուող տեղահանուած տասնեակ հազարաւոր արցախցի մեր եղբայրներու ու քոյրերու, հազարաւոր վիրաւորներու եւ գերեվարուած հայորդիներու ցաւն ու վիշտը մեր ազգային կեանքը հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ վերածել են մռայլ ու մթագնած գիշերուայ։ Այս խաւարի, մղձաւանջային այս իրականութեան մէջ այսօր պայծառօրէն կը ծագի Արդարութեան Արեգակը՝ լուսաւորելու մեր ազգային ու հայրենական անդաստանը եւ Իր ջերմացնող զօրութեամբ բժշկութիւն պարգեւելու ազգիս վիրաւոր հոգիին։

Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ, մարդեղացեալ Աստուածորդիի անբաւ սիրոյն եւ փրկութեան շնորհին ապաւինելով մենք դարերու ընթացքին յաղթահարած ենք պատերազմներու, աղէտներու տառապանքներն ու զրկանքները, յուսախաբութիւնն ու յուսալքութիւնը եւ կերտած՝ մեր կեանքի յաղթանակները: Այս օրերուն եւս մեր հաւատքը կենդանի է նոյն վստահութեամբ։ Մենք ի զօրու ենք վերստին հզօրացնելու ու շէնացնելու մեր հայրենիքը եւ մեր կեանքի նոր զարթօնքը իրականութիւն դարձնելու աշխարհասփիւռ հայութեան ներուժի ու ջանքերու մէկտեղումով, Հայաստան ու Արցախ համերաշխ ու միաբան հասարակութեամբ, զարգացած տնտեսութեամբ, գիտութեամբ ու կրթութեամբ, նորագոյն սպառազինութիւններով համալրուած բարձր մարտունակութեամբ բանակով։ Ինչպէս պատերազմի տագնապալի օրերուն, մեր սրտերը պիտի բաբախեն հայրենիքի սիրով, մեր մտքերն ու նուիրական զգացումները փարած պիտի ըլլան հայրենի սրբազան երկրին։ Հայրենական կեանքի կայունութիւնը հաստատուն պահելու, երկիրը վտանգներու չառաջնորդելու, առկայ ճգնաժամերը յաղթահարելու, արտագաղթի աղէտը կասեցնելու համար հարկ է ամէն յանձնառութիւն, ամէն զոհաբերութիւն։ Մեր ազգի ու ժողովուրդի համար օրհասական փորձութեան այս պահուն ամուր մնանք յոյսով ու հաւատով եւ Տիրոջ կենարար զօրութեամբ գօտեպինդ՝ ուժ առնենք արհաւիրքներէ յառնելու, երկնառաք օգնականութեամբ փարատելու մեզի պարտադրուած այս թանձր խաւարը եւ լուսաւորելու մեր կեանքի նոր հորիզոնները։

Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան այս հոգենորոգ օրը հայցենք, որ Աստուծոյ փրկութեան շնորհին ապաւինած՝ ընթանանք դէպի մեր իղձերու իրականացումը եւ մեր արդար իրաւունքներու յաղթանակով պսակումը։ Աղօթենք, որ Սուրբ Ծննդեան աւետաբեր լոյսով միշտ լուսաւորուի երկնակամարը մեր ազգային ու հայրենական կեանքի, յաւէտ պայծառ ըլլայ մեր Սուրբ Եկեղեցին հոգեւոր դասու արդիւնաւոր ծառայութեամբ ու հաւատացելոց նուիրեալ ընթացքով եւ հայոց աշխարհը պարուրուի մարդացեալ Փրկչի սիրով ու պարգեւած յոյսով: Թող Տէրը խաղաղութիւն պարգեւէ համայն աշխարհին, մարդոց հոգիներուն, Իր խնամքի մէջ խաղաղ ու ապահով պահպանէ հայրենի մեր երկիրը՝ Հայաստանն ու Արցախը եւ շնորհէ բարօր ու շէն կեանք աշխարհասփիւռ ազգիս հայոց, այսօր եւ միշտ եւ յաւիտեանս. ամէն:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,

Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս։

Հինգշաբթի, Յունուար 7, 2021