ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առթիւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս հայրապետական Ս. Պատարագի, աշխարհացրիւ իր հօտին տուաւ տաղաւարի պատգամը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն։

«Փառք ի բարձունս մեծիդ Աստուծոյ, որ եկիր եւ փրկեցեր զտիեզերս Քոյով յայտնութեամբ»
(Շարական Սուրբ Ծննդեան):

Սիրելի հաւատաւոր ժողովուրդ,

Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնին «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» երկնաձայն աւետիսով Մեր սէրն ու բարեմաղթանքները կը բերենք ձեզի՝ եկեղեցւոյ մէջ համախմբուած բարեպաշտ հաւատացեալներուդ, համայն մեր ժողովուրդին եւ Աստուածորդիի առջեւ խոնարհուած հովիւներու ու հրեշտակներու հետ կ՚օրհնաբանենք մարմնացեալ Փրկիչը՝ ըսելով. «Փառք բարձունքներուն մէջ մեծդ Աստուծոյ, որ եկար եւ Քո յայտնութեամբ փրկեցիր տիեզերքը»։

Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան հրաշազարդ խորհուրդով այսօր փրկութեան յոյսն ու շնորհը վերստին կ՚իջնէ արհաւիրքներէ ու աղէտներէ խռովայոյզ աշխարհի վրայ։ Բեթղեհէմեան աստղի պայծառ շողարձակումով, Մանուկ Յիսուսի Ծննդեան շնորհով Բեթղեհէմ դարձած հոգիներէն կը ցրուի անյուսութեան խաւարը։ Աստուած Իր Միածին Որդիի յայտնութեամբ հրաւէր կ՚ուղղէ ողջ մարդկութեան՝ իրենց սրտերը դարձնելու աստուածային անսահման սիրոյ յայտնութեան վկայարան, մեղքերէն սրբուելու, վերափոխուելու եւ նորոգութեան միջոցաւ փրկուելու: «Հեռո՛ւ վանեցէք ձեզմէ հին մարդը իր նախկին կենցաղով, այն, որ ապականուած է խաբեպատիր ցանկութիւններով. նորոգուեցէ՛ք ձեր մտքով եւ հոգիով ու հագէ՛ք նոր մարդը, որ ստեղծուած է ըստ Աստուծոյ՝ արդարութեամբ եւ ճշմարիտ սրբութեամբ», կը յորդորէ առաքեալը (Եփ. 4.22-24):

Մարդու նորոգութեան ու փրկութեան ուղին Աստուծոյ պատուիրաններով ապրիլն է, մեղքի կապանքներէ ազատագրումը, ինչ որ հաստատուն երաշխիքն է մարդկութեան յարատեւութեան եւ գրաւականը յաւիտենական երանութեան։ Փրկիչ մեր Տէրը, որպէս Աստուծոյ առ մարդն ունեցած անսահման սիրոյ եւ հոգատարութեան առհաւատչեայ, կը հաւաստէ, որ աշխարհ կրնայ վերափոխուիլ, տառապանքի ու անարդարութեան իրականութիւնը կրնայ վերածուիլ երանութեան վայրի՝ ըստ Եսայի մարգարէի վկայութեան. «Դժուարին տեղերը պիտի դիւրին դառնան եւ առապարները՝ դաշտեր։ Պիտի յայտնուի Տիրոջ փառքը, եւ ամէն մի մարմնաւոր պիտի տեսնէ Աստուծոյ փրկութիւնը» (Եսայի 40.4-5)։

Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ, Սուրբ Ծննդեան հրեշտակաձայն աւետիսը այս օրերուն՝ աղէտալի պատերազմի կորուստներու ցաւերով մորմոքուող, բեկուած ու տագնապած, անորոշութիւններով անհանգիստ մեր սրտերուն մխիթարութիւն եւ սփոփանք կը բերէ, որպէսզի Տիրոջ փրկարար շնորհներով զօրանանք, հաւատով փոխակերպուինք եւ յոյսով յաղթանակենք։ Այսպիսի ոգիով ու ընթացքով, անտարակոյս, պիտի կարողանանք յաղթահարել պատուհասներն ու նեղութիւնները եւ հզօրանալ որպէս ժողովուրդ ու պետութիւն, հայրենիք եւ սփիւռք։ Մեր հայրերը մեզ ուսուցանած են, որ աննկուն ըլլանք աղէտներու ու փորձանքներու դէմ, թոյլ չտանք, որ մեզ պարտութեան մատնեն հոգսերն ու կարիքները, հայրենիքի ապագայի հանդէպ տագնապները։ Թէ՛ հայրենիքի մէջ եւ թէ աշխարհասփիւռ մեր համայնքներէն ներս ըլլանք միաբան ու միասնական։ Մեր անմիաբանութիւնն ու անհամերաշխութիւնը ծնունդ կու տան նոր կորուստներու՝ ոտնակոխ ընելով մեր մեծ ու փոքր յաղթանակները։ Ներկայիս բարդ իրադրութեան մէջ հարկ է, որ սթափուինք, մերժենք Աստուծմէ մեզ հեռացնող ընթացքները եւ մեր կեանքը ամրօրէն խարսխենք դարերու փորձութիւն անցած, մեր ժողովուրդի յարատեւութիւնը երաշխաւորած ազգային եւ հոգեւոր արժէքներու վրայ։ Ամէնքս սրբազան պարտք ունինք հայրենիքի համար նահատակութեան պսակը ընդունած մեր զաւակներու յիշատակին առջեւ՝ անձնուրաց ջանքեր ներդնելու յանուն հայրենի մեր երկրի, յանուն Արցախի ազատ կեանքի, յանուն հայոց պետականութեան անսասանութեան ու ազգային մեր ինքնութեան անխաթար պահպանութեան։ Միշտ յիշենք՝ հայրենիքի շահը վեր է ամէն ինչէ, մեր ժողովուրդի ազատ ու ապահով կեանքը՝ առաջնահերթութիւն։ Հզօր ու շէն հայրենիքի տեսլականի իրագործումը կը պահանջէ յանձնառութեան եւ անձնազոհութեան ոգի ու գիտակցութիւն, ազնիւ ու արդար գործելակերպ եւ հոգեւոր, բարոյական արժէքներու վրայ հիմնուած կենսակերպ։ Այդ առաքելութիւնը հնարաւոր է իրականութիւն դարձնել մեր Տիրոջ լուսաւոր օրինակով, որ, ըստ Իր խօսքի, չեկաւ պաշտօն, ծառայութիւն եւ պատիւ ընդունելու, այլ ծառայելու (Մատթ. 20.28)։ Ամէն մէկ պաշտօն եւ իշխանութիւն հասարակական, քաղաքական կամ պետական ոլորտէ ներս պէտք է ծառայէ երկրի յառաջընթացին, ընդհանուրի բարեկեցութեան ու ապահովութեան, ինչպէս բարեպաշտ ընտանիքի մէջ։ Երբ պաշտօնը կը դադրի սպասաւորութիւն ընկալուելէ, կը դառնայ պատճառ կամայականութիւններու, չար ու անարդար գործերու: Մինչ ազգաշահ ու հայրենանուէր բարի գործերով, իրարու հանդէպ հոգածութիւն, սէր ու խնամք ցուցաբերելով է, որ ուժ ու զօրութիւն կ՚ունենանք նեղութիւններն ու դժուարութիւնները յաղթահարելու, երկիր շէնացնելու։ Փրկչի Սուրբ Ծննդեան խորհուրդով նորոգուած կեանքով, կը հաւատանք, կարող պիտի ըլլանք կերտելու նոր իրականութիւն, ուր գերակայ կ՚ըլլան փոխհասկացողութիւնն ու համերաշխութիւնը, ուղղամտութիւնն ու հայրենանուիրումը. նոր իրականութիւն, ուր իւրաքանչիւր յանձնառութիւն միտուած կ՚ըլլայ մեր ժողովուրդի իղձերու ու ձգտումներու իրագործման։ Այս տեսլականով եւ Քրիստոսի պարգեւած փրկութեան շնորհով, սիրելի հաւատացեալներ, վերափոխենք մեր կեանքի ընթացքը եւ միշտ քայլենք վերելքի ու սիրոյ կենարար ճանապարհով։

Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան այս հոգեպարար օրը աղօթենք միասին, որպէսզի Բարձրեալն Աստուած օրհնէ, խաղաղ պահէ ու պահպանէ հայրենի մեր երկիրը եւ աշխարհը համայն։ Աղօթենք, որ մեր հայրենիքը դառնայ մսուր աստուածային ներկայութեան եւ մեր ժողովուրդի զաւակներու հոգիները զօրանան հաւատով ու լաւատեսութեամբ։ Թող Տէրը Իր ամենախնամ Սուրբ Աջի օգնականութեամբ մեզ առաջնորդէ ընթանալու հաւատոյ բարի գործոց շաւիղներով եւ փառաբանելու Իր Սուրբ Անունը այսօր եւ միշտ եւ յաւիտեանս. ամէն:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,

Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս։

Ուրբաթ, Յունուար 7, 2022