ՄԱՍՏՐԻԽՏԻ ՄԷՋ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

Հոլանտահայութիւնը երէկ յատկանշական օր մը ապրեցաւ՝ Մաստրիխտ քաղաքի Ս. Կարապետ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ։ Այսպէս, ինն տարիներ առաջ պաշտամունքի բացուած այս աղօթատան հիմնադրութեան տարեդարձին առթիւ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններ։ Եկեղեցւոյ իններորդ տարեդարձին առթիւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց եւ օրուան պատգամը տուաւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որու առընթերակայ էր Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Հոլանտահայ հաւատացեալները հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտին մէջ մասնակցեցան կիրակնօրեայ արարողութիւններուն եւ ունկնդրեցին Նորին Սրբազնութեան քարոզին։

Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ նաեւ աշխարհիկ հանդիսութիւն, որու ընթացքին Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց հոլանտահայ հաւատացեալներուն հետ։ Առիթէն օգտուելով Նորին Սրբազնութիւնը տեղւոյն վարչայիններուն հետ ալ խորհրդակցեցաւ՝ ծխական եւ համայնքային կեանքին կենսունակութիւն հաղորդելու ուղղեալ զանազան խնդիրներու շուրջ։

Տարեդարձի առթիւ տեղի ունեցան նաեւ պարգեւատրումներ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 7, 2022