«ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ»Ի ՀՌՉԱԿՈՒՄ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2022 թուականը հռչակած է «Սփիւռքի տարի»։ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը 2003 թուականէն ի վեր իւրաքանչիւր տարին կը բնորոշէ՝ հայ ժողովուրդի կեանքին հետ աղերսակից կարեւոր դէպքով մը, յոբելեանով մը կամ երեւոյթով մը։

Վաղը Անթիլիասի մէջ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ յընթացս Ս. Պատարագի հանդիսաւորապէս պիտի ընթերցուի Նորին Սրբութեան 2022 թուականի վերաբերեալ հռչակագիրը։

Շաբաթ, Յունուար 8, 2022