ԲԻՒՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, երէկ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։ Տէրունական աղօթքով բացուեցաւ առաջին նիստը։ Վեհափառ Հայրապետը ԳՀԽ-ի հոգեւորական եւ աշխարհական անդամներուն տուաւ իր օրհնութիւնը եւ փոխանցեց բարեմաղթանքներ։ Նորին Սրբութիւնը մասնաւոր գոհունակութեամբ ընդգծեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի մասնակցութիւնը այս նստաշրջանին։ Ան նաեւ շնորհաւորեց Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեանը, որ վերջերս Ֆրանսայի հայոց թեմակալ առաջնորդ ընտրուած էր։ Այս կապակցութեամբ Նորին Սրբութիւնը նորընտիր առաջնորդին մաղթեց արդիւնաւէտ առաքելութիւն։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգի հաղորդումներով, նստաշրջանի օրակարգի վրայ ընդգրկուած են ազգային, եկեղեցա-վարչական, իրաւական, կանոնական եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման վերաբերեալ հարցեր։

Միւս կողմէ, ԳՀԽ-ի նստաշրջանէն առաջ, Վեհարանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հանդիպումը։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը ջերմօրէն ողջունեց Պատրիարք Հայրը եւ բարի կեցութիւն մաղթեց։ Նորին Սրբութիւնը հետաքրքրուեցաւ նաեւ Պոլսոյ Աթոռի հաւատացեալներով եւ այս առթիւ փոխանցեց իր հայրական օրհնութիւնները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ բարձր տրամադրութեամբ ներկայացաւ Վեհափառ Հայրապետին, շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած հիւրընկալութեան համար։ Ան ընդգծեց, որ երկու տարի վերջ դարձեալ կ՚այցելէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ իրեն տեսակէտէ հոգեւոր մեծ ուրախութեան առիթ էր՝ հերթական անգամ համայն հայութեան սրբութիւն սրբոցի մթնոլորտը շնչելը։ Նորին Ամենապատուութիւնը նշեց, որ շաբթուան մը կեցութիւնը առիթ պիտի ընձեռէ, որպէսզի Մայր Աթոռի օրհնութիւնը զգայ լի ու լի ու վերաթարմացած վերադառնայ Իսթանպուլ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս այցելութեան առթիւ Վեհափառ Հայրապետին յանձնեց յուշանուէր մը։ Ան Նորին Սրբութեան ներկայացուց նաեւ արեւմտահայերէնով լոյս տեսած «Քրիստոնէութեան հիմնական սկզբունքները» նորատիպ գիրքի առաջին օրինակը։ Այս աշխատութիւնը տարիներ առաջ հրատարակուած էր թրքերէնով եւ անգլերէնով։ Զրոյցին ներկայ էին նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2022