ԿԻՍԱՏ ԵՐԱԶ
Առաջին անգամ զինք տեսայ հրապարակը. նստած մայթի մը վրայ, հաց կ՚ուտէր:
Ճամբաս շարունակեցի, աչքերուս մէջ դրոշմուած այդ տղեկին ազնիւ դէմքը:
Առաւօտ էր: Ենթադրեցի որ այդ պզտիկը իր նախաճաշը կ՚ընէր, նախքան տեղ հասնիլը: Հարցումները բազմացան մտքիս մէջ, ամբողջ օրը անհանգիստ էի, առանց ցաւ ունենալու: Մտածումներուս, խոկումներուս նոր ընկեր դարձաւ նաեւ այդ անծանօթ տղեկը: Մտածեցի երկար ժամեր անոր մասին, անքուն մնալու աստիճան:
Խանգարուած, մութին իջայ փողոց: Սպասեցի արեւուն ու խորհեցայ, որ արեւուն հետ արդեօք այդ տղեկին նորէն պիտի հանդիպէի՞: Ինծի համար կարեւոր էր, շատ կարեւոր, զինք վերստին տեսնել:
Արեւուն ծնունդով ամայի հրապարակը կեանք առաւ ու լռութիւնը անէացաւ... ցնոր տնօրինութիւն:
Թերթ վաճառողի մը հարցուցի այդ տղեկին մասին:
«Այդպիսի տղեկ մը չեմ տեսած», ըսաւ եւ արագացուց քայլերը եւ անհետացաւ: Ան կարծես կ՚աճապարէր ու կ՚աշխատէր ձեռքի ծանրութիւնը թեթեւցնելու համար:
Երկու ժամ սպասելէ ետք յոյսը մարած մէջս, վերադարձայ տուն: Վաղը առաւօտ կը գտնեմ զինք ըսելս ու տուն վերադառնալս մէկ եղաւ:
Յաջորդ օրը առաւօտ կանուխ արթըն-ցայ ու շիտակ ուղղուեցայ հրապարակ, առանց աջ ու ձախ դիտելու:
Հասայ, գտայ տղեկը, նոյն մայթին վրայ ան իր հացին վերջին պատառը կը ծամէր ու կը պատրաստուէր մեկնելու: Կեցուցի զինք:
-Բարե՛ւ:
Տղեկը ազնուութեամբ փոխադարձեց բարեւիս:
-Դուն զիս չես ճանչնար: Ես ամէն օր այս հրապարակէն կ՚անցնիմ ու քեզ կը տեսնեմ այս մայթին վրայ:
-Այո, ամէն առտու նախաճաշս այս մայթին վրայ կ՚ընեմ ու կ՚երթամ գործիս:
-Իսկ ձմե՞ռը:
-Պատշգամներու տակ, երբեմն ալ շէնքերու մուտքին:
-Տուն չունի՞ս:
-Ո՛չ: Կ՚ապրիմ հիւանդ հօրեղբօրս տունը:
-Իսկ ծնո՞ղքդ:
-Մէկը միւսին ետեւէն գնաց աս աշխարհէն, առանց լուրջ հիւանդութիւն ունենալու:
-Իսկ դուն ի՞նչ կ՚ընես:
-Կ՚աշխատիմ գոյութիւնս պահպանելու համար եւ կ՚օգնեմ ամուրի ծեր հօրեղբօրս: Ես իրմէ զատ մէկը չունիմ:
-Ի՞նչ կ՚աշխատիս:
-Երկաթագործ եմ:
-Քանի՞ տարի կ՚ընէ որ կ՚աշխատիս:
-Կ՚ընէ մէկ տարի, հօրս-մօրս մահէն ի վեր:
-Հիմա գնա՛ գործիդ: Վաղն առաւօտ այս ժամուն ինծի սպասէ:
Յաջորդ առաւօտ հիւանդատար ինքնաշարժ մը կ՚անցնէր, կարծես ինձմէ առաջ հասնելու հրապարակ...: Ուժասպառ վազեցի հիւանդատար ինքնաշարժին ետեւէն: Երբ հասայ, արդէն հիւանդատարի երիտասարդները արկածով գետին տապալած մէկը կը պատրաստը-ւէին փոխադրել: Երիտասարդի մը մօտենալով, հարցուցի պատահարին մասին:
-Մայթին վրայ նստած տղեկ մը ինքնաշարժի արկածի զոհ գնաց...:
Մօտեցայ մայթին, արեան մէջ թաթ-խըւած հացը տեսայ, արցունքներս սառեցան, ինչո՞ւ՝ չեմ գիտեր, ան աշխարհէն անօթի մեկնած էր, անօթի միանալու ծնողքին:
Վախը սրտիս մէջ, աչքերուս դուռը բացի: Պատուհանէս հոսող արեւուն հոսքը չայլափոխեց զիս: Այդ վայրկեանէն դադրեցան ինծի համար մայթերը ապահով վայր ըլլալէ: Անհեթեթ է կեանքը...
Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ
Պէյրութ