ՔԵՓՓԷԼԻ ԿՈՂՄԷ ՎԱՐՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԵՐ

Դա­սա­կան կի­թա­ռի աշ­խար­հահռ­չակ վար­պետ Հիւ­պերթ Քեփ­փէլ այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան։ Գեր­մա­նա­ցի հե­ղի­նա­կա­ւոր ա­րուես­տա­գէ­տը Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) կազ­մա­կեր­պու­թեամբ կը գտնուի Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Իր ներ­կա­յու­թիւ­նը ե­րի­տա­սարդ կի­թա­ռա­հար­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ դար­ձած է ե­զա­կի հնա­րա­ւո­րու­թիւն մը։ Ար­դա­րեւ, ՀԲԸՄ-ի Հա­յաս­տա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի նո­րա­կա­ռոյց կեդ­րո­նէն ներս Հիւ­պերթ Քեփ­փէլ կու տայ դա­սըն­թացք­ներ։ «Վար­պե­տու­թեան դա­սեր» ձե­ւա­չա­փով ան աշ­խա­տանք կը տա­նի ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հետ՝ որ­պէս­զի ա­նոնք ներ­թա­փան­ցեն այդ անկրկ­նե­լի նուա­գա­րա­նի գաղտ­նիք­նե­րուն։

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2016