«ՖՐԱՆՍԱՆ ՄԵՐ ԲԱՐԵԿԱՄՆ Է». ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԵՐԳԱՐՇԱՒ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԵԾ ԵՐԱԺԻՇՏՆԵՐՈՒ
Հայաստանի մարզերէն սկսաւ եւ Երեւանի մէջ յուլիսին ամփոփուեցաւ «Ֆրանսան մեր բարեկամն է» խորագրով երաժշտական արշաւը՝ նուիրուած երկու ֆրանսահայ մեծանուն երաժիշտներու՝ Միշէլ Լըկրանի եւ Ժորժ Տիրան Կառվարենցի ծննդեան 90-ամեակներուն: Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան տրամադրած դրամաշնորհով, «THEA Orchestra» մայրաքաղաքային երաժշտական խումբը երկու ամիս շրջեցաւ Հայաստանի մարզերով եւ հնչեցուց ֆրանսահայ երկու երգահաններու գործերը, նաեւ նոր ու ժամանակակից երգեր հրամցնելով երաժշտասէրներուն: Համերգներէն անպակաս էին Շարլ Ազնաւուրի երգերը: Արշաւը նաեւ հայ-ֆրանսական ջերմ յարաբերութիւնները անգամ մը եւս ընդգծելու նպատակ ունէր:
«THEA Orchestra» խումբին մէջ կան երիտասարդ ու արհեստավարժ երաժիշտներ, որոնք կը նուագեն նաեւ Հայաստանի պետական ճազ, Հանրային ձայնասփիւռի էսթրատային եւ սիմֆոնիք, Օփերային թատրոնի նուագախումբերուն մէջ։ Ոչ միայն ոգեկոչուեցաւ յիշատակը ֆրանսահայ երկու երաժիշտներու, այլեւ մարզերու մէջ անտեղեակ մարդիկ ծանօթացան ֆրանսական եւ համաշխարհային երաժշտարուեստի մէջ մեծ ներդրում ունեցած երկու հայերու արուեստին:
Այս սիւնակին մէջ անցեալ փետրուարին ծաւալուն նիւթով մը անդրադարձած էինք Ժորժ Կառվարենցի 90-ամեակին՝ նշելով, որ 1950-ականներուն Ժորժ Կառվարենցի երգերը կատարած են ֆրանսական բեմի աստղեր՝ Ճոնի Հոլիտէյ, Միրէյ Մաթիէօ, Շարլ Ազնաւուր, Տալիտա, Սիլվի Վարդան, Ժիլպէռ Պեքօ եւ ուրիշներ։ 1960 թուականին անոր «Տանիէլ» երգը Էտի Միշէլ եւ Ժոզէ Նուար խումբի կատարմամբ արժանացաւ առաջին մրցանակին։ Այդ տարիէն Կառվարենց դարձաւ ֆրանսական երաժշտութեան ինքնատիպ երգահաններէն մէկը, որուն աւելի քան հինգ հարիւր երգերը, աւելի քան քառասուն ձայնասկաւառակները մեծ տարածում գտան երգարուեստի սիրահարներուն միջեւ։
Այս անդրադարձը Միշէլ Լըկրանի 90-ամեայ յոբելեանին առթիւ է:
Արուեստագէտը երկրային կեանքին հրաժեշտ տուած է 2019-ին, բայց անոր անունը, գործը միշտ կ՚ապրին մարդոց սիրտերուն մէջ: Լըկրանի 90-ամեակը կը տօնուի Ֆրանսայի մէջ, նաեւ սփիւռքեան շրջանակներէ ներս, իսկ Հայաստանի համերգային արշաւը երախտիքի եւս մէկ տուրք էր աշխարհահռչակ արուեստագէտին:
90-ամեակին առթիւ բեմերէն, ձայնասփիւռէն եւ հեռատեսիլէն լսուեցան Լըկրանի անմեռ երգերը, որոնք հնչած են աւելի քան երկու հարիւր ժապաւէնի մէջ՝ համաշխարհային հռչակ ապահովելով հեղինակին: «Շերպուրկի հովանոցներ» ժապաւէնին երաժշտութիւնը այդ երգերէն գլխաւորն էր, որ Լըկրանի յոբելեանին առթիւ կրկին կը յիշուի: Այդ երաժշտութիւնն էր, որ առաջին «Օսքար»ը բերաւ Լըկրանին: Ատկէ ետք ան երկու «Օսքար» եւս նուաճած է, հինգ անգամ «Կրեմի»ի մրցանակակիր եղած է, ստացած է «Ոսկէ կլոպուս», «Արմաւենիի ճիւղ», «Ոսկէ արծիւ» մրցանակները, Պատուոյ լեգէոնի շքանշանը եւ պետական կամ արուեստի բնագաւառի ուրիշ մրցանակներ: Իր ստացած մրցանակներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Միշէլ Լըկրան նշած է, որ իրեն համար մրցանակներուն շատ ըլլալը կարեւորութիւն չունի։ «Կարեւորը՝ մարդու ներքին աշխարհն ու սիրտն է, կարեւորը՝ քու սեփական գործիդ մէջ միշտ յառաջընթաց արձանագրելն է: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ այն հանգամանքը, որ անհրաժեշտ է աշխատիլ սիրով», ըսած է ան:
Համաշխարհային շրջագայութիւններու կարգին Լըկրանի համար յատուկ նշանակութիւն ունեցած են Հայաստան այցելութիւնները: Շատեր տակաւին կը յիշեն այն անմոռանալի աշնանային օրը, երբ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Ազնաւուր եւ ընկերները» խորագրով հիասքանչ համերգը: Աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի հետ այդ օրը Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հնչած էին նաեւ Հայաստան այցելած ուրիշ աստղերու՝ Էլէն Սեկարայի, Նանա Մուսքուրիի, Իզապէլ Կուլէի, Տանի Պրիանի, Լիւ Ռեւոնի ձայները: Բեմին վրայ էր նաեւ ուրիշ հռչակաւոր ֆրանսահայ մը՝ Միշէլ Լըկրան: 2006 թուականի սեպտեմբերեան այդ օրը հանդիսատեսը իւրովի ճանչցաւ աստղերը, նաեւ Միշէլ Լըկրանը: Պատմութեան թանգարանին առջեւ զետեղուած բեմահարթակին վրայ Լըկրան կը նուագէր եւ միաժամանակ կ՚երգէր իր այդ ժամանակուան երաժիշտ կնոջ հետ… Այս մէկը Լըկրանի միակ այցը չէր հայրենիք: Ան շատ անգամներ այցելած է Հայաստան, իսկ 2009 թուականին, Սերկէյ Սմբատեանի ղեկավարած Պետական երիտասարդական նուագախումբին հետ, մենահամերգ ունեցած է: Այդ ժամանակ ալ ան ստացած է Հայաստանի «Պատուոյ շքանշանը»: Ատկէ ետք Լըկրան Հայաստան եկած է նաեւ 2012 եւ 2017 թուականներուն: Վերջին այցին անոր հետ Հայաստան եկած էր նաեւ իտալացի նշանաւոր դերասանուհի Օրնելլա Մութի, որուն հետ մասնակցեցան Հայաստանի անկախութեան 26-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկներուն:
Իր ամբողջ կեանքի ընթացքին Միշէլ Լըկրան շրջապատուած է աստղերով, աշխարհահռչակ մարդոցմով, փառքով եւ ծափերով, մինչդեռ իր մանկութեան տարիներուն եղած է մինակ՝ մայրական կողմէ մեծ հօր ընտանիքի երդիքին տակ ժամեր սպասելով, որ մայրը աշխատանքէն տուն դառնայ: Ծնողքը ամուսնալուծուած էր եւ ինքն ու քոյրը կը բնակէին մեծ հօր՝ Սարգիս Տէր-Միքայէլեանի տան մէջ: Նկարագրելով իր մանկութիւնը՝ ան միշտ ըսած է, որ գորշ օրերու շրջան մը եղած է իր կեանքին մէջ:
Լըկրան ծնած է 1932 թուականին, Փարիզ: Կոտորածներու ընթացքին միայն իր մեծ հայրը ողջ կը մնայ ու կը փոխադրուի Ֆրանսա, ուր կը ծնի իր մայրը՝ Հայկուշ Մարսէլ Տէր-Միքայէլեանը, որով հայկականութիւնը կը փոխանցուի իրեն եւ իր զաւակներուն։ Հայկուշ Մարսէլ նոյնպէս երաժշտութեամբ զբաղած է շրջան մը. դաշնակահար էր եւ իր զաւակներուն փոխանցած էր ո՛չ միայն հայու ոգի, այլեւ՝ երաժշտութեան հանդէպ սէրը:
Երեք տարեկան հասակին իսկ բացայայտըւած են Միշէլ Լըկրանի երաժշտական ընդունակութիւնները, երբ ան մեծ հօր տան մէջ ժամերով առանձին կը մնար հին դաշնամուրին հետ: Երաժշտութեան ճամբով ընթանալուն նպաստած է նաեւ մօրեղբօր՝ Ժագ Հելեանի երաժիշտ ըլլալը (վերջինս կրճատած է իր Տէր-Միքայէլեան մականունը՝ որդեգրելով Հելեան ձեւը)։ Յետագային Միշէլ Լըկրանի քոյրը՝ Քրիստիան Լըկրան «Ժագ Հելեան» երգչախումբին հետ պտըտած է աշխարհը եւ երգած է իր եղբօր երգերէն եւ ուրիշ երգեր: Միշէլ Լըկրանի հայրը՝ Ռայմոն Լըկրան դարձեալ անուանի երգահան էր, սակայն հօրը մասին ան այնքան ալ լաւ չէր արտայայտուեր՝ հակառակ, որ անոր հետ իբրեւ երաժիշտ աշխատած էր աւելի ուշ:
Փոքր տարիքէն Միշէլ Լըկրանը ֆրանսացի հռչակաւոր երգիչ եւ շարժանկարի աշխարհահռչակ աստղ Մորիս Շըվալիէի ուշադրութիւնը գրաւած է նաեւ, որ գուշակած է տղուն փայլուն ապագան։
Միշէլ Լըկրան Փարիզի երաժշտանոցը ընդունուած է տասնմէկ տարեկանին (1943-ին) եւ աւարտած՝ քսան տարեկանին (1952-ին)։ Անոր ուսուցիչներէն եղած է ֆրանսացի նշանաւոր դաշնակահարուհի Նատիա Պուլանժէն։ Ուսումնառութեան տարիներէն գրած է երգեր, սոնաթներ, քանթաթներ, այլ սեռի ստեղծագործութիւններ՝ դրսեւորուելով իբրեւ երգահան եւ դաշնակահար։
Իր առաջին ձայնասկաւառակը հրապարակ կ՚իջեցնէ քսաներկու տարեկանին, որ դարձած է ամենէն շատ ծախուած սկաւառակներէն մին։ Մինչեւ ֆրանսական շարժանկարի Նոր ալիքին ի յայտ գալը՝ 1960-ականներուն, Լըկրան շարժանկարային ասպարէզին մէջ աշխատելու քանի մը ապարդիւն փորձ կը կատարէ, սակայն, ի վերջոյ, անոր մուտքը այդ ասպարէզ հնարաւոր կը դառնայ՝ շնորհիւ նորագոյն բեմադրիչներուն եւ Փարիզի շարժանկարային ասպարէզին մէջ կատարուած փոփոխութիւններուն: Յետագային շրջան մը աշխատած է Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ Հոլիվուտի համար: Ան գործակցած է բազմաթիւ ժամանակակից եւ անցեալի արուեստագէտներու հետ. օրինակ՝ Մորիս Շըվալիէ, Մայլզ Տէյվիս, Ռէյ Չարլզ, Քիրի տէ Քանաուա, Ճոնի Մաթիս, Նիլ Տայմընտ, Սարահ Վոյն, Արեթա Ֆրենքլին, Սթան Կէց, Ճէյմս Կալուէյ, Արթուրօ Սանտովալ, Պարպրա Սթրայզենտ եւ այլք: Իսկ իր գործերը նուագած ու երգած են Հենրի Մանսինի, Ֆրենք Սինաթրա, Նինա Սիմոն, Ռոզմերի Քլունի եւ ուրիշներ:
Հայաստան իր այցելութիւններուն մասին Լըկրան առանձնակի յուզումով կ՚արտայայտուի: Առաջին այցը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է իր վրայ եւ այսպէս արտայայտուած է. «Ինծի համար շատ հետաքրքրական եւ յուզիչ էր արմատներուս հետ առընչուիլը։ Ես գտայ իմ ազգականներէս ոմանք։ Աշխարհի մէջ զարմանք յառաջացնող բաներէն մէկը արմատներուն դպչիլն է։ Կ՚ուզեմ ձեռքերը սեղմել բոլոր այն հայերուն, որոնց հետ կապուած ենք անքակտելի կապերով։ Հայաստանը այնպիսի երկիր մըն է, որ զանազան տեսակի ճնշումի ենթարկուած է, զանազան տեսակի ողբերգութիւններ ապրած է, սակայն ուրախալի է, որ հիմա վերածնած է: Երբ պզտիկ էի, մեծ հայրս միշտ կը պատմէր իմ հայրենիքիս մասին եւ հիմա ես հոս եմ՝ Հայաստանի մէջ: Դժբախտաբար, ես շատ քիչ ապրած եմ մեծ հօրս հետ: Ան իսկական հայ մըն էր՝ զգացմունքային, կրքոտ եւ մեծահոգի։ Կ՚ապրէր Փարիզի արուարձաններէն Անսիրի իր տան մէջ. երբեմն կիրակի օրերը զիս իրեն հետ կը տանէր Ժան Կուժոնի հայկական եկեղեցին։ Ան պատմած է Հայաստանի մասին, գիտէր հետաքրքրական դէպքեր հայոց պատմութենէն: Ան կը նուագէր սազ, ուտ եւ դաշնամուր եւ ցոյց կու տար նոթաներու այն միացումները, որոնցմով կրնայի հայկական մեղեդիներ նուագել: Մեծ հայրս նաեւ ունէր կրամաֆոն ու շատ ձայնապնակներ եւ միշտ երաժշտութիւն կ՚ունկնդրէր: Տաս տարեկան էի, երբ ան մահացաւ, բայց կը յիշեմ, որ միշտ կը խօսէր իր գիւղին, իր ընտանիքին մասին, որ մասնատուեցաւ, քայքայուեցաւ: Ան միշտ ներկայ եղած է մանկութեանս մէջ: Մեծ հայրս ինծի ձգած էր հին ու մաշած դաշնամուր մը: Քոյրս արդէն դպրոցական էր, մայրս ալ ամէն օր աշխատանքի կ՚երթար: Ես տան մէջ մինակ կը մնայի մեծ մօրս հետ, որ ոչինչ կը հասկնար: Ատիկա այնքան ձանձրալի էր, որ ես ամբողջ օրը կ՚անցընէի դաշնամուրին դիմացը եւ ատիկա զիս կը փրկէր»:
1960-ականներուն Լըկրան յանկարծ որոշեց երգել իր գրած երգերը: Կը զգար, որ բան մը կը պակսէր իր արուեստին մէջ եւ փնտռեց ու գտաւ իր ձայնը, որ նոյնպէս սիրելի դարձաւ՝ ինչպէս իր երգերը: Այս առթիւ ան ըսած է.
«Կ՚ուզէի փորձել ատիկա, ինչպէս նաեւ յաղթահարել ամօթխածութիւնս։ Քանի մը տարի հանդիսատեսին կռնակով նստած նուագելէ յետոյ որոշեցի շրջիլ եւ հանդիսատեսին հանդիպիլ դէմքով։ Ես մեծ պարգեւ մը ունիմ ներսս, մեղեդին քովս կը ծնի առանց ջանք գործադրելու: Որքան շատ կ՚ապրիմ, այնքան շատ կը սորվիմ: Որքան շատ սորվիմ, այնքան կը գիտակցիմ, որ իրականութեան մէջ շատ քիչ բան գիտեմ: Ես իմ տարիքս չեմ զգար: Անիկա ինծի համար ծանրութիւն չէ: Եթէ դուն կը զիջիս կեանքի մէջ բան մը շահելու համար, դուն ինքզինքիդ կը դաւաճանես։ Իմ բոլոր ստեղծագործութիւններս ալ սիրելի են, տարբերութիւն չկայ եւ փոխհատուցման ալ չեմ սպասեր: «Օսքար»ը ընդամէնը գեղեցիկ արձանիկ մըն է ինծի համար»:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ