ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
Կը թուի, թէ փոխուեցայ:
Ատեն-ատեն փալփլուն լոյսեր կը նշմարեմ, սակայն թեթեւ քամի մը լոյսերէն ոմանք կը մարէ: Կը մնայ քանի մը հատ:
Տարի մը եւս գլորեցաւ:
Անցեալ դարու իննսունականներուն ծնածս՝ վերածնաւ: Տակաւին երկու տարեկան եմ: Իմ հոգին, իմ հաւատքը, իմ ապաշխարութեան ուղին, դէպի կատարելութիւն իմ ձգտումը, զԱստուած ճանչնալ եւ սիրելու, անոր կամքով ապրելու, անոր նմանելու իմ փափաքը՝ երկու տարեկան է: Տակաւին մանուկ է, շատ պզտիկ: Ճիշդ փոքրիկ երեխայ մը, որ նոր սորված է քայլել. օրօրուելով կը քայլէ եւ ամէն քայլափոխին կ՚իյնայ: Կ՚ելլէ եւ կը շարունակէ իր ճամբան: Ահաւասիկ իմ հոգեւոր ուղին:
Անցաւ տարի մը: Իմ սպասուսումները չկրցայ արդարացնել: Դէպի Աստուած, դէպի կատարելութիւն տանող ուղին դժուար է ու խրթին: Այդ ճամբուն վրայ եթէ պահ մը ձգես Տիրոջ ձեռքը, անմիջապէս կը յայտնուիս զերոյական կէտին, ըսել է, թէ անդունդի եզրին: Այնտեղ, ուրկէ սկսար քայլելու, սակայն քանի մը աննշան քայլ առաջ:
21-րդ դարը արագընթաց նժոյգի մը պէս կը սլանայ: Օրերը շուտ կ՚անցնին՝ անմիջապէս կը մթննան: Երկուշաբթին չեկած, աչքդ կը թարթես՝ այլեւս կիրակի է, նոր երկուշաբթի մը ու շաբաթուան շեմին կեցած: Նոյնպէս ամիսներն ու տարիները կը թռին: Այս մէկը կը զգայ համայն մարդկութիւնը: Բոլորը կը թսթսան, ինչու չէ՝ կը գանգատին ժամանակի սրընթացութենէն:
Հոգեւոր աճի մէջ ճիշդ հակառակն է: Ժամանակը կեցած է, հազիւ տեղէն կը շարժի: Իմ շուրջիններու սպասումները նոյնպէս աւելին է ինձմէ: Անոնց համար անտեսանելի են աննշան փոփոխութիւնները: Ինձմէ ո՛չ անոնք գոհ են, ո՛չ ալ ես:
Միեւնոյն ժամանակ կը գիտակցիմ՝ կաթիլ-կաթիլ կ՚ըլլայ ծով: Տակաւին շատ պզտիկ եմ՝ երկու տարեկան: Այս տարիքիս կը ջանամ սերտել հոգեւոր այբուբենը, տարրական գիտելիքներ կը ստանամ: Ամբարած եմ բաւական գիտելիքներ, այլեւս տարրական անգրագէտ մը չեմ: Սակայն չեմ գիտեր, չեմ կրնար գործածել այդ գիտելիքները: Երբեմն կը ծուլանամ, երբեմն կը մոռնամ, կը խուսափիմ, երբեմն ալ բարկութեան, տխրութեան հողմը կը սրբէ ու կը տանի ամէն բան:
Իմ հոգին հանգիստ չէ, անընդմէջ կ՚ահագնանայ: Փոթորկած ներաշխարհս դժուարութեամբ կը խաղաղի: Հոգւոյս մէջ բոյն հիւսած խաւարը ցրուելը խրթին է: Ժամանակ առ ժամանակ կը յայտնուի լոյսը: Սակայն ես անկարող կը գտնուիմ վերջինս երկար պահելու: Որքան շատ կը շփուիմ մարդոց հետ, այնքան կը շատնայ խաւարը: Լռութիւնը, ինքզինքիս հետ մինակ մնալը կը ցրուէ խաւարը:
Սիրահարած եմ մեղքին, բարկութեան, անհամբերութեան: Այս երեք չարիքէն պոկուիլը գրեթէ անհնարին է: Տէր իմ, կ՚աղաչեմ, օգնէ ինծի չսիրել մեղքը:
Իմ նպատակն էր 2022 թուականին մասամբ ազատուիլ բարկութենէն: Աւա՜ղ, տապալեցայ: Կը զգամ, վերջերս գլուխ բարձրացուցին անհամբերութիւնն ու անհանդուրժողականութիւնը: Իմ մէջ արմատացած այս չարիքները կը տանջեն զիս՝ անդադար արդարացնելով իմ բոլոր սխալները: Շուտով կը հանդիպիմ լոյսին՝ գլխիկոր կը կենամ. «Կը ներես, այս անգամ ալ ձախողեցայ: Չկրցայ ինքզինքս զսպել: Տակաւին անկարող եմ: Ախր, շատ դժուար է...», արդարացումներ, արդարացումներ...
2022 թուականի ամրան աւարտին՝ Բերձոր, Աղաւնոյ եւ Սուս գիւղերու յանձնումի բօթը առնելէն ի վեր, մեր ընտանիքի մէջ գեղեցիկ աւանդոյթ մը ձեւաւորուեցաւ՝ ճաշէն առաջ եւ ետք աղօթել, Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնել մեզի շնորհած հանապազօրեայ հացին համար: Աւա՜ղ, չսորվեցայ զսպել իմ բարկութիւնը: Նորեկ տարիին այն կը շարունակէ մնալ իմ օրակարգին մէջ: Այս տարի նոյնպէս պիտի ջանամ ազատիլ իմ այս արատէն: Կարծես չարը կեդրոնացած ըլլայ իմ անձին վրայ: Իւրաքանչիւր քայլափոխիս կը փորձէ խանգարել, կամ շեղել զիս: Դժուար պայքարի մը մէջ մտած եմ: Սակայն պիտի շարունակեմ մաքառիլ դէպի լոյսը: Վստահ եմ՝ պիտի յաջողիմ, քանզի ինծի հետ է մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը: Տիրոջ օգնութեամբ պիտի հասնիմ իմ բաղձալի նպատակին: Դէպի կատարելութիւն ճանապարհը խրթին է նաեւ այնքանով, որ յաճախ կ՚առերեսուիս քու սեփական փոքրոգութեան, մանր ու միջին մեղքերուն: Քու բոլոր արատներդ զգացնել կու տան իրենց մասին: Անդադար կ՚աղաղակեն՝ ես այստեղ եմ: Շուտ վազէ՛, եթէ կրնաս բռնէ զիս, դուրս նետէ քու կեանքէդ: Ախր, այնքան շատ են: Աղմուկը այնքան շատ է: Գլուխդ կը դառնայ, չես կրնար տեղէդ շարժիլ: Սիւնի պէս կը կենաս, կը շշմիս: Հազուադէպ կը յաջողիս հասնիլ անոնցմէ մէկուն ետեւէն՝ բռնել ու ճզմել սեփական ոտքերուդ տակ: Տիրոջ կամօք պիտի յաջողիմ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան