ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՄԵՐԳԱՇԱՐ

Սեփական լրատուութիւն.-

«Ոմանք» այլընտրանքային երաժշտութեան խումբը ներկայիս այցելութիւն մը կու տայ դէպի Հայաստան։ Երեւանի, Կիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ նախատեսուած են համերգներ։ Մեծամասնութեամբ թրքահայ արուես ըաբերմունքի կ՚արժանանայ Հայաստանի մէջ։ Շաբաթավերջին Երեւանի եւ Կիւմրիի մէջ տեղի ունեցած համերգները առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Վաղն ալ խումբը հանդէս պիտի գայ Վանաձորի մէջ։

Մինչ այդ, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութենէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Ոմանք»ի անդամներուն մամլոյ ասուլիսը։ Արուեստագէտները զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցեցին՝ դէպի Հայաստան ուղեւորութենէն իրենց ակնկալութիւններուն եւ ընդհանուր տպաւորութիւններու մասին։ Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էր նաեւ համերգաշարի կազմակերպիչներէն Սեւան Աթաօղլու։

Այս շրջագայութեան ընթացքին «Ոմանք» կը ծանօթացնէ իր նոր ալպոմը, որ կը կոչուի «ԲանԱլիք»։

Վաղուան թիւով աւելի մանրամասն կարդալ՝ «Ոմանք»ի ուղեւորութեան մասին։

Երկուշաբթի, Յունիս 11, 2018