ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԱՊԵՏ (27 Օգոստոս 1932 – 29 Յունիս 1999)
29 յունիս 1999 թուականին այս աշխարհին իր աչքերը յաւէտ փակեց վերջին հարիւրամեակի հայոց պատմութեան նշանաւոր դէմքերէն, մեծագոյն հոգեւորականներէն ու աստուածաբաններէն մէկը՝ գրջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Քէսապցի Ամենայն Հայոց Հայրապետը: Արդարեւ, թէ՛ Անթիլիասի եւ թէ՛ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ձգած իր աւանդը աւելի քան խօսուն է, որու արձագանվները մինչեւ մեր օրերը կը լսենք բազմաթիւ հոգեւորականներէ ու աշխարհականներէ, որոնք առիթ ունեցած են շփում ունենալու Հայրապետին հետ, իսկ այդ շատերէն որոշակի հատուած մը՝ ճանչնալու ու հասկնալու զինք:
Գարեգին Ա.-ի մասին շատ բան կարելի է ըսել, գրել ու խօսիլ: Սակայն, եթէ փորձենք մէկ կամ երկու բառերով բոնորոշել գրջանկայիշատակ Հայրապետը, ապա կրնանք պարզապէս ըսել՝ ՄԵԾ ՀԱՅը, ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆը:
Այս գրութեամբ նպատակս չէ ներկայացնել Գարեգին Ա.-ի կեանքն ու գործունէութիւնը, այլ՝ ընթերցողներուն պիտի ներկայացնեմ փունջ մը մտածումներ ու մտորումներ գրջանկայիշատակ Հայրապետէն:
- Մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի մասին կը գրէ.
• Ըստ Աւետարանին՝ Քրիստոսի անձը Ինք ուսուցանող անձ մը չէր որպէս Իր մտածումներէն ճշմարտութիւնները արտաբերող, հռչակող եւ բանաձեւող վարդապետ մը, իմաստուն մը, մարգարէ մը, ինչպէս էին բոլոր դպիրները ու րաբբիները Քրիստոսի ապրած ժամանակին եւ կամ եղած էին յոյն իմաստասէրները Իրմէ առաջ: Քրիստոս Ինք Իր անձը տուաւ որպէս ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք: Ուրիշ խօսքով, Ինք որպէս անձ գերազանց եւ անգերազանցելի քարոզն էր Իր ուսուցած ճշմարտութիւններուն եւ սկզբունքներուն: Տեսաբան չէր ան: Իմաստասէր մը ըլլալէ շատ հեռու էր: Ճշմարտութիւնը մարմնացած էր Իր անձին մէջ: Չկար զատորոշում, անջատում Իր անձին եւ Իր ուսուցումներուն միջեւ: Որ ետես զիս՝ ետես զՀայրն Իմ1 կ՚ըսէր Ան: Աւելի անդին ալ անցնելով եւ Իր անձէն բխող գործերուն, Իր ճշմարտութեան աւելի շօշափելի նկարագիր տուող արտայայտութիւններուն, այսինքն՝ Իր կատարած գործերուն ակնարկելով, կ՚աւելցնէր.
«Եթէ ոչ գործեմ զգործս Հօր Իմոյ, մի՛ հաւատայք Ինձ: Ապա թէ գործեմ, թէեւ Ինձ ոչ հաւատայք, սակայն գործոցն հաւատացէք, զի գիտասջիք եւ ծանիջիք եթէ Հայր յիս եւ Ես ի Հայր»2:
- Քրիստոսի եւ Հայ ժողովուրդի մասին կը գրէ.
• Սիրելի՛ք,
Հայ ժողովուրդը, որուն այսօրուան զաւակները ըլլալու պատիւն ունինք բոլորս անխտիր, միշտ իր կեանքը ապրեցաւ ժամադրութեամբ ընդ Քրիստոսի: Պարզ խօսքով՝ ան իր մէջ կենդանի, ներգործօն պահեց յարութեան հաւատքը: Ուրիշ անգամ ըսած ենք, բայց պարտք կը զգանք դարձեալ յիշեցնելու ձեզի, որ Հայոց աշխարհը միշտ «Գեթսեմանի» ու «Գողգոթա», «Խաչ» ու «թաղման պարտէզ», «փշեպսակ» ու «պատանք» չեղաւ: Այդ բոլորն ըլլալով հանդերձ՝ ան եղաւ նաեւ «Թաբօր լեռ» ու «Գալիլիա», ուր Յարուցեալ Յիսուս «ժամադիր» եղաւ մեզի…:
Մենք հաւատարմօրէն պահեցինք այդ ժամադրութիւնը, որ կեանք ներշնչեց գերեզմանուելու պայմաններուն յաճախ ենթարկուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն, յոյս հոսեցուց մահուան վտանգէն այնքան յաճախ այցելուած մեր սիրտերուն, լոյս ցնցուղեց հայոց «մթնած երկինք»էն Լուսաւորչեան հաւատքի շողակաթումով…: Այդ ժամադրութիւնը պահեցինք մանաւանդ մեր պատմութեան ամենէն տխուր, յուսահատեցուցիչ, խաւարամած շրջաններուն, հեթանոսութեան խաւարը փարատելով զօրութեամբը Առաքեալներու եւ Լուսաւորչի լոյս-հաւատքին, խափանելով օտարացման արհաւալից վտագնը Մեսրոպեան Գիրին անժանգելի պայծառութեամբը, խորտակելով Յազկերտեան սպառնալիքը Վարդանեան սուրով, եւ դեռ այսպէս դարե՜ր, դարե՜ր քալելով մինչեւ Տէր-Զօրները Սարդարապատի վերածելու աստիճան…:
- Քարոզախօսութեան մասին կը գրէ.
• Առաջին իսկ հերթին, յստակ կերպով պէտք է հասկցուի որ քարոզախօսութեան նպատակը հաւատացեալներու հոգիներու մշակումն է, նկարագրի կերտումը քրիստոնէական հաւատքի ոգիովն ու տարրերովը: Քարոզին բուն նպատակը Քրիստոսի անձին, քրիստոնէական ճշմարտութեանց, աւետարանական ուսուցումներու մասին գիտելիքներ հայթայթելուն, ծանօթութիւններ տալուն մէջ չի կայանար: Հոգեկերտումի, հոգեխնամութեան հայեցակէտով պէտք է ըմբռնուի քարոզի նպատակը: Ասոր մէջ բնականօրէն տեղ կը գրաւէ ուսուցողական տարրը. բայց ան պէտք չէ բռնէ կեդրոնական տեղը. պէտք է ըլլայ օժանդակ տարր մը հոգեխնամութեան գործին համար։ Անխուսափելիօրէն, քարոզիչը ծանօթութիւններ պիտի փոխանցէ հաւատացեալներուն: Բայց իր քարոզը անոնցմով խճողուած կամ տիրապետուած պէտք չէ ըլլայ: Ի վերջոյ, քարոզը դասախօսութեան կամ բանախօսութեան հետ պէտք չէ շփոթել:
• Քարոզախօսութիւնը քարոզիչին անձնական հաւատքին վկայութիւնն է: Այս է սկզբնական, հարազատ ըմբռնումը քարոզի բնոյթին: Քրիստոսի առաքեալները իրենց հաւատքով եւ կեանքով վկայեցին Քրիստոսի մասին: Անոնք չխօսեցան գիրքերէն մեկնելով: Պատմեցին, բացատրեցին, հռչակեցին այն ինչ որ տեսան եւ լսեցին:
- Քրիստոնէական բարոյագիտութեան մասին կը գրէ.
• Քրիստոնէական բարոյագիտութիւնը Քրիստոսի վարդապետութեան սկզբունքներուն վրայ խարսխուած մարդկային արարքներու յատուկ գիտութիւնն է:
Բարոյագիտութիւնը, ստուգաբանականօրէն, կը նշանակէ բարոյքի գիտութիւն. իսկ «բարոյք» դասական հայերէնի մէջ կը նշանակէ՝ մարդկային կեանքին յատուկ, բարի կամ յոռի նկարագրով արարք:
Արդ, բարոյագիտութիւնը խորապէս մարդկային կեանքի գիտութիւնն է. կեանքին նպատակը, ընթացքը, ուղին ցոյց կու տայ, կը պարզէ: Իսկ քրիստոնէական բարոյագիտութիւնը քրիստոնեայ մարդուն կեանքին ուղեգիծը ճշդող գիտութիւնն է, Քրիստոսի կեանքի օրինակին վրայ մարդկային կեանքը կաղապարող, փորձող՝ համաձայն անոր ուսուցած ճշմարտութիւններուն եւ օրէնքներուն: Հետեւաբար, ան չի նկարագրեր կեանքը, այլ կը սահմանէ կեանքին ընթացքը, այլ բացատրութեամբ՝ չի պատմեր, թէ մարդեր ինչպէ՞ս կ՚ապրին, այլ կը բացատրէ, թէ մարդեր ինչպէ՛ս պարտին ապրիլ եւ որպէս օրինակ ցոյց կու տայ Քրիստոսի կեանքը:
Արդ, տրուած ըլլալով, որ մարդկային կեանքին նպատակը այս աշխարհի մէջ բարին իրագործել է, երջանկութեան հասնիլ է, Աւետարանական բացատրութեամբ՝ Երկիքնի Արքայութիւնը մեր մէջ ստեղծել է, ուստի բարոյագիտութիւնը էապէս բարիի գիտութիւնն է, առաքինութեան ուսումը, երջանիկ կեանքին արուեստը:
- Կեանքի մասին կը գրէ.
• Կեանքը, իր խորունկ իրականութեան մէջ, անգիտակից դիպուածներու, շարժումներու շարայարութիւն մը չէ երբեք, այլ մտածուած բանաւոր եւ պատճառաւոր շարժումներու դրութիւն մը: Եւ յաճախ աշխարհի եւ մարդերու ոյժերուն դիմաց՝ դիրքաւորում մը անհատին կողմէ, բայց մանաւանդ ներքին եւ արտաքին աշխարհներէ եկող չար ոյժերու դիմաց պայքար մը, պատերազմ մը եւ կամ փոթորկոտ ծովուն մէջ նաւարկութիւն մը: Պօղոս Առաքեալ, քրիստոնէական վարդապետութեան մեծագոյն դէմքերէն մին, այսպէս կ՚ըմբռնէ կեանքը երբ կ՚ըսէ.
«Զբարւոք պատերազմ պատերազմեցայ»3:
Եւ կը հրահանգէ հաւատացեալներուն.
«Զնոյն պատերազմ ունել՝ զոր յիսն տեսէք եւ այժմ լսէք յինէն»4:
- Երջանկութեան մասին կը գրէ.
• Մարդկային կեանքին համար, ամենէն կենսական եւ զօրեղ ձեւով փափաքուած իրականութիւնը երջանկութիւնն է: Հոգիի այն վիճակը՝ ուր մարդ ինքզինք կը զգայ խաղաղ, գոհունակ եւ լեցուած այնպիսի զգացումներով, որոնք իրեն խղճի խայթը չեն տար: Նոյնիսկ տառապանքը այն մարդուն, որ անձնասպանութեան կը մղուի, խորքին մէջ՝ տառապանքէ խուսափումով, ձերբազատումի ճիգով երջանկութիւնը մահուան մէջ կը փնտռէ եւ կը յուսայ զայն գտնել:
- Եկեղեցւոյ դպրանոցներու եւ կրթօճախներու մասին կը գրէ.
• Մի՛ մոռնաք, որ մեր պատմութեան մէջ մեր եկեղեցւոյ դպրանոցները հրաշքներ են գործած: Պահ մը մտածեցէք. ի՞նչ պիտի ըլլային մեր եկեղեցին, մշակոյթն ու ազգը առանց Վաղարշապատեան դպրոցին, Սիւնեաց վարդապետարանին, Նարեկայ եւ Գետկայ վանքերուն, Հաղբատի եւ Սանահինի դպրանոցներուն, Տաթեւի եւ Գլաձորի «համալսարան»ներուն, Շուղրի Կարմիր վանքին եւ կամ Սկեւռայի ու Դրազարկի ուսումնարաններուն, եւ՝ վերջին ժամանակներուն՝ Գէորգեան Ճեմարանին, Արմաշի Դպրեվանքին եւ Սսոյ հոգեւոր վարժարանին, իսկ՝ մեր օրերուն՝ Ս. Էջմիածնի Հոգեւոր Ճեմարանին, Երուսաղէմի Ժառանագաւորացին ու Անթիլիասի Դպրեվանքին…: Ի՜նչ ամայութիւն պիտի տիրէր մեր պատմութեան մէջ, եթէ չըլլային հոգիի ու մտքի այս ովասիսներն ու ծաղկաստանները…:
- Հայ Գիրքը որպէս հայուն ճանապարհը մատնանշելով, կը գրէ.
• Ո՞ւր կը գտնէք հայ կեանքին հայկականութիւնը: Ո՞ւր կը հանդիպիք հայ հոգիին հայեցիութեան:
- Ձեռագիրներուն մէջ հազար-նիւթեան եւ հազար-գունեան:
- Ձեռագիրներէն եւ անոնց ժառանգորդ՝ «Տիպ ու Տառ»ի մարմնացումներէն վերյառնող եւ յաւերժակենցաղ Մեսրոպներով՝ ճշմարտախոյզ եւ ճշմարտաբառ,
Եղիշէներուն մէջ՝ դիւցազնաշունչ եւ նախանձավառ,
Եզնիկներուն մէջ՝ իմաստաբան եւ շնորհագիր,
Խորենացիներուն մէջ՝ հայրենապաշտ եւ խորիմաստ,
Դաւիթ Անյաղթներուն մէջ՝ ճախրագնաց եւ հռետորաբան,
Շիրակացիներուն մէջ՝ տիեզերախնդիր եւ տրամաբան,
Նարեկացիներուն մէջ՝ հոգեսոյզ եւ ներհայեաց,
Շնորհալիներուն մէջ՝ աղօթամրմունջ եւ մեղեդիաբարբառ,
Տաթեւացիներուն մէջ՝ լիաբան եւ ջատագով,
Քուչակներուն մէջ՝ ժողովրդախօս եւ տաղասաց,
Սայաթ Նովաներուն մէջ՝ կենսանուագ եւ սիրերգակ,
Աբովեաններուն մէջ՝ հայրենախանձ եւ ռամկախօս,
Դուրեաններուն մէջ՝ զուարթաբան եւ սրատես,
Րաֆֆիներուն մէջ՝ արթնաշեփոր եւ մարտունակ,
Զօհրապներուն մէջ՝ իրապաշտ եւ ռահագնաց,
Ահարոնեաններուն մէջ՝ հայրենագիւտ եւ ազատատենչ,
Մեծարենցներուն մէջ՝ մելամաղձոտ եւ հեզաշունչ,
Վարուժաններուն մէջ՝ բարձրաթռիչ եւ լուսերգակ,
Թէքէեաններուն մէջ՝ խորահայեաց եւ կշռադատ,
Օշականներուն մէջ՝ մտամրրիկ եւ յորդաբուխ,
Զարեաններուն մէջ՝ պայծառակերպ եւ վեհացնող,
Չարենցներուն մէջ՝ բոցավառ եւ հեղեղագնաց,
Սեւակներուն մէջ՝ խորհախորհուրդ եւ նորաշունչ,
Եւ դեռ այնքա՜ն-այնքա՜ն ուրիշներուն մէջ, շիրիմէն անդին եւ ասդին, երկնքի մէջ լուսաւորեալ եւ երկրի վրայ դեռ զինուորեալ՝ յոլովարժէք եւ կենսախայտ:
Այո՛. հո՛ս է հայու հոգին. այս անուններուն եւ անոնց հարիւր հարիւր նմաններուն մէջ՝ այլանուն բայց համազգանուն:
Այո՛, ընդունեցէ՛ք, այս անուններով մկրտուած գիրքերուն մէջէն կ՚անցնի ճանապարհը հայուն, դարերու հանգրուաններով եւ գալիքի դեռ անծանօթ հորիզոններով: Պահ մը երեւակայեցէք որ չկան այս անունները եւ անոնցմով կնքուած եւ կենսաւորուած մատեանները: Ո՞ւր կը գտնէք հայ կեանքը ի խորութեան, ի լայնութեան եւ ի բարձրութեան: Օշականը իր սիրտը պատռելու աստիճան եւ գրչին մելանը սպառելու գնով կ՚ըսէր.- գրականութեան մէջ կը փրկուի կեա՛նքը, եւ երբ գրականութիւն մը վկայութիւն մը չէ կեանքէն, չէ ներթափանցուած կեանքով, չի բաբախեր ապրուած բաներու տրոփով, անհոգի գոյութիւն մըն է, նման հոգեզուրկ եւ անշունչ մարմնի մը, որուն ուրիշ անուն կու տանք…:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
1 Յհ 14.9:
2 Յհ 10.37-38:
3 Բ. Տմ 4.7:
4 Փլպ 1.30: